«Լիբանանը Սփիւռքի բաբախող սիրտն է». Լիբանանահայութեան Օժանդակութեան Գանատայի Մարմնի ատենապետ Նորայր Պէրպէրեան

Մայիս 23-ին, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէն յատուկ կոչով դիմեց Գանատահայութեան ու յայտարարեց Լիբանանահայութեան օժանդակութեան Գանատայի մարմնի կազմութիւնը։

Մայիս 28ին, սկիզբ առաւ նուիրահաւաքի արշաւի մեկնարկը։ Իր առաջին կոչին մէջ Լիբանանահայութեան օժանդակութեան Գանատայի մարմինը կը նշէ. «Գանատահայութիւնը միշտ լիաբուռն օժանդակութիւն հասցուցած է  հոն՝ ուրկէ եկած է տագնապի ձայնը, հայրենիքէն եկած ըլլայ ան թէ Սփիւռքի որեւէ գաղութէ։ Վստահ ենք, որ այս անգամ եւս, նո’յն ոգիով՝  զօրավիգ պիտի կանգնինք լիբանանահայութեան»։

Թորոնթոյի Նոր Հայ Հորիզոն հեռուստաժամի հաղորդավար Խաժակ Գուլաճեան հարցազրոյց ունեցաւ Լիբանանահայութեան Օժանդակութեան Գանատայի Մարմնի ատենապետ Նորայր Պէրպէրեանի հետ։ Մանրամասնութիւնները տեսանիւթին մէջ։

https://www.facebook.com/norhaihorizon/videos/407489726877432/UzpfSTEyMDYzMzk3ODA0NDg3MjoyOTIzMjAyOTc3Nzg3OTQ0/?eid=ARBxN3iCCLwQMm0wWoi7g–BgDxQ_Hc4q9HCOCQlpaQXAq1DqGeDwhZN3bEa5X5XZamdpY7paKBhXjuq

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.