Խոստման Արարողութիւն` Եռաբլուրի Մէջ. «Սուգը Պէտք Է Վերածենք Պայքարի» Կ՛ըսէ Յովսէփ Տէր Գէորգեա
1231
0
կիրակի, 27 փետրուարին, Եռաբլուրի մէջ խոստում տուած եւ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան շարքերուն միացած են Կապան, Վետի եւ Աբովեան քաղաքներէն 25 երիտասարդներ:
Անդամագրուած ընկերները խոստում տուած են 44-օրեայ պատերազմի հերոս Քրիստափոր Արթինի շիրիմին:
«Մենք հաւաքուած ենք Քրիստափոր Արթինի շիրիմին շուրջ: Այստեղ սուգի մթնոլորտ է, բայց մեր բոլոր նահատակները մեզմէ կը պահանջեն, որ դուրս գանք այդ մթնոլորտէն: Մենք վախի մէջ պէտք չէ ապրինք: Սուգը յաւերժ է, երբ պայքար չկայ: Սուգէն պէտք է ձերբազատինք եւ զայն վերածենք պայքարի: Մեր պայքարով պէտք է հաւատարիմ մնանք անոնց աշխատանքին, գործին, հաւատացածին», երիտասարդներուն ուղղուած իր խօսքին մէջ ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեան: