ԿԻ ՈՒԷԼԷԹԻ ԱՅՑԸ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

Ուրբաթ, 26 Նոյեմբեր 2021-ին, Քէպէգի Ազգային Ժողովի անդամ յարգարժան Կի Ուէլէթ այցելեց Ազգային Առաջնորդարան եւ հանդիպում մը ունեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Գանատայի ու Քէպէգի կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց Պրն. Ուէլէթին վաստակ՝ տարիներու ընթացքին հայ գաղութին ցուցաբերած իր զօրակցութեան համար եւ շնորհաւորեց անոր 70-ամեակը, մաղթելով առողջ տարիներ եւ քաղաքական բեղուն գործունէութիւն։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.