Կեանքի հիւլէները միաձուլող ոսպնեակը
Վահագն Գարագաշեան
2022-ին հրապարակուեցաւ արուեստագէտ Նարեկ Յարութիւնեանի լուսանկարչական Photaura հատորը, որուն 345 էջերուն մէջ ամփոփուած են տարիներու ընթացքին Նարեկի նորարական արուեստի ոճով լուսանկարները։ Նշենք, որ Նարեկը հիմնադիրն է Նարեկացի Արուեստի Միութեան։ Ստորեւ հատորին եւ հեղինակի արուեստին մասին Վահագն Գարագաշեանի գրախօսականը։
*
Լուսանկարչութեան արուեստին պատկանող այս ալպոմը, տարբեր է միւս-ներէն։ Այս գործը, դասական արուեստէն դէպի անդրանձային անհունները ճանա-պարհորդութիւն մըն է եւ հեքիաթային այդ բանահիւսութեան մէջ Նարեկի պատ-կերներու տիպարներուն ու պահերուն հետ ներկայ է եւ գործողութեանց մասնա-կից է նաեւ դիտողը։
Այստեղ արուեստի իւրաքանչիւր գործ իր մէջ կը պարփակէ լոյսն ու կեան-քը միաձուլող արձագանգ մը։ Անոնց մէջ անշարժացած ակնթարթներ կան, որոնք դիտողին աչքով կրնան երկրային ու երկնային բազմազան այլ պահերու վերա-փոխուիլ։ Աւելին՝ ոգեղէն շունչը, գոյներու ներդաշնակ տարաբաշխումը եւ ան-շարժացած պահը՝ մեզ կը փոխադրեն դէպի ծաւալող անջրպետ մը, ուր ներկայի, անցեալի եւ ապագայի ժամանակի հասկացողութիւնը՝ անզօր կը դառնայ իրա-կանին ու իմաստին դիմաց։
Գեղեցկութեան ցայտող փրփուրներ են Նարեկի արձանագրած նկարներու ամէն մի հիւլէ, փրփուրներ, որոնք մերթ կ՚ալեկոծին, մերթ կը տառապին, կ՚աղերսեն, կը ծլին, կը ժայթքին ու կ՚երգեն…
Ահա «պարուհին», որուն շուրջ տիեզերքը իր անսահմանութեամբ պար բռնած է։ «Հրեշտակներ»ը իրենց թեւերը տարածած՝ երկնային հոգեպարար բարձրացումի (elevation) տարերքի մէջ են։ Շրջապատի գոյութենական բոլոր շեր-տերը ճեղքելով՝ սլացող գոյները «իշխանուհի»ի էութիւնը վեր կը բարձրացնեն դէ-պի անհունը, այնտեղ, ուր դիտողին մտքին մէջ արդէն ստեղծուած ու կերտուած է աննիւթեղէն բայց գեղեցիկ հասնումի վայրը…
Մերժելով լուսանկարչութեան դասական ուղեգիծը, արուեստագէտը իր ստեղծագործութիւններուն կու տայ նոր եւ տարբեր կազմախօսութիւն (anatomy) մը, որ իրողութեան մէջ հոգեբնախօսական (psychophysiologique) է։ Արուեստագէ-տի ոսպնեակին մէջ առկայծող իւրաքանչիւր հիւլէ կը միաձուլուի ժամանակի ու տարածութեան մէջ եւ կը ստեղծէ անդիմադրելի ուժականութիւն մը, որ իւրաքան-չիւրիս տեսողական զգայարանքի ըմբռնումի (perception) շրջագիծը կ՚ընդլայնէ, կը բազմապատկէ ու վերջապէս մեզ կը մղէ, որ մտովին խորասուզուինք կեր-տուող գեղեցիկին մէջ։
Լուսանկարիչը այստեղ անտարակոյս որ գիտակից է գեղեցկութեան էա-բանութեան եւ իր գործերու համընդհանուր պարունակին մէջ հմտօրէն կը շաղ-կապէ ու կը զօդէ յօրինուածքի տարրերը, շարակարգութիւնը (composition), ձեւն ու ոգին, որոնց միաձուլումով կը ստեղծուի դէպի գեղեցկութիւն իմացական թռիչ-քը։
Նարեկի այս հատորին մէջ կը տրոփէ իր սիրտը, որ իրականութեան մէջ իւ-րաքանչիւրիս սրտի բաբախումն է։ Ի վերջոյ, արուեստագէտ մը իր անձէն դուրս՝ թարգմանն է նաեւ համայն մարդկութեան իղձերուն ու երազներուն։
Նարեկի ստեղծագործութիւններու այս փունջը նորօրեայ խիզախութիւն մըն է, կամուրջներէն անդին ու գագաթներէն վեր, ուր գեղեցկութեան ոգին կը թաւալի իբրեւ համանուագ ու կը նուաճէ էութիւնդ։
Comments are closed.