Իշխան Սաղաթէլեանը Սթրասպուրկի Մէջ Շարք Մը Հանդիպումներ Կ՛ունենայ

Աշխատանքային այցելութեամբ Սթրասպուրկ գտնուող ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան շարք մը հանդիպումներ ունեցած է Եւրոպական խորհրդարանին մէջ:

Հանդիպումներ կայացած են Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխաններ, Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնախումբի անդամ Փեթեր Վիթանովի, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի նախագահ Լուքսա Ֆուրլասի, խորհրդարանի «Ի.Սի. Ար.» քաղաքական խումբի փոխնախագահ Չառլի Վայմերի հետ:

Աշխատանքային օրուան աւարտին Իշխան Սաղաթէլեան հանդիպում  ունեցած է նաեւ Եւրոպական խորհրդարանի փոխնախագահ Հէյտի Հաութալայի հետ:

Հանդիպումներու ընթացքին առանձնայատուկ քննարկման նիւթ դարձած են Հայաստանի ու Արցախի շուրջ առկայ անվտանգային մարտահրաւէրները եւ ազրպէյճանական շարունակական յարձակումները: Իշխան Սաղաթէլեան կարեւոր նկատած է Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի լիարժէք իրականացման եւ կարգավիճակի հարցը` իբրեւ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ տագնապի լուծման միջոց: Շեշտուած է, որ հայ ժողովուրդին համար անընդունելի է որեւէ լուծում, որով Արցախը կ՛ըլլայ Ազրպէյճանի կազմին մէջ:

Եւրոպացի գործընկերներուն ներկայացուած են նաեւ «Դիմադրութեան» շարժման նպատակներն ու յառաջիկայ ծրագիրները, քննարկուած է Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակը:

Իշխան Սաղաթէլեանի այցը կ՛աւարտի քանի մը օրէն:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.