ԽԱՆԸՄ ՔԵԹԵՆՃԵԱՆ – Ուրֆայի հերոսամարտի դիւցազնուհին

Խանըմ Քեթենճեան, յեղափոխական անունով՝ Արմենուհի, նախ Ուրֆայի բողոքական վարժարանը յաճախած է, ապա աւարտած Խարբերդի Ամերիկեան Գոլէճը։ Յեղափոխական գաղափարներով տոգորուած՝ կանուխէն անդամագրուած է Հ.Յ.Դաշնակցութեան Կարմիր Խաչին։ Հերոսամարտի նախօրեակին, ի՛նք էր շրջանի կանանց զինավարժութեան եւ մարտական ջոկատներուն պատասխանատուն։

1909 Մարտ 28ին Տիարպէքիրի նահանգի Դաշնակցութեան առաջին Շրջանային Ժողովի որոշումներուն մէջ Կարմիր Խաչի առնչութեամբ կը կարդանք հետեւեալը.- «Նկատելով Կարմիր Խաչի խումբերու անուրանալի օգտակարութիւնը՝ կանանց մտաւորական լուսաւորման տեսակէտէն, ինչպէս նաեւ անոնց մատուցանելիք ծառայութիւնները մինչեւ անգամ ինքնապաշտպանութեան հարցին մէջ, Շրջ. Ժողովը պարտք կը դնէ բոլոր մարմիններուն վրայ, ամէնուրեք ստեղծել Կարմիր Խաչի խումբեր՝ անոնց մէջ մտցնելով մանաւանդ մտաւորական տարրի ներկայացուցիչներ (ուսուցչուհիներ եւայլն…)»։

Ահա այսպիսի անհրաժեշտ տարր մը, անփոխարինելի «մակարդ» մըն էր Խանըմ Քեթենճեան։ Կարճ ատենէն ղեկավար դէմք դարձաւ Ուրֆայի կանանց մէջ եւ եղաւ Մկրտիչ Եօթնեղբայրեանի եւ Յարութիւն Ռասթկելէնեանի ամենասերտ գործակիցը։

Հերոսամարտի ընթացքին ստանձնած էր կիներու հրամանատարութիւնը եւ կը մասնակցէր ղեկավարներու խորհրդակցութիւններուն իբրեւ զինուորական մարմնի անդամ։ Դաւադրական աշխատանքներու հմուտ կազմակերպիչ էր եւ, շնորհիւ իր հնարամտութեան, շատ օգտակար եղաւ զէնքերու փոխադրութեան եւ բաշխումին մէջ։ Կռիւի ընթացքին դիրքէ-դիրք կը խոյանար, կը քաջալերէն, կ՚ոգեւորէր ու կը կռուէր։ Երբ կը զգուշացնէին կամ վտանգուած դիրքերէ հեռացնել կը փորձէին, կը բարկանար ու կ՚ըսէր, թէ «գնդակին զոհ գնալը ինձ համար նախընտրելէ է թուրքի ձեռքն ընկնելուց»։

Երբ թուրք խուժանը սկսաւ քաղաք լեցուիլ, Խանըմ եւ իր հետեւորդները թուրք զինուորի տարազ հագան եւ այս հնարքով՝ յաջողեցան մեծ թիւով թշնամի զինուորներ մեռցնել։ Այս կիները իրենց դիրքերը երբեք չլքեցին, այլ մինչեւ վերջ պատնէշի վրայ մնացին։

Հայոց թաղամասերէն մէկուն մօտ թրքական պահականոց մը կար, որ պէտք էր մէջտեղէն վերցնել։ Խանըմ որոշեց իր ջոկատին հետ գործը գլուխ հանել։ Գիշեր ատեն աննկատ մօտեցան, կտրեցին հեռախօսային գիծերը, սպաննեցին դրան երկու պահակները եւ ներս խուժեցին։ Թշնամին յանկարծակիի գալով, փորձեց խոյս տալ։ Այս դէպքին միակ կենդանի վկան՝ պահականոցի կոմիսէր Եուսուֆ Էֆէնտին կը պատմէ հետեւեալը.- «Հրացանաձգութիւնից յետոյ պահականոց խուժեցին բազմաթիւ մարդիկ, որոնց դէմքերը խաւարի մէջ պարզ չէին երեւում։ Գուցէ նրանց մէջ էր նաեւ մեր սարսափը՝ հռչակաւոր Մկրտիչը։ Մեզ փրկութիւն չկար։ Երբ պահականոցի մութ անկիւններն սկսեցին կրակել, մեզանից երկու հոգի եւս սպաննուեցին, իսկ ես թեթեւ վիրաւորուեցի ոտքից ու մի կերպ փախայ, թաքնուեցի։ Թաքստոցից տեսայ, թէ ինչպէս ոստիկան Ալին ողջ-ողջ բռնեցին, ձեռքերը կապեցին, վզին պարան անցկացրին եւ կախեցին դրան մուտքին։ Բայց տարօրինակ էր։ Բոլորին հրամայող ձայնը ոչ թէ տղամարդու էր, այլ կնոջ։ Տեսայ որ մեզ հետ հաշիւները մաքրելուց յետոյ, պահականոցի առաջ շարքի կանգնեցին սեւ ուրուականները եւ նորից լսուեց մանկամարդ կնոջ խրոխտ ձայնը։ Նա արտասանեց երեսունից աւելի կանացի անուն։ Նրա արտասանած ամէն մի անունից յետոյ, ես լսում էի «ներկայ» պատասխանը, որ նորից կանացի էր։

«Ես հասկացայ, որ պահականոցի վրայ գրոհողները միայն կանայք են եղել։ Այսպէս, ստուգելուց յետոյ, որ սպանուած չունին եւ բոլորը ներկայ են, նրանք մարտական երգ երգելով հեռացան պահականոցից։ Ես փրկուած էի» (Տես, Ստեփան Կուրտիկեան, «Ուրֆայի Հերոսուհին՝ Խանըմ Քեթենճեանը», «Ասպարէզ» եռօրեայ, 8 Փետրուար 1966)։

Երբ հայ մարտիկներուն հրացանները այլեւս լռած էին, Խանըմ անցաւ Ամերիկեան կուրանոցը, ուր մեծ թիւով ուրֆացիներ հաւաքուած էին։ Յանկարծ սպայի մը առաջնորդութեամբ թուրք զինուորներ ներս խուժեցին եւ սկսան խուզարկել հոն հաւաքուած ժողովուրդը։ Հազիւ հերթը Խանըմին հասաւ, ան արագօրէն գօտիին մէջ պահած ատրճանակը հանեց եւ կրակեց սպային վրայ։ Մինչ սպան կ՚իյնար, զինուորները կրակեցին Խանըմին վրայ։ Հպարտ ու քաջ հայուհին նախընտրեց մեռնիլ զէնքը ձեռքին, քան թէ ապրիլ թշնամիին լուծին տակ։

ՍՈՆԱ ԶԷՅԹԼԵԱՆ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.