Իրան․ Հայաստանի հետ TRIPP-ի շուրջ նախնական համաձայնութիւն չէ գոյացած

Իրանի զինեալ ուժերու գլխաւոր հրամանատարի խորհրդական, զօրավար Եահիա Ռահիմ Սաֆաւի յայտարարած է, որ Թեհրան Հայաստանի հետ TRIPP նախագիծին վերաբերեալ որեւէ նախնական համաձայնութեան չէ հասած։ Այս մասին հաղորդած է իրանական IRNA լրատու գործակալութիւնը։

Անդրադառնալով նախագիծին շուրջ ստեղծուած իրավիճակին եւ հայ-իրանական քննարկումներուն՝ Սաֆաւի շեշտած է, որ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու հարցով Իրանի դիրքորոշումը կը մնայ անփոփոխ։

Թեհրան բազմիցս յայտարարած է, որ կողմ է Հարաւային Կովկասի փոխադրական եւ հաղորդակցական ուղիներու բացման, սակայն դէմ է այնպիսի լուծումներու, որոնք կրնան փոխել տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական հաւասարակշռութիւնը կամ սահմանները եւ վտանգել պետութիւններու գերիշխանութիւնը։

TRIPP-ը՝ «Trump Route for International Peace and Prosperity» («Թրամփի ուղի՝ միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման համար»), կը նախատեսէ Հայաստանի տարածքով հաղորդակցական կապ հաստատել Ատրպէյճանի հիմնական տարածքին եւ Նախիջեւանին միջեւ։ Նախագիծը ձեւաւորուած է 2025-ի օգոստոսին Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն շրջանակին մէջ։

2026-ի մայիսին Հայաստան եւ Միացեալ Նահանգներ ստորագրած են TRIPP-ի իրականացման առնչուող համագործակցութեան փաստաթուղթեր։ Իրանական լրատուամիջոցները եւս նշած են, որ նախագիծը կարեւոր տեղ կը գրաւէ Ուաշինկթընի եւ Երեւանի միջեւ խորացող ռազմավարական համագործակցութեան օրակարգին մէջ։

Թեհրան առանձնապէս զգայուն կը մնայ Սիւնիքի տարածքով իրականացուելիք որեւէ նախաձեռնութեան նկատմամբ՝ նկատի ունենալով Հայաստանի հետ Իրանի ցամաքային սահմանի ռազմավարական նշանակութիւնը։