Կանանց Միջազգային Օրուայ առցանց տօնակատարութիւն

Կիրակի 13 Մարտի առաւօտեան ժամը 11-ին տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Լաւալի «Շուշի» եւ Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղերու կազմակերպած Կանանց Միջազգային օրուայ առցանց տօնակատարութիւնը: Ձեռնարկը կը վայելէր Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Տիկ Անահիտ Յարութիւնեանի հովանաւորութիւնը: Ձեռնարկին մասնակցեցան շուրջ 170 ակնդիրներ:

Տօնակատարութեան պաշտօնական բացումէն առաջ, բաժին մը տրամադրուեցաւ mixologiste Օրդ. Դալար Պարսումեանին որ ներկայացուց երեք տարբեր, նախաճաշի յարմար, համեղ խմիչքներ պատրաստելու ձեւը եւ փոխանցեց անոնց բաղադրատոմսերը: Յիշենք որ կազմակերպիչ յանձնախումբը այս բաժնին համար նախօրօք պատրաստած եւ վաճառած էր գեղեցիկ տուփեր, առիթը տալու համար փափաքողներուն որ իրենց տուներէն հետեւին խմիչքներու պատրաստութեան ցուցմունքներուն:

Առաջին բաժնի աւարտին, հանդիսավար ընկհ. Նելլի Համալեան Պարսեմեան ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութեամբ բացուած յայտարարեց ձեռնարկը, ապա բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, շնորհաւորելով բոլոր կիներուն տօնը: Ան անդրադառնալով ՀՕՄ-ի անցնող 112-ամեայ գործունէութեան` շնորհաւորեց աշխարհացրիւ ՀՕՄ-ուհիները իրենց իրագործումներուն եւ ձեռքբերումներուն համար, յատկապէս յիշելով անցնող տարուայ համաճարակի դժուարին պայմաններուն մէջ իրագործուած զանազան օգտաշատ ծրագիրները՝ թէ՛ նեցուկ կանգնելու Լիբանանի եւ Սուրիոյ տնտեսական ճգնաժամը ապրող հայորդիներուն եւ թէ՛ հասնելու Արցախի պատերազմի հետեւանքով տեղահանուած հայութեան եւ որբացած երեխաներուն: Ան շեշտեց որ ՀՕՄ-ը, ըստ իր առաքելութեան միշտ իր խնամող ձեռքը երկարած է բոլորին եւ միշտ պիտի շարունակէ հասնիլ հոն ուր կարիքը կայ, հաւատարիմ մնալով «Ժողովրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» լոզունգին:

Իր խօսքին մէջ ընկհ. Պարսեմեան յիշեց նաեւ 2021 տարուայ ընթացքին մեզմէ առյաւէտ բաժնուած Գանատայի շրջանային վարչութեան հիմնադիր եւ նախկին ատենապետ, ինչպէս նաեւ կեդրոնական վարչութեան նախկին ատենապետ, վաստակաշատ՝ ընկհ. Վանուհի Իսաջանեանը:

Յայտագրի գլխաւոր բաժնի նիւթն էր «Սփիւռքի հայ կինը՝ հայապահպանման ռահվիրայ»: Այս բնաբանի մեկնակէտն է մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսի կոնդակին, որ 2022-ն կը հռչակէ Սփիւռքի տարի:

Կլոր սեղանի իրենց մասնակցութիւնը բերին Ֆրանսայէն՝ դոկտ. Անահիտ Տօնապետեան, Լոս Անճելըսէն՝ դոկտ. ընկհ. Դալար Շահինեան, Մոնթրէալէն՝ ընկհ. Սոնիա Քիլեճեան եւ ընկհ. Լորիկ Սապունճեան Ծատուրեանը իբրեւ համադրող:

Ընկհ. Լորիկը համալսարանական կրթութեամբ ընկերային ծառայող է, սակայն որպէս հաղորդավար 25 տարիներ պաշտօնավարած է Լիբանանի «Վանաձայն» ռատիոկայանին, եղած է «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանի Լիբանանի թղթակից եւ լուրերու մեկնաբան, ինչպէս նաեւ լիբանանեան OTV պատկերասփիւռի հայերէն լուրերու հաղորդավար, խմբագիր եւ թղթակից, իսկ այժմ ան կ՛աշխատակցի մոնթրէալի «Հայ Հորիզոն» հեռատեսիլի ծրագրին:

Ընկհ. Լորիկ նախ ներկայացուց զեկուցաբերները՝

  • Ընկհ Սոնիա Քիլեճեան-Աճէմեան, մանկավարժ, գրող, Համազգայինի Բագին ամսագրի խմբագիր, ուսուցիչ-դաստիարակ, Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի հայերէն եւ հայրենագիտական նիւթերու ընդհանուր համակարգող:

  • Ընկհ դոկտ. Դալար Շահինեան, գրականագէտ, համեմատական գրականութեան մասնագէտ, հայագիտական նիւթերու եւ համեմատական գրականութեան դասախօս Քալիֆորնիոյ համալսարանի UC IRVINE մասնաճիւղէն ներս, հեղինակ, համախմբագիր «Diaspora : A journal of Transnational Studies» պարբերականին, աշխատակից «Critics’ Forum» առցանց հանդէսին, ինչպէս նաեւ Համազգայինի պաշտօնաթերթ «Բագին»-ին:

  • Դոկտ. Անահիտ Տօնապետեան, լեզուաբան, հայոց լեզուի եւ լեզուագիտութեան դասախօս Փարիզի INALCO համալսարանէն ներս եւ արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու պետական հիմնարկի հայագիտական բաժանմունքի վարիչ:

Ապա իւրաքանչիւր զեկուցաբեր փոխանցեց իր տեսակէտը:

Ընկհ. Սոնիա Քիլեճեան կեդրոնացաւ հիմնական երկու կէտերու վրայ՝

  • Հայապահպանման մասին խօսելու համար պէտք է նախ ընդունիլ որ ներկայի սփիւռքը մնայուն իրավիճակ մըն է եւ ոչ թէ անցողակի կացութիւն մը, հետեւաբար մեր ուժերը պէտք է կեդրոնացնել սփիւռքի գոյապահպանման վրայ: Ըստ ընկհ. Քիլեճեանին, այս մտածելակերպը չի հերքեր հայրենիքի ամրապնդման համար գործելու գաղափարը, այլ կ’ընթանայ կողք կողքի անոր զուգահեռ:

  • Նկատի ունենալով որ մեր մշակոյթին մեծ մասը մայրենի լեզուով կ’արտայայտուի, պէտք է որ մենք գիտակից ձեւով ստեղծենք լեզուական սփիւռք մը որ քայլ կրնայ պահել ժամանակակից, իր հետ զարգացող, լեզուներու ընթացքին հետ:

Դոկտ. Ընկհ. Դալար Շահինեան խօսեցաւ «սփիւռք» յղացքի բարեփոխման մասին եւ ուզեց քննարկել լեզու/մշակոյթ/ինքնութիւն եւ սփիւռք/պետութիւն/հայրենիք յարակից կապերու խաչաձեւումը: Ընկհ. Շահինեան յայտնեց որ ինք, «սփիւռքեան ինքնութեան» մասին անդրադառնալու համար կը նախընտրէ օգտագործել «մշակութային գոյատեւում» դրսեւորումը, որ կ’ենթադրէ հայերէն լեզուի, գրականութեան եւ արուեստի մշակումը փոխան վերացական հայ ինքնութեան մը պահպանումը: Մանաւանդ որ ինք կը հաւատայ թէ պետականութենէ դուրս, սփիւռքի մէջ, մշակոյթ մը կրնայ ծաղկիլ եւ բարգաւաճիլ եթէ ունենայ բազմազան նկարագրեր եւ բաւարար ճկունութիւն համակրելու իւրաքանչիւր գաղութի իւրայատուկ պայմաններուն:

Դոկտ. Անահիտ Տօնապետեան իր տեսակէտը փոխանցեց տեսերիզով: Ըստ դոկտ. Տօնապետեանին, հայապահպանման ճիգերը յաջողեցնելու համար պէտք է կարենանք նոր սերունդին փոխանցել ձեւ մը որու իւրացումը հեշտ է, ձեւ մը որ անոնց կուտայ ցանկութիւնը եւ կարելիութիւնը իրենց ինքնութիւնը հնարելու եւ իրենց ապագայի հայ ըլլալու ձեւը գտնելու:

Ան իր խօսքին մէջ Հայ կնոջ ակնարկելով շեշտը դրաւ գետնի վրայ գործող հայ ուսուցչուհիներուն, որոնք ամէն օր հայերէն լեզուն սորվեցնելու եւ սիրցնելու մանկավարժական նոր ձեւեր կը ստեղծագործեն: Դոկտ. Տօնապետեան կը նախընտրէ սպառազինել մեր ուսուցիչները պէտք եղած գործիքներով որ անոնք շարունակեն ձեռք բերել նոր մօտեցումներ եւ յղանան այժմէական դասաւանդման կերպեր:

Երեք զեկուցաբերներու համոզումն այն է որ առանց լեզուի չկայ հայապահպանում, եւ որ հայերէնը կը հանդիսանայ մեր շարունակականութիւնը ապահովելու գլխաւոր երաշխիքը:

Արծարծուեցաւ նաեւ մեր կառոյցներու ներկայ վիճակը եւ անոնց վերատեսութեան ենթարկելու հրամայականը: Հոս ընկհ. Լորիկ անդրադարձաւ մեր գաղութներուն մէջ գործունեայ, մասնագէտ կիներուն որոնք արժեւորելէ ետք մեր այսօրուայ իրավիճակը, կրնան նոր շունչ տալ մեր կառոյցներուն, վերաթարմացնել ու աւելի գրաւիչ դարձնել զանոնք:

Այս օգտաշատ զրոյցին յաջորդեց կարճ գեղարուեստական բաժին մը, բաղկացած երեք զաւեշտներէ: Կուզեմ անդրադառնալ մանաւանդ առաջինին որ կը համընկնէր զեկուցաբերներու փոխանցած գաղափարին եւ կը ներկայացնէր հայ դպրոցի միջավայրէն ներս յաճախակի նիւթ հանդիսացող հայերէն լեզուի դասաւանդումը: Պատգամն այն էր որ հայ ծնողքը, հաւատալով իր զաւկին հայերէնը ուսուցանելու կարեւորութեան, միշտ ալ պիտի ուզէ ընտրել լաւագոյն հայկական դպրոցը:

Երկրորդը կը ներկայացնէր երիտասարդ զոյգի մը ապագայ զաւակին անունի ընտրութեան ընթացքը, հետաքրքրականը այն էր որ սփիւռքի մէջ ծնած ու մեծցած այս երիտասարդները առաջարկեցին եւ արծարծեցին միայն ու միայն հայերէն անուններ, անդրադառնալով հանդերձ անոնց երբեմնի պատճառած թիւր հնչումը:

Երրորդը աւելի թեթեւ նկարագրով զաւեշտ մըն էր որ կը ներկայացնէր համաճարակի ուղղակի հետեւանքներէն մին, երբ ոմանք իրենց տուներու մէջ արգելափակուած պահերը տրամադրեցին մարզանքի:

Այս բաժնին յաջորդեց միացեալ կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետուհի ընկհ. Սօսէ Պէօճէքեան-Կարապետեանը որ իր խօսքը փոխանցեց Հայաստանէն: Ան անդրադարձաւ թէ ինչպէս, գետնի վրայ ան կը նկատէ հայ կնոջ դերի փոփոխութիւնը եւ թէ ինչպէս 2020-ի Արցախի յետ պատերազմեան պայմանները յաւելեալ դժուարին ու ծանր պարտաւորութիւններ աւելցուցած են հայ կնոջ ուսերուն վրայ: Ան ըսաւ թէ այս բոլորին դիմաց սփիւռքի հայ կնոջ հայապահպանման ճիգը, հայ լեզուն եւ մշակոյթը պահպանելու աշխատանքը ալ աւելի կարեւոր կը դառնայ, իսկ Հայ Օգնութեան Միութեան առջեւ անգամ մը եւս կը յայտնուի իր բարեսիրական աշխատանքը շարունակելու եւ հայ ժողովուրդին հասնելու հրամայականը:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի բոլոր մասնակիցներուն, նուիրատուներուն, աշխատակիցներուն, կլոր սեղանի հանդիսավարին եւ զեկուցաբերներուն ինչպէս նաեւ կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն:

Ձեռնարկը աւարտեցաւ Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Տիկ Անահիտ Յարութիւնեանի խօսքով: Ան գնահատեց սփիւռքի տարած աշխատանքը՝ հայկական աւանդութիւնները, լեզուն ու մշակոյթը պահպանելու եւ կոչ ուղղեց սփիւռքի կրթօճախներու ներկայացուցիչներուն, յատկապէս հայոց լեզու եւ հայոց պատմութիւն դասաւանդողներուն որ ամուր պահեն կապը հայրենիքին հետ եւ հնարաւորութիւններ ստեղծեն երիտասարդները ալ աւելի մօտեցնելու Հայաստանին:

Ան ուժ եւ եռանդ մաղթեց բոլորին եւ մշտական յաջողութիւն հայապահպանման առաքելութեան մէջ:

Անի Պապիկեան Թորիկեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.