Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինը Կ՛օժանդակէ 1951 Բնակարաններու Նորոգութեան Աշխատանքին

4 օգոստոսի Պէյրութի նաւահանգիստի աղէտալի պայթումէն քանի մը օր ետք, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին օրհնութեամբ, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Շահէ արք. Փանոսեանին,  կեանքի կոչուեցաւ Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինը, որուն մաս կազմեցին լիբանանահայ երեք համայնքներու, երեք քաղաքական կուսակցութիւններու եւ երեք բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչները:

Վերականգնումի մարմինը անմիջապէս անցաւ ծրագրաւորման աշխատանքին, գնահատեց Պէյրութի եւ Մեթնի շրջաններուն մէջ ապրող հայ ընտանիքներուն կրած բնակարանային վնասները եւ աշխատանքային բաժանումներով անցաւ օժանդակութեան գործնականացման փուլին:

Յայտնենք, որ ընդառաջելով վեհափառ հայրապետի կոչին, ամբողջ հայաշխարհը եկաւ իր զօրակցութիւնը ընծայելու լիբանանահայութեան, որ արդէն իսկ կը գտնուէր ընկերային-տնտեսական եւ առողջապահական ծանր ու ճգնաժամային պայմաններու մէջ: Համահայկական հանգանակութեան մասնակից դարձան սփիւռքեան մեծ թիւով համայնքներ, ինչպէս նաեւ լիբանանահայութեան օժանդակութեան գործին ձեռք երկարեցին «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամն ու Արցախի պետութիւնը:

Իր կարգին, Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինը անմիջապէս դիմեց լիբանանահայութեան, որպէսզի ճշդուած կեդրոնները ներկայանալով, մեր հայրենակիցները ամբողջացնեն իրենց կրած վնասներուն ցանկագրումը: Դիմումնագիրներու ամբողջացման լոյսին տակ, առաջին երկու փուլերով, ճարտարապետներէ բաղկացեալ յանձնախումբ մը քննարկեց ներկայացուած բոլոր դիմումնագիրներն ու կատարեց անհրաժեշտ արժեւորումներ: Ուստի, կատարուած արժեւորումներուն հիման վրայ, 1496 ընտանիքներ, սեպտեմբեր 2020-ին, ստացան նիւթական համապատասխան հատուցումներ: Զուգահեռաբար, վերանորոգութեան աշխատանքներ սկսան նաեւ պայթումին պատճառով ծանր վնասներու ենթարկուած եկեղեցիներուն մէջ:

Կարեւորութեամբ կը յիշենք, որ պայթումին պատճառով նահատակուած 14 հայորդիներու ընտանիքները Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինին ճամբով ստացան անհրաժեշտ նիւթական հատուցումներ:

7 դեկտեմբերին Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինը յատուկ հաղորդագրութեամբ մը դարձեալ դիմեց լիբանանահայութեան` վնասներու ցանկագրումի երրորդ առիթ մը շնորհելով բոլոր անոնց, որոնք առաջին երկու առիթներուն իրենց դիմումնագիրները չէին կրցած ներկայացնել: Թէեւ արձանագրութիւնները ամբողջացան 10 դեկտեմբերին, սակայն «Քորոնա» ժահրի աննախադէպ մագլցումը եւ այդ ծիրին մէջ մեր կառոյցներու աշխատակազմերուն ունեցած վարակման բարձր համեմատութիւնները, Լիբանանի տարածքին հաստատուած շրջագայութեան արգելքները, ինչպէս նաեւ Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմնի անձնակազմին ունեցած կորուստները պատճառ դարձան, որ երրորդ փուլի հատուցման ժամկէտը քանի մը առիթներով յետաձգուի:

Այսօր գոհունակութեամբ կը տեղեկացնենք, որ հինգշաբթի եւ ուրբաթ` 22 եւ 23 յուլիսին, հատուցման աշխատանքը կը հասնի իր աւարտին: Այս առիթով,  վնասներու թղթածրարները գնահատող յանձնախումբի ճշդած սկզբունքներուն համաձայն, 455 ընտանիքներ եւս պիտի ստանան անհրաժեշտ նիւթական օժանդակութիւն: Հատուցումները պիտի կատարուին դարձեալ լիբանանեան դրամանիշով, սակայն նկատի ունենալով լիբանանեան թղթոսկիի արժեզրկումի պարագան:

Այս փուլի ամբողջացումէն ետք, Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինը աւարտած կը նկատէ վնասուած բնակարաններու օժանդակութեան գործը` անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնելով այս աշխատանքին մէջ իրենց գործնական, բարոյական եւ նիւթական աջակցութիւնը տրամադրած բոլոր հայորդիներուն` շեշտելով, որ բաղդատելով լիբանանեան այլ համայնքներու կողմէ կատարուած օժանդակութեանց եւ վերականգնումի աշխատանքներուն հետ, իր բովանդակութեամբ եւ տարողութեամբ, լիբանանահայ մեր համայնքին կատարած այս նախաձեռնութիւնը մեծագոյնն է:

Ուրախ ենք, որ ընդառաջելով վեհափառ հայրապետի կոչին, մեր ժողովուրդը անգամ մը եւս եկաւ արժանավայել գիտակցութեամբ եւ համազգային զօրակցութեամբ գնահատելու լիբանանահայութեան հաւաքական ու միացեալ կամքի արգասիքը հանդիսացող վերականգնումի յոյժ կարեւոր ծրագիրը եւ անոր տուաւ արժանի գնահատական:

Մեր մաղթանքն ու ակնկալութիւնն է, որ շուտով վերջ գտնէ Լիբանանը հարուածող ծանր քաղաքական, տնտեսական, առողջապահական ու ընկերային ճգնաժամը, որպէսզի մեր համայնքը կարենայ վերադառնալ աշխատանքային բնականոն պայմաններուն` յաւելեալ ուժականութեամբ վերստանձնելու համար իրեն վստահուած համահայկական եզակի դերակատարութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.