Իշխան Սաղաթելեան Եւրոպական խորհրդարանի փոխնախագահ Յանիս Մանյատիսի հետ արծարծեց հայ գերիներու ազատ արձակման հարցը
- (0)

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ եւ ՀՀ Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթելեան հանդիպում ունեցած է Եւրոպական խորհրդարանի ընկերվար-ժողովրդավարական քաղաքական խմբակցութեան փոխնախագահ Յանիս Մանյատիսի հետ՝ քննարկելով Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները, Արցախի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութիւնը եւ միջկուսակցական համագործակցութեան խորացման հեռանկարները։
Հանդիպման ընթացքին Սաղաթելեան ներկայացուցած է ՀՅ Դաշնակցութեան դիրքորոշումները Հայաստանի ներքաղաքական զարգացումներուն եւ արտաքին մարտահրաւէրներուն վերաբերեալ։ Առանձնայատուկ ուշադրութեան արժանացած են Պաքուի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակման, Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման, ինչպէս նաեւ արցախահայութեան հիմնարար իրաւունքներու, յատկապէս հայրենի բնակավայրեր վերադառնալու իրաւունքի պաշտպանութեան հարցերը։
Կողմերը քննարկած են նաեւ ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Եւրոպական խորհրդարանի ընկերվար-ժողովրդավարական քաղաքական խմբակցութեան միջեւ աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր հաստատուած համագործակցութիւնը ամրապնդելու կարելիութիւնները։ Անդրադարձ կատարուած է նաեւ ՀՅԴ-ի եւ Յունաստանի ՓԱՍՕՔ (PASOK) կուսակցութեան միջեւ յարաբերութիւններու յետագայ զարգացման։
Սաղաթելեան բարձր գնահատած է Եւրոպական խորհրդարանի եւ անոր ընկերվար-ժողովրդավարական խմբակցութեան դիրքորոշումները հայկական հարցերուն նկատմամբ՝ շնորհակալութիւն յայտնելով Մանյատիսին հայ գերիներու ազատ արձակման եւ արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ անոր հետեւողական ջանքերուն համար։