Լաւալի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի «Շուշի» մասնաճիւղի Ջաւախքի նուիրուած երեկոն

ԼԱՒԱԼ.- Ուրբաթ, 25 սեպտեմբեր 2026-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Լաւալի Հայ կեդրոնի «Պարոնեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ աւանդութիւն դարձած Ջաւախքի նուիրուած երեկոն, կազմակերպութեամբ ՀՕՄ-ի Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղի Ջաւախքի Յանձնախումբին, ներկայութեամբ ՀՅԴ «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէի անդամ Գրիգոր Թիւֆէնքճեանի, Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան անդամ Լենա Աբրահամեանի, ՀՄԸՄ Լաւալի մասնաճիւղի վարչութեան անդամ Լիզա Գարաճեանի, ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներ՝ Ազգանուշ Հատիտեանի, Սիւզի Պոյամեանի եւ Մարի Հալաճեանի, Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղի ներկայացուցիչ Արփի Սանոսեանի եւ անդամներ՝ Վալերին  Յարութիւնեանի, Թալին Մելիքի եւ Սօսի Խարապոյեանի, ՀՕՄ-ուհիներու եւ համակիրներու հոծ բազմութեան:

Ձեռնարկը սկիզբ առաւ Հայաստանի, Ջաւախքի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներով, որմէ ետք յանձնախումբի ներկայացուցիչ Լենա Մաթոսեան Սարաճեան բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ եւ ըսաւ. «Դարեր շարունակ Ջաւախքը եղած է հայ կեանքի կարեւոր օճախ մը, ուր մեր ժողովուրդը կառուցած է իր սրբավայրերը, պահպանած է մայրենի լեզուն ու մշակոյթը եւ իր աշխատանքով ամրապնդած է իր կապը հայրենի հողին հետ։ Այսօր ալ, դժուարութիւններու եւ փորձութիւններու մէջ, ջաւախքահայութիւնը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ իր արմատներուն ու ինքնութեան, սակայն հայապահպանութեան մարտահրաւէրները աւելի ծանր դարձած են։ Այս պայմաններուն մէջ ՀՕՄ-ի ձեռքը կը դառնայ ամուր թիկունք եւ յոյսի աղբիւր»:

Տեղի ունեցաւ ճաշի հիւրասիրութիւն, որմէ ետք Ջաւախքի մասին սահիկներով ներկայացում կատարուեցաւ, յանձնախումբի ներկայացուցիչ Լենա Մաթոսեան Սարաճեանի կողմէ, որ նախ յայտնեց. «Ջաւախքը միայն աշխարհագրական տարածք մը չէ։ Անիկա պատմութիւն է, մշակոյթ է, լեզու, երգ եւ յիշողութիւն։ Եւ ամենէն կարեւորը՝ Ջաւախքը հայ ժողովուրդին տունն է, որ սերունդներէ ի վեր կը շարունակէ ապրիլ, ստեղծագործել եւ պահպանել իր հայկական ինքնութիւնը», ապա անդրադարձաւ Ջաւախքի աշխարհագրական դիրքին եւ հակիրճ ակնարկով մը՝ պատմութեան, նահանգին մէջ հայ ժողովուրդի արմատներուն, եկեղեցիներուն եւ յայտնի դէմքերուն, որոնցմէ յիշեց՝ գրագէտներ Վահան Տէրեանն ու Դերենիկ Տեմիրճեանը, Քաղաքական գործիչ Յովհաննէս Քաջազնունին, նկարիչ Յակոբ Կոջոյեանը, Աշուղ Հաւասին եւ Ջիւանին, երգչուհի Լուսինէ Զաքարեանը եւ ուրիշներ: Մաթոսեան անդրադարձաւ նաեւ այսօրուան մարտահրաւէրներուն, որուն մեծագոյնը արտագաղթն է, ապա նշեց ՀՕՄ-ի իրականացուցած ծրագիրները՝ առողջապահական, կրթական, երիտասարդական, ընկերային եւ մշակոյթի պահպանման ասպարէզներէն ներս:

Բանախօսը իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Ջաւախքի մասին խօսիլը բաւարար չէ։ Մենք պէտք է աջակցինք ՀՕՄ-ի Ջաւախքի ծրագիրներուն՝ օժանդակելու երիտասարդական կեդրոններուն, քաջալերելու կրթական նախաձեռնութիւնները, կապեր ստեղծելու Ջաւախքի երիտասարդներուն հետ եւ, ի վերջոյ, պէտք է հանգանակել ոչ միայն կարիքի պահուն, այլ երկարաժամկէտ ծրագիրներու համար։ Ջաւախքը մեզի կը յիշեցնէ, թէ հողը միայն սահմաններով չի պահպանուիր, հողը կը պահպանուի բնակչութեամբ։ Եթէ այդ հողին վրայ ապրող հայը ունի դպրոց, ունի եկեղեցի, լեզու, մշակոյթ, աշխատանք, երիտասարդական կեանք եւ ունի ապագայի յոյս, ապա այդ համայնքը կրնայ շարունակել ապրիլ: Եւ այստեղ է ՀՕՄ-ի մեծ առաքելութիւնը։ ՀՕՄ-ը Ջաւախք կը տանի յոյս եւ ամէնէն կարեւոր պատգամը կը փոխանցէ անոնց՝ «Ջաւախքահայ, դուն մինակ չես»։ 25 տարի շարունակ այս պատգամը գործի վերածուած է։ Եւ այսօր այդ գործի շարունակումը մեր բոլորին պատասխանատուութիւնն է։ Երբ կը զօրացնենք հայկական համայնք մը, կը զօրացնենք ամբողջ հայ ժողովուրդը»:

Օրուան հանդիսավար Ալիք Հատիտեան ընթերցեց Վահան Տէրեանի կենսագրութիւնը, որմէ ետք Անահիտ Պալեան հանդէս եկաւ Տէրեանի «Մի խառնէք մեզ» բանաստեղծութեամբ եւ իր՝ «Ջաւախք» ստեղծագործութեամբ: Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ Ազնիւ Թորոսեանի ելոյթով, որ ասմունքեց Տէրեանի «Գարուն»ը, Մայտա Լափէճեան երգեց Տէրեանի «Գարուսէլ»ը, իսկ Կիլիկիա պարախումբը հանդէս եկաւ հայկական 2 պարերով:

Անուշեղէնի հիւրասիրութենէն ետք ժողովրդային եւ ազգային երգերով մթնոլորտը խանդավառեց Մանուէլ Աշըգեան, որմէ ետք շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ «Շուշի» մասնաճիւղի ատենապետ Սիլվա Նազարեան, որ բարձր գնահատեց յանձնախումբին եւ ՀՕՄ-ուհիներուն աշխատանքը, յայտագրին մասնակցողներն ու ներկաները, որոնք անվերապահ աջակցութիւն կը ցուցաբերեն ՀՕՄ-ի ծրագիրներուն:

Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
«Հորիզոն Մետիա»