Իշխան Սաղաթէլեան. «Մեր Երկրին Մէջ Ե՛ւ Դատախազը, Ե՛ւ Քննիչը, Ե՛ւ Ոստիկանութիւնը Մէկ Մարդ Է»

«Մեր երկրին մէջ ե՛ւ դատախազը, ե՛ւ քննիչը, ե՛ւ ոստիկանութիւնը մէկ մարդ է. ատիկա երկրի վարչապետի աթոռը զբաղեցնող անձն է, որ կը կայացնէ բոլորին մեղադրելու որոշումները, իսկ իրաւապահներուն կը մնայ իրենց երեւակայութիւններուն հիմամբ ինչ որ մեղադրանքներ յօրինել եւ փորձել մարդոց ձերբակալել, կալանաւորել», Երեւան քաղաքի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի «Աւան» նստավայրին առջեւ լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին այս մասին յայտարարեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան` աւելցնելով, որ ստեղծուած մթնոլորտը իրեն հետ պիտի բերէ նոր ճգնաժամի դրսեւորում:

Յայտնենք, որ երէկ, ժամը 20:00-էն սկսեալ (Հայաստանի ժամանակացոյցով), Երեւան քաղաքի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի «Աւան» նստավայրին մէջ տեղի ունեցաւ Մեղրիի նախկին քաղաքապետ Մխիթար Զաքարեանի կալանքի միջնորդութեան քննութիւնը:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը մատնանշեց, թէ ակնյայտ է, որ իշխանութիւնը կը փորձէ իր հակառակորդները մեկուսացնել, ինչ որ, ըստ Սաղաթէլեանի, պարզապէս կարելի չէ:

«Իրենք չեն հասկնար, որ բռնութիւններու այսպիսի գործողութիւններով երկարաժամկէտ յաջողութիւններ պիտի չունենան, եւ մենք եւս ատիկա պիտի չթոյլատրենք: Մենք բոլոր միջոցներով պիտի պայքարինք այս ազգադաւ իշխանութիւններուն դէմ, եւ այս պայքարին մէջ, հակառակ իրենց բոլոր ապօրինութիւններուն, իրենք չեն կրնար յաղթանակ ունենալ», նշեց Իշխան Սաղաթէլեան` աւելցնելով, որ պատահական չէ, որ այս ամէնը կը կատարուի Սիւնիքի մէջ, պատահական չէ, որ լաւագոյն զինուորականները կը հեռացուին բանակէն նոյնինքն Սիւնիքի եւ Տաւուշի մէջ: Ըստ անոր, այս ամէնը ուղիղ կապ ունի այն իրադարձութիւններուն հետ, որոնք յառաջիկային տեղի պիտի ունենան Հայաստանի մէջ:

«Իրենք կը փորձեն մեր ինքնութիւնն ու մեր ժողովուրդին դիմադրողականութիւնը պահող ուժերն ու անհատները շարքէ հանել: Ասիկա ծրագիր է մեր երկրին եւ պետութեան դէմ», ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը` աւելցնելով, որ այս ամէնը նպատակ ունի նաեւ հաստատել մէկ մարդու բռնապետութիւն:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.