Կեանքէն հեռացաւ 107-ամեայ մուսալեռցի վերապրող Յովհաննէս Պալապանեանը

Էջմիածնի մէջ մահացած է 107-ամեայ մուսալեռցի վերապրող Յովհաննէս Պալապանեանը։ Այս մասին ֆէյսպուքի վրայ կը հաղորդեն իր հարազատները։

2017-ին «Հորիզոն»ի աշխատակից Կարինէ Աւագեանը հարցազրոյց կատարեց Յովհաննէս Պալապանեանի հետ, իսկ «Բարս Մեդիա» ընկերութիւնը նկարահանած է Պալապանեանի հետ կայացած հարցազրոյցը։

Ստորեւ 2017-ին կայացած Յովհաննէս Պալապանեանի հարցազրոյցը «Հորիզոն»ի հետ։

«Իս պիթիասցոյ ըմ, Պիթիուս ծնուծ, Պիթիուս ապրուծ…»

Յաղթական մուսալեռցիներէն քիչերը  այսօր կ´ապրին. այդ նշխարներէն մէկը` 106 տարեկան Յովհաննէս Պալապանեանը, կ´ապրի Էջմիածինի մէջ: Մեր աշխատանքային խումբը, Գանատայի «Հորիզոն» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեանի գլխաւորութեամբ, այցելեց Էջմիածին, ուր մեզի դիմաւորեցին  Յովհաննէս Պալապանեանի աղջիկն ու փեսան. Յովհաննէս պապիկը մեզի կը սպասէր կամարաձեւ շինութեան ներսը: Աղջիկը` Պիաթրիսը ըսաւ , որ, լսելով մեր այցելութեան լուրը, պապիկը առտուն կանուխէն պատրաստուած էր, նստած  իր սիրած անկիւնը եւ անհանգստանալով կրկնած, թէ ե՞րբ կու գան…չեմ գիտեր` ինչպէս, ինչ բառերով նկարագրել այն ուրախութիւնն ու յուզմունքը, որ պատած էր ժողովուրդիս  պատառ մը նշխար, դարէ աւելի ապրած ծերունիին, որ, ի դէպ, գրեթէ կնճիռներ չունէր  մանկական դիմագիծով, սպիտակ ու վարդագոյն մաշկով գեղեցիկ, ազնուափայլ դէմքին…ծայր առաւ  երկար ու հաճելի զրոյց մը. առանց  փոքրիկ դրուագ մը անգամ շրջանցելու` Յովհաննէս Պալապանեան պատմեց իր կեանքի ողջ պատմութիւնը` հայու պատմութիւնը, քաջ մուսալեռցիներու պատմութիւնը:

«Ես ծնած եմ Պիթիաս`  հրաշք վայրի մը մէջ. ծովէն ամենահեռու տեղն էր այն, մեր գիւղէն վերջ կու գային միւս գիւղերը` Պիթիասը, Եողընոլուքը, Խտըրպակը, Վաքըֆը, Քապուսէին: Ին՜չ սառնորակ աղբիւրներ կային մեր գիւղին մէջ, ի՜նչ համեղ միրգեր…ես 1939 թուականին 29 տարեկան էի, երբ ելանք Մուսալեռէն: 1919 թուականին, երբ  պատերազմը վերջացաւ, հայ կամաւորներուն տարին Ատանա, հայրս ալ  կամաւոր էր. Ատանայէն ետք  կամաւորները ոտքի ելան եւ ըսին, որ եթէ մինչեւ  մայիս 1 իրենց  չազատեն, իրենք կը փախչին բանակէն: Պատերազմէն ետք  սրբազան մը եկած է, ելոյթ ունեցած տղաներուն մօտ եւ ըսած, որ` մենք պարտէզ  սարքած ենք, ծառ  տնկած, հասունցած պտուղը, պիտի վայելենք…կամաւորները ըսած են, որ իրենք 4 տարի ծառայած են բանակին մէջ, թող իրենցմէ ետք  եկողները վայելեն այդ պտուղները եւ պնդած են, որ մինչեւ մայիս 1 պէտք է իրենց ազատեն բանակէն, հակառակ պարագային`  կը լքեն բանակը: Այնուհետեւ սկսած են գրել, պատրաստել հայ կամաւորներու փաստաթուղթերը: Կամաւորներն իրենց զինուորական հագուստներով դուրս կու գան, կ’ուղղուին դէպի  Մուսալեռ եւ կը հասնին մեր Պիթիաս գիւղը: 1919 թուին կը յայտարարեն, որ պատերազմը վերջացած է, եւ աքսորեալներն ալ կրնան վերադառնալ իրենց բնակավայրերը: Հօրական ու մօրական պապերս նոյնպէս աքսորուած եղած են թուրքերուն կողմէ. անոնց տարած էին Համա քաղաք, ուր 4 տարի մնալէ ետք վերադարձած են: Հայրս վերադարձած է բանակէն, մայրս ալ `աքսորավայրէն: Ֆրանսացիները Փորթ Սայիտի մէջ եղածներուն առաջարկած են ապրիլ Ֆրանսայի մէջ, ըսած են, որ  Մուսալեռ անունով  բնակավայր մը կը սարքեն, եւ մուսալեռցիներուն կու տան, սակայն մուսալեռցիները չեն համաձայնած ըսելով, որ իրենք կը ցանկան իրենց հողին ու տուներուն տէր կանգնիլ: 1919 թիւէն մինչեւ 1939 թիւը ապրած են այնտեղ: 1938-ին  թրքական զօրքերը կը մտնեն Անտիոք քաղաք. Կ’ըսէին, որ Սանճախը` Սուրիային կից այդ նահանգն ալ պիտի  վերցնեն: Թուրքերը վերցուցին նաեւ Սանճախը: Մինչեւ 1935 թուական Հալէպէն միշտ կու գային մեր գիւղին մէջ օդափոխուելու, սակայն 35-էն յետոյ այլեւս չեկան, որովհետեւ թուրքերը հարկ դրած էին եւ մուտքի ու ելքի վիզա կը պարտադրէին: Մեր դպրոցներուն թրքական ալֆապէթ բերին  բաժնեցին, բայց դասատուներ չկային. ուզեցին մեր գիւղ վարժապետներ բերել, բայց թրքական գիրքերը կարդացող ալ չկար…1939 թ. Վարդավառին հեռացանք մուսալեռէն, սահմանն անցանք: Թուրքիոյ նաւը` Թուրքիոյ դրօշը գլխուն, 7 անգամ  մեզի բերաւ տարաւ, մեր իրերը տարին նաւով: Մենք անասուններ ունէինք, ուստի ոտքով գացինք, հասանք Քեսապ: Մօտակայքը ուրիշ գիւղի մը մէջ հօրեղբօր տղաներ ունէինք, այդ գիւղին մէջ կանգ առինք, գիշերը մնացինք մեր բարեկամին տունը: Երկու ամիս մնացինք, որմէ ետք  նոյն նաւը, որմով մեր իրերը Թուրքիայէն Սուրիա անցուց, եկան եւ մեզի ըսին, որ ովքեր պատրաստ են, լեցուին նաւը. գիւղ-գիւղ առանձին–առանձին այդ նաւը 6 անգամ հայերուն տեղափոխեց սկիզբը Թրիփոլի քաղաք, քիչ մը հանգստացանք, նստեցանք գնացք,  գիշեր մը յետոյ հասանք Պեքքայի հովիտ, ուրկէ մեքենաներով մեզի տարին հասցուցին Այնճար: Նստեցանք, բոլոր գիւղացիները հաւաքուեցան եւ ըսին, որ մեր ապրած վրաններուն կողքերու բոլոր քարերը հաւաքենք, աղանք: Գլխաւոր յատակագիծը գծող ճարտարապետը գիւղերու արանքին մէջ գտնուող տարածքը որոշած էր ծաղկեցնել, այդպէս ալ եղաւ. կառուցեցին, շէնցուցին Այնճարը, այն դարձաւ  ծառաստան ու ծաղկաստան մը, ջուր ունեցաւ: Այդպէս ապրեցանք մինչեւ 1945 թուական: Այդ ժամանակ տեղեկացուցին, որ ցանկացողները կրնան տեղափոխուիլ Հայաստան. մեր ընտանիքն ալ հերթագրուեցաւ: 1946-ին եկաւ «Ռոսիա» նաւը, քաղաքի մը չափ մարդ կար նաւին վրայ` տարբեր երկիրներէ: Միջերկրական ծովով հասանք Տարտանիլ, յետոյ` Մարմարայի ծով, որմէ ետք` Պոսֆորի նեղուց, մտանք Սեւ ծով, օրը մթնեցաւ…հասանք Պաթում, ուր մնացինք 12 օր, այնուհետեւ մեզի ուղարկեցին Էջմիածին, մէկ մասը` Երեւան. 15 ընտանիք մուսալեռցիներ տեղաւորուեցան Էջմիածին:

…Կը հարցնէք Մուսալերան հերոսամարտին մասին. ես պզտիկ եղած եմ, աղօտ կը յիշեմ… Թրքական բանակէն փախած կամաւոր մեր տղաները կու գան իրենց գիւղեր եւ կ’առաջարկեն դիմադրել, չյանձնուիլ: Մուսալեռցիները կ’որոշեն` մահ կամ ազատութիւն…կը կազմակերպեն դիմադրութիւն` որոշելով սար բարձրանալ եւ ժողովուրդին կը սկսին բարձրացնել Մուսալեռ: Մեր գիւղին մէջ երկու ջրաղաց կար. ով ցորեն ունէր, սար կը հասցնէր, ուտելիքի ահագին պաշար կը տանին, զէնք-զինամթերք, անասուններ, եւ կը պատսպարուին լերան վրայ: 40 օր քաջ մուսալեռցիները կը դիմադրեն, որմէ ետք  ֆրանսական նաւ կու գայ, մերոնք գրած  կ’ըլլան` հայերը վտանգի մէջ են…քարքարոտ տեղ կ’ըլլայ, նաւի անձնակազմը կը դժուարանայ մօտենալ ծովի ափերուն,  քանի մը տղաներ կը նետուին ծով եւ լողալով կը հասնին նաւ: Ֆրանսացիները կ’օգնեն հայերուն, բոլորը կը փրկուին:

…Պիթիասը դրախտ  եղած է` ջուրերը առատ, պտուղները` համեղ, օդը` լաւ. մեր գիւղին մէջ հարիսա կ’եփէինք` ինչպէս հիմա Էջմիածինի մէջ: Շատերը կ’ըսէին, որ Պիթիասը իսկական Եւրոպա է…երա՜զ է Պիթիասը…երկար տարիներ ապրեցայ Էջմիածինի մէջ, բայց իմ շատ վաղ մանկական աղօտ յիշողութիւններուս մէջ մնացած է Պիթիաս-հրաշքը: Մեր ընտանիքը պահպանած է մուսալեռցիներու բոլոր աւանդոյթները, ճաշատեսակները, մեր հարսերը բոլորն ալ մուսալեռցիներ են, կը խօսինք մեր բարբառով… Իս պիթիասցոյ ըմ, Պիթիուս ծնուծ, Պիթիուս ապրուծ…Երգե՞մ Մուսալերան մասին երգը` «Այգում, այգում` իմ խցկի մօտ, լուսաժպիտ` մինչ առաւօտ, երգէ՛ պլպուլ զիմ Մուսալեռ, Մուսալե՜ռ» (կ’երգէ զարմանալի զուլալ ձայնով, կարօտով, հպարտութեամբ, որմէ ետք կը  շարունակէ  զարմացնել մեզի միւս  «Հալա-հալա Նինոյ է» երգի կատարմամբ):

 Յովհաննէս պապիկին կը ձայնակցին բոլորը. Անոր ուրախութիւնը կը կրկնապատկուի, երբ մուսալեռցիի ժառանգ Վահագն Գարագաշեան անոր հետ կը խօսի  մուսալերան բարբառով, յետոյ զրոյցի ընթացքին նաեւ կը պարզուի, որ Գարագաշեանը կը ճանչնայ Ամերիկա ապրող Պալապանեանի եղբօր` Եղիայի զաւակներուն…կարօտի  փոքրիկ, քաղցր պատառիկ մը Յովհաննէս Պալապանեանի դէմքին աննկարագրելի ժպիտ ու լոյս կը սփռէ, որմով ալ կը լեցուի մեր ստեղծագործական խումբի աշխատանքային առօրեան, եւ մենք հրաժեշտ կու տանք  Սուրբ Էջմիածինին ու  դարէ աւելի ապրած Յովհաննէս պապիկին:

Կարինէ Աւագեան

Մուսալեռցի վերապրող Յովհաննէս Պալապանեան կ՚երգէ «Մուսա ԼԵռ» երգը։ Ֆէյսպուքի «Հորիզոն»ի կայք։

https://www.facebook.com/120633978044872/videos/1582747051833550/

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.