Լիբանանի Մէջ Գանատայի Դեսպանը Այցելեց Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան

Լիբանանի մէջ Գանատայի դեսպան Շանթալ Շասթենայ ուրբաթ, 19 մարտ 2021-ին այցելեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի հետ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան դեսպանի քաղաքական հարցերու խորհրդական Մանոն Պուաքլեր, Գանատական օժանդակութիւններու ֆոնտի համակարգող Իզապել Պայան-Տըպըս, քաղաքապետարանի պատասխանատուներ եւ «Նապաա» միութեան անդամներ:

Դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքապետին զինք ընդունելուն համար: Տարբեր բնագաւառներու մէջ Լիբանանի դիմագրաւած դժուարութիւններուն ակնարկելէ ետք, ան մտահոգութիւն յայտնեց ժողովուրդի դիմագրաւած ապրուստի դժուարութիւններուն առնչութեամբ: Ան նաեւ հետաքրքրուեցաւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառած վնասները նորոգելու եւ այլ դժուարութիւններ դիմագրաւելու քայլերով:

Քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան բարի գալուստ մաղթեց դեսպան Շասթենային` յիշեցնելով, որ անոր նախորդները նման այցելութիւններ տուած են եւ նեցուկ կանգնած քաղաքապետութեան նախաձեռնութիւններուն, մանաւանդ` ոստիկանութեան շարքերուն մէջ կիներ ներգրաւելու նախաձեռնութեան:

Հայ վերապրողներու կողմէ Պուրճ Համուտի հիմնադրութիւնը յիշելով` քաղաքապետ Պօղոսեան շեշտը դրաւ Պուրճ Համուտի բնակչութեան բազմերանգ բնոյթին վրայ` նշելով, որ հիմնադրութեան առաջին տարիներէն ան կը համախմբէ լիբանանեան ընկերութիւնը կազմող բոլոր համայնքները: Անոնց վրայ աւելցան ո՛չ միայն միջինարեւելքցի գաղթականներ` պաղեստինցի, իրաքցի, սուրիացի, քիւրտ եւ այլն, այլ նաեւ` ափրիկեան ու Ծայրագոյն Արեւելքի երկիրներէն բանուորներ:

«Հպարտ ենք այս այլազանութեամբ, թէ ինչպէ՛ս բոլոր այս հաւաքականութիւնները աշխարհագրական նեղ տարածքի մէջ ո՛չ միայն համերաշխօրէն կը գոյակցին, այլ նաեւ կը գործակցին», ըսաւ Պօղոսեան` ընդգծելով, որ բոլոր այս հաւաքականութիւնները կը սիրեն ու կը յարգեն Պուրճ Համուտը, ուր երկար տարիներէ ի վեր կը վայելեն ապահովութիւն եւ խտրականութենէ զերծ յարգանք:

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը «Եու. Էն. Հապիթաթ»-ի հետ գործակցեցաւ կատարելու շէնքերու վնասներու արագ ստուգում, եւ երեւան եկաւ, որ շրջանի շէնքերուն 55 առ հարիւրը ստացած է զանազան աստիճանի վնասներ, յայտնեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետը` նկատել տալով, որ քաղաքը տակաւին չէ ապաքինած, եւ բաւական ժամանակ պէտք է պայթումին հետեւանքները դարմանելու համար:

Պօղոսեան նաեւ ներկայացուց ժողովուրդին եւ բնակչութեան դիմագրաւած ընկերային ու ապրուստի դժուարութիւնները, տնտեսական ու դրամական ճգնաժամին, անգործութեան եւ «Քորոնա» համաճարակին բերմամբ: Ան նկատել տուաւ, որ այս տագնապները պատճառ դարձան մէկ կողմէ քաղաքապետութիւններու ծառայութիւններու յաւելեալ պահանջի, իսկ միւս կողմէ` այդ քաղաքապետութիւններու միջոցներու ու եկամուտներու նահանջին:

«Այս դժուարին պայմաններուն մէջ մենք ստացանք օժանդակութիւններ «Նապաա»-ի նման միութիւններէ եւ անոնց օտար նուիրատուներէն, ինչպէս` Գանատան», ըսաւ քաղաքապետը` շնորհակալութիւն յայտնելով միութեան ու նուիրատուին` վնասուած բնակարաններու նորոգութեան ու նպաստներու բաշխումին համար:

«Բարձր կը գնահատենք այս նախաձեռնութիւնները, եւ կը մաղթենք, որ անոնք շարունակուին, նկատի առած մեր երկրին ու ժողովուրդին դիմագրաւած ճգնաժամային աննախընթաց պայմանները», եզրափակեց քաղաքապետ Պօղոսեան:

«Նապաա» միութեան ներկայացուցիչ Եասեր Տաուտ ներկայացուց միութեան կատարած աշխատանքը, մանաւանդ` Պուրճ Համուտի մէջ 307 բնակարաններու նորոգութիւնը: Ան նաեւ ներկայացուց շրջանին մէջ տիրող իրավիճակն ու քաղաքապետութեան հետ գործակցութեան հեռանկարները:

Հանդիպումին աւարտին քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան յուշանուէր մը յանձնեց դեսպան Շասթենայի:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.