ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ԵՒ Ս. ՆՇԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆՆ ՈՒ ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ՕՐԸ ԳԷՄՊՐԻՃԻ ՄԷՋ

Սուրբ Խաչի Վերացման տաղաւար տօնին, Գէմպրիճի Ս. Նշան Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ նաւակատիքին, ինչպէս նաեւ Մուսա Լերան Յիշատակութեան առիթով, Կիրակի, 12 Սեպտեմբեր 2021-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց, յաւուր պատշաճի իր պատգամը փոխանցեց եւ Մատաղի օրհնութիւն կատարեց, Գէմպրիճի ու շրջակայից՝ Ս. Նշան Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ծխական համայնքին պարգեւելով հոգեպարար պահեր:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ս. Պատարագը մատուցեց եկեղեցւոյ Սրահին մէջ։ Ս. Խորանին ծառայեցին Ս. Նշան Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեանն ու եկեղեցւոյ դպրաց ու սարկաւագաց դասի անդամները: Ս. Պատարագին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ «Մեղրիկ Եպիսկոպոս Բարիքեան» կրտսերաց դպրաց դասը՝ ղեկավարութեամբ տիկին Հիլտա Գանտահարեանի։
Ս. Պատարագին ներկայ էին Ազգային Վարչութեան անդամները, շրջանի Ազգային Երեսփոխանները, Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան կազմն ու հաւատացեալներ։
Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը վեր առաւ Խաչվերացի տօնն ու անորմէ բխած Ս. Խաչի զօրութեան պատգամը, նշելով որ Խաչին նուիրուած տօներուն մէջ Խաչվերացը ունի իր բացառիկ կարեւորութիւնը, որովհետեւ խաչի գերեդարձի պատմութեան մէջ հայ ժողովուրդը ունեցած է իր մասնակցութիւնը: Ան շեշտեց, որ այս տօնին, Ս. Խաչին ընդմէջէն Խաչեալին փրկագործութեան յիշատակն է որ կը կատարենք, որուն պատարագումով՝ խաչը վերածուեցաւ յոյսի, փրկութեան, յաղթանակի, զոհողութեան ու նուիրումի խորհրդանիշի։
Անդրադառնալով Մուսա Լերան Հերոսամարտի Յիշատակութեան տօնին, Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ բուռ մը ժողովուրդ քառասուն օրեր շարունակ դիմադրեց թշնամիին, տուաւ նահատակներ, ունեցաւ մեծ կորուստներ, սակայն այսօր, հերոս ժողովուրդի ժառանգորդներուն հետ միասին, ամբողջ հայ ժողովուրդը հպարտութեամբ ու բարձրաճակատ կը յիշէ, երբ մեր ժողովուրդը կ՚ապրի օրհասական պահեր, յատկապէս այս օրերուն Լիբանանի մէջ։
Ապա, Առաջնորդ Սրբազանը յորդորեց ներկաները ապաւինելու Ս. Խաչի փրկարար զօրութեան, Խաչն ու Խաչեալը ուղենիշ դարձնելով մեր կեանքերուն մէջ, եւ աղօթք բարձրացուց առ Բարձրեալն Աստուած, որպէսզի օրհնէ մեր նահատակներուն զոհաբերութիւնը, բոլորիս պարգեւէ անոնց պատգամը չդալկացնելու կամքն ու կենսունակութիւնը, եւ մեր հերոսամարտներէն բխած պատգամները ամենօրեայ ներկայութիւն ընէ մեր առօրեային մէջ: Ս. Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ աւանդական Ռէհանօրհնութիւնն ու Մատաղօրհնէքի արարողութիւնը:
Նշենք նաեւ, որ նոյն շաբաթավերջին Թեմիս Ազգային Վարչութիւնը նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, գումարեց իր լիակատար ժողովը՝ Գէմպրիճի մէջ։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.