Կառավարութեան Կառուցուածքի Քննարկումները Աւարտած Են․ Հայաստան Պիտի Ունենայ Սփիւռքի Գործերու Գլխաւոր Յանձնակատար

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր տեղեկացուցած է, որ կառավարութեան կառուցուածքի քննարկումները վերջնականօրէն աւարտած են:

«Հայաստանի մէջ պիտի ըլլայ 12 նախարարութիւն: Վարչապետի աշխատակազմին մէջ պիտի ստեղծուի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի պաշտօնը, որ պիտի ըլլայ վարչապետի ներկայացուցիչը Սփիւռքի մէջ եւ վարչապետի անունէն պիտի համակարգէ կառավարութեան աշխատանքները Սփիւռքի հետ յարաբերութիւններուն մէջ»,- Ֆէյսպուքի իր էջին վրայ գրած է Փաշինեան:

Կառավարութեան կառուցուածքի փոփոխութիւններով կը նախատեսուի ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու նախարարութիւնը միաւորել տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութեան հետ:

Երթեւեկութեան ու բարձր արհեստագիտութիւններու եւ ռազմաարդիւնաբերութեան նախարարութիւն պիտի գործէ:

Գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը պիտի միաւորուի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան հետ:

Մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան  նախարարութիւնները պիտի գործեն կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան կազմին մէջ:

Կառավարութեան նոր կառուցուածքը պէտք է հաստատուի Ազգային ժողովին կողմէ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.