ԿԱՐՍԻ ՄԷՋ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԳԵՐԵԶՄԱՆՆԵՐԸ ԳԱՆՁԱԳՈՂՆԵՐՈՒ ԹԻՐԱԽԸ ԴԱՐՁԱԾ ԵՆ

“Ակունք”._Կարսի Ուչլէր թաղամասին մէջ հայկական պատմական գերեզմանները կ՚աւերուին եւ կ՚ոչնչանան։ Քաղաքի բնակիչները կը պահանջեն կարելի եղածին չափ շուտ պահպանել զանոնք։
Աղբիւրին համաձայն, բնակիչներու շրջանին մէջ որպէս հայկական գերեզմանոց յայտնի այդ վայրին մէջ խաչի պատկերներով բազմաթիւ գերեզմանաքարեր կան։ Այնտեղ կը գտնուի նաեւ հայկական եկեղեցին, որ եւս փլելու վտանգին տակ է։
Թէ՛ եկեղեցին եւ թէ գերեզմանները դարձած են գանձ որոնողներու թիրախ, որոնք մեծ փոսեր փորած են այնտեղ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.