Լոյս Տեսաւ Եղիշէ Չարենցի Բանաստեղծութիւններու Երկլեզու Ընտրանին` «Հրավառ Հոգիներ»

Համազգայինի Քանատայի Շրջանային վարչութիւնը հրճուանքով կը յայտնէ, որ լոյս տեսած է իր հրատարակութիւններու շարքին նորագոյնը` Souls on Fire: Selected Poems եւ «Հրավառ հոգիներ» խորագիրներով, որոնց տակ կը ներկայացուի Եղիշէ Չարենցի բանաստեղծութիւններէն ընտրանի մը: Երկլեզու հատորին մէջ մէկտեղուած են Չարենցի հայերէն բնագրերը եւ անոնց անգլերէն թարգմանութիւնները:

Հատորը խմբագրած է դոկտ. Վիգէն Թիւֆենքճեան, իսկ թարգմանութեան հսկայ աշխատանքը կատարած է Թաթուլ Սոնենց-Փափազեան: Գիրքի 177 էջերուն մէջ ներառուած են Չարենցի «Ամբոխները խելագարուած» («The Incensed Masses») երկարաշունչ գործը, ինչպէս նաեւ «Մահուան տեսիլ» («Vision of Death») խորագիրը կրող իր երեք բանաստեղծութիւնները: Անոնցմէ ամէնէն հռչակաւորը 1933-ի «Մահուան տեսիլ»-ն է, որուն մէջ, Տանթէ Ալիկիերիի «Աստուածային կատակերգութիւն» (1308-1321) գործին հետեւողութեամբ, Չարենց կ՛այցելէ հայկական ազատագրական պայքարի պատմութեան ժամանակաշրջանը եւ կեանքի կը կոչէ այդ շարժման ամէնէն ազդեցիկ դէմքերը, ինչպէս օրինակ` Ալիշան, Րաֆֆի, Ռափայէլ Պատկանեան, Քրիստափոր Միքայէլեան, Խրիմեան Հայրիկ, Սիամանթօ, Դանիէլ Վարուժան եւ այլք: Հատորը նաեւ կ՛ընդգրկէ 1920 եւ 1936 տարեթիւերը կրող Չարենցի երկու այլ «Մահուան տեսիլ»-ները, որոնցմէ առաջինը գրուած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկման օրերուն, իսկ երկրորդը` ակադեմիկոս եւ ճարտարապետ Ալեքսանդր Թամանեանի մահուան առթիւ: Հատորին վերջին բանաստեղծութիւնն է Չարենցի հռչակաւոր «Պատգամ»-ը («Testament»), որուն մէջ Չարենց ծածկագրած է հայութեան ուղղած իր յորդորը` «Ով հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է»:

Գիրքին վերջաւորութեան կան եւս երեք յաւելուածներ, որոնք Չարենցի գործերը կը զետեղեն իրենց մշակութային պարունակին մէջ: Առաջինը անգլերէն թարգմանութիւնն է Չարենցի, Ազատ Վշտունիի եւ Գէորգ Աբովի 1922-ին հրապարակած «Երեքի դեկլարացիա» գրական հանգանակին, որ լոյս կը սփռէ Չարենցի այդ տարիներու գործերուն վրայ. երկրորդ յաւելուածը կ՛ամփոփէ Վահան Տէրեանի հանդէպ իր փոփոխական վերաբերմունքին պատմութիւնը, իսկ վերջին յաւելուածով Չարենցի «Գիրք ճանապարհի» գործը նկարազարդող արուեստագէտ Յակոբ Կոջոյեան իր յուշերը կը պատմէ երկուքի գործակցութեան մասին: Վերջապէս, հատորը կ՛ամբողջանայ խմբագիրին պատրաստած համապարփակ ծանօթագրութիւններով, որոնցմէ 1933-ի «Մահուան տեսիլ»-ին վերաբերող նիւթերը կարեւոր յաւելում մը կը հանդիսանան չարենցագիտութեան ոլորտին:

Հատորը կարելի է գտնել Amazon հարթակին վրայ: Գինն է` 16 տոլար:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.