ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր տեղեկացուցած է, որ կառավարութեան կառուցուածքի քննարկումները վերջնականօրէն աւարտած են:
«Հայաստանի մէջ պիտի ըլլայ 12 նախարարութիւն: Վարչապետի աշխատակազմին մէջ պիտի ստեղծուի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի պաշտօնը, որ պիտի ըլլայ վարչապետի ներկայացուցիչը Սփիւռքի մէջ եւ վարչապետի անունէն պիտի համակարգէ կառավարութեան աշխատանքները Սփիւռքի հետ յարաբերութիւններուն մէջ»,- Ֆէյսպուքի իր էջին վրայ գրած է Փաշինեան:
Կառավարութեան կառուցուածքի փոփոխութիւններով կը նախատեսուի ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու նախարարութիւնը միաւորել տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութեան հետ:
Երթեւեկութեան ու բարձր արհեստագիտութիւններու եւ ռազմաարդիւնաբերութեան նախարարութիւն պիտի գործէ:
Գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը պիտի միաւորուի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան հետ:
Մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութիւնները պիտի գործեն կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան կազմին մէջ:
Կառավարութեան նոր կառուցուածքը պէտք է հաստատուի Ազգային ժողովին կողմէ: