Իշխան Սաղաթէլեան. «Որեւէ Կառոյց, Եթէ Փորձէ Կայացնել Հակապետական Որոշումներ, Պիտի Ենթարկուի Քաղաքացիներու Ճնշումին»

Բաղրամեան պողոտան պէտք է թելադրէ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ քաղաքական օրակարգը: Այս մասին երէկ` 5 մարտին, Բաղրամեան պողոտայէն, Դիմատետրի ուղիղ եթերով ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան:

«Արդէն մէկ շաբաթէն աւելի է, որ մենք կը գտնուինք Բաղրամեան պողոտային վրայ: Այդ պողոտան հռչակած ենք պայքարի հարթակ: Ինչո՞ւ փակ կը պահենք այս պողոտան, որովհետեւ այս պողոտային վրայ կը գտնուին մեր երկրին համար շատ կարեւոր հաստատութիւնները` Ազգային ժողովը, Սահմանադրական դատարանը, նախագահականը, որոնք այս օրերուն մեր երկրին համար ունին կարեւոր որոշումներ կայացնելու կարելիութիւն: Այս պողոտայէն ամէն վայրկեան ժողովուրդին ձայնը պէտք է հասանելի ըլլայ այս կառոյցներուն: Այս կառոյցները պէտք է ըլլան մեր ժողովուրդին հսկողութեան տակ: Այս օրերուն կը սպասէինք նախագահի կարեւոր որոշումին, եւ այն որոշումը, որ տրուեցաւ` կիսատ էր, յոյս ունինք, որ յառաջիկայ օրերուն նախագահը յստակ դիրքորոշում, կեցուածք ունենայ երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակին շուրջ եւ շատ յստակ դիմէ Սահմանադրական դատարան: Մեր այս պահանջը կը շարունակէ մնալ ուժի մէջ», նշեց ան:

Անդրադառնալով իրենց ուղղուած դժգոհութեան, թէ քաղաքացիները յոգնած են ճառերէն, յստակ քայլեր, յստակ գործողութիւններ կը պահանջեն, Իշխան Սաղաթէլեան արձագանգեց. «Մենք կ՛ընդունինք ձեր քննադատութիւնը, բայց նկատի ունեցէ՛ք, մենք մեր երկիրը երբեք նոր ցնցումներու պիտի չտանինք, ատիկա Նիկոլին ծրագիրն է, քանի դեռ կարելիութիւն կայ առանց ցնցումներու հասնիլ դաւաճանի հեռացումին, մենք պիտի ընթանանք այդ ճամբով: Ատիկա չի նշանակեր, որ մեր գործողութիւններուն մէջ երբեք պահանջ պիտի չըլլայ: Արդէն ըսած էինք` դիւրին պիտի չըլլայ, մենք հիասթափուելու առիթ պէտք չէ ունենանք, նժարին մէկ կողմը դրուած է պետութեան եւ պետականութեան հարցը, միւս կողմը` գոյութիւն ունեցող բոլոր դժուարութիւնները»:

Նշենք, որ այսօր` շաբաթ, 6 մարտ 2021-ին, երեկոյեան ժամը 15:00-ին, Բաղրամեան պողոտայի վրայ ընդդիմադիրները հանրահաւաք կը կազմակերպեն: Այդ առիթով Իշխան Սաղաթէլեան դիմեց երիտասարդներուն` կոչ ուղղելով միանալու պայքարին:

«Դուք 2018-ին դուրս եկաք փողոց, կատարեցիք իշխանափոխութիւն` նպատակ ունենալով ունենալ աւելի լաւ, աւելի հզօր ու պաշտպանուած Հայաստան, ուր դուք պիտի ապրէիք արժանապատիւ, ուր պիտի ունենայիք լաւ կրթութիւն, արժանապատիւ աշխատանք: Դուք չէիք պայքարեր, որ խումբ մը մարդոց բերէիք իշխանութեան, որպէսզի անոնք ստանան պարգեւավճար եւ ձեր հարազատները տանէին պատերազմի, կոտորածի, ձեր հայրենիքին մէկ մասը զիջէին թուրքերուն: Դուք խաբուած էք, խաբուած ենք բոլորս, բոլոր անոնք, որոնք հաւատացած են անոնց, դուք մեղաւոր չէք, Նիկոլը խաբած է բոլորին, բայց հիմա այդ սխալը ուղղելու ժամանակն է, ժամանակն է, որ գաք այս հրապարակը եւ ուղղէք այն սխալը, որ տեղի ունեցած է»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.