Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակի նշումը Քեպէգ քաղաքին մէջ

Հովանաւորութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, Շաբաթ, 27 Ապրիլ 2019-ի առաւօտուն, Հոգեհանգստեան արարողութեամբ ու Սուրբ եւ Անմահ Պատարագով նշուեցաւ հայ ազգային երաժշտութեան հիմնադիր, հայու հոգին երգով ու երաժշտութեամբ վերծնած՝ անկրկնելի Կոմիտաս Վարդապետին ծննդեան 150-ամեակը:

Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանային Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Վարդապետ Թաշճեան, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան, Ազգ. վարչութեան անդամները, Ազգային պատգամաւորներ, երեսփոխաններ, հոգաբարձուներ, բարերարներ ու բարեկամներ: Ներկայ էր նաեւ Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Արա Մկրտչեանն ու Քեպէգի հայ բնակչութեան ներկայացուցիչներ:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու ներկաները առաջին հերթին համախմբուեցան Կոմիտաս Վարդապետի կիսանդրիին շուրջ, որ կը գտնուի Քեպէգի «Բանաստեղծներու զբօսայգի»ին մէջ, եւ այնտեղ կատարեցին Հոգեհանգստեան արարողութիւն: Այնուհետեւ, «La Chapelle Montmarte Canadien» եկեղեցւոյ մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մատուցեց Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ:

Իր պատգամին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը Հայրը ողջունեց ներկաները, գնահատեց ոգեկոչական սոյն նախաձեռնութիւնը՝ դրուատելով կազմակերպիչներուն նուիրեալ ծառայութիւնը:

Վեր առնելով հայ երաժշտութեան հանճարին՝ Կոմիտաս Վարդապետի դերն ու տեղը հայ հոգեւոր ու ազգային երաժշտութեան զարգացման մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց. «Հայ ժողովուրդը Կոմիտասեան երգով ճանչցաւ իր հոգին եւ ինքնութիւնը: Ան հայ երաժշտութիւնը բարձրացուց միջազգային բեմ, ապացուցելով որ հայ ժողովուրդը ունի իր ինքնուրոյն մշակոյթը եւ հայ երաժշտութիւնը համաշխարհային երաժշտական մշակոյթի հպարտութիւններէն է»:

Անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակին, Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ Կոմիտաս Վարդապետ եւս իր կարգին, զոհ դարձաւ հայ մտաւորականութիւնը հարուածած ցեղասպանական ոճիրին, ապրելով աքսորի ու տարագրութեան դժուարութիւնները. «Թէեւ Կոմիտաս փրկուեցաւ թուրքի եաթաղանէն, բայց կորսնցուց իր հաւասարակշռութիւնը, իսկ հայ ժողովուրդը կորսնցուց մշակութային անսպառ գանձ մը», շեշտեց ան:

Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամը եզրափակեց կոչ ուղղելով ներկաներուն, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման այս օրերուն հաստատենք ու վերանորոգենք մեր հաւատքն ու յանձնառութիւնը՝ հաւատարիմ մնալու մեր եկեղեցիին ու մեր ազգին, կոչ յղեց, որ որպէս ժառանգները Կոմիտաս Վարդապետին, քալենք անշեղ, բարձր պահենք հայ ազգի ջահը եւ պահապանը ըլլանք մեզի ժառանգուած հարստութեանց։

Յանուն Քեպէգ քաղաքի հայ բնակչութեան, տիկին Սեդա Թէլեան շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին եւ շնորհաւորեց անոր քահանայական օծման ու ձեռնադրութեան 35-ամեակը:

Ս. Պատարագէն ետք, ներկաները համախմբուեցան սիրոյ սեղանի մը շուրջ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.