Լիբանանահայութեան Օժանդակութեան Գանատայի Մարմին. Հաղորդագրութիւն թիւ 3

Սիրելի հայրենակիցներ,

Լիբանանի տնտեսական եւ ընկերային վիճակը առօրեայ դրութեամբ կը դառնայ աւելի ու  աւելի ահազանգային: Վառելանիւթի չգոյութեան պատճառով արդէն շատ մը վայրերու մէջ՝ անջատուած է ելեկտրական հոսանքը եւ դադրած է ջուրի մատակարարումը: Լիբանանի ժողովուրդին կը սպառնայ իրադրութեան ահաւոր վատթարացում եւ կենցաղային անտանելի պայմաններ:

Սիրելինե՛ր, իւրաքանչիւրիս լուման կրնայ փրկել հայ ընտանիք մը:

Այսու կ’ուզենք յայտնել որ ձեր նուիրատուութիւնները կրնաք կատարել ստորեւ նշուած առցանց նոր հաշուեհամարով, հեռաձայնի թիւով կամ նամակատարով:

1- Ձեր նուիրատուութիւնները կարելի է կատարել հետեւեալ ձեւերով՝

  • ՆՈՐ ԱՌՑԱՆՑ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՑԷ՝

https://camam.akaraisin.com/Aid4Lebanon

ուր տեղւոյն վրայ կրնաք ստանալ ձեր տուրքէ զերծ ստացագիրը։

  • Հեռաձայնել՝ 1 -877-2434532 (1-877-AID4LEB) անվճար թիւին
  • C.A.M.A.M-ին ուղղուած վճարագիրը առաքել հասցէագրուած՝

C.A.M.A.M. | 3401 Rue Olivar-Asselin | Monteal, QC | H4J 1L5

 

 

2- Չմոռնա’ք մասնակցելու մեր Aid4Lebanon Թելեթոն-հանգանակութեան  Հինգշաբթի 9 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 8:30-10:00ին: Թելեթոնը պիտի սփռուի ուղիղ    եթերով, հետեւեալ կայքերէն՝

http://Facebook.com/Aid4Lebanon

ICI Television

Հետեւելու համար մեր աշխատանքներուն, այցելեցէք Լիբանանի Հայութեան Օժանդակութեան Մարմինի դիմատետրի էջը, ինչպէս նաեւ Instagram-ի aid4lebanon հաշիւը:

Սատա’ր հանդիսանանք Լիբանանի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն։ Բանա՛նք մեր քսակները: Հասնի’նք անոնց:

Լիբանանահայութեան Օժանդակութեան Գանատայի Մարմին

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.