ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ (ԱՊԱ)ՖԵԹԻՇԱՑՈՒՄԸ

Խ. Տէր Ղուկասեան

Սահմանադրական Դատարանը Յուլիս 17-ին մերժեց Յունիս 20-ի խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւնները անվաւեր նկատելու ընդդիմադիր չորս քաղաքական ուժերու Յուլիս 2-ի դիմումը: Սահմանադրական Դատարանի այս որոշումին յաջորդեցին Հայաստան Դաշինքի և Պատիւ Ունեմ քաղաքական ուժերու որոշումը վերցնելու իրենց պատգամաւորական մանդատները: Պատերազմէն առաջ արդէն առկայ, պատերազմէն յետոյ առաւելի արմատացած քաղաքական տարակարծութիւններու բախումը Խորհրդարան փոխադրելու այս լուռ հասկացողութիւնը, որուն հայրենի քաղաքական ուժերը, իւրաքանչիւրը իր նկատառումներէն մեկնած, հասան եկաւ ցոյց տալու որ պատերազմին պարտուած Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութիւնը կը մնայ ուժի մէջ: Օգոստոս 2-ին, նորընտիր Ազգային Ժողովի Ութերորդ Գումարման առաջին նստաշրջանի առաջին նիստը սակայն երևան հանեց այդ ժողովրդավարութեան ամբողջ խնդրականութիւնը և մարտահրաւէրները:

Յունիս 20-ի ընտրութիւններուն ձայներու մեծամասնութիւնը ստացած Քաղաքական Պայմանագրին և իր առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանին համար Հայաստանի մէջ «ժողովուրդի կամք»ի արտայայտութեան երևոյթը «հպարտութեան» առիթ է: Եւ ճիշդ չէ այնքան ալ թեթևէն առնել «պարտուած բայց հպարտ» բանաձևումը, որ ան առիթով մը կատարեց: Եռակողմանի յայտարարութեան ստորագրութենէն անմիջապէս յետոյ, Փաշինեան յամառեցաւ մնալ իշխանութեան վրայ որովհետև այդ էր, ըստ իր բացատրութեան, «ժողովուրդի կամք»ը, և իր «ճամբու քարտէս»ին համաձայն արտակարգ ընտրութիւններու ժամանակ ճշդեց վեց ամիս յետոյ առանց ճշգրիտ թուական տալու:

Հանրապետութեան Նախագահը չյաջողեցաւ Վարչապետին համոզել որ հրաժարականը բանականօրէն անխուսափելի էր՝ յետ-պարտութեան կայունութեան ապահովման և արտաքին սպառնալիքի դիմագրաւման համար: Ոչ ալ շատ աւելի բարոյական նշանակութիւն ունեցող երկու Վեհափառներու թէ Սփիւռքէն տարբեր կուսակցութիւններու թէ կազմակերպութիւններու դիմումը որևէ ազդեցութիւն ունեցաւ Փաշինեանին վրայ:

Ազգային Ժողովի մէջ ընդդիմադիր երկու քաղաքական ուժերը, որոնք ընդդիմադիր էին միայն որովհետև Իմ Քայլը բացարձակ մեծամասնական խմբակցութեան մաս չէին կազմեր, չկրցան կացութիւն ստեղծել: Ոչ իսկ կրցան պատերազմի ընթացքի ու պարտութեան պատճառներու հետաքննութեան գործընթաց մը սկսիլ, թէկուզ և այն բախելով մեծամասնութեան մերժումին ըլլար ոչ-պաշտօնական և խորհրդարանական աշխատանքին զուգահեռ նախաձեռնութիւն: Աւելի՛ն, այդ անհրաժեշտ քայլը առնելու իրենց ամբողջ ձեռնթափութեան կամ քաղաքական անկարողութեան փաստը տուին: Կամ ալ պարզապէս, Փաշինեանի նման, այնքան ալ համոզուած չէին որ այդ հետաքննութիւնը անհրաժեշտութիւն մըն էր…

Քաղաքացիական Պայմանագրին ղեկավար վերնախաւը յաջողեցաւ տարհամոզել Իմ Քայլը պատգամաւորական խմբակցութենէն զանգուածային արտահոսքը՝ մանդատները վար դնելու թէ խմբակցութենէն դուրս գալու կարգով, քայլ մը որ կարգ մը պատգամաւորներ ըրին: Մնացածները, տարբեր պատճառներով, ներառեալ շատ հաւանաբար լաւ աշխատավարձով և առատ պարգևավճարներով յատկանշուած աշխատատեղի այլընտրանք չունենալու մտահոգութեամբ, մնացին Փաշինեանի հաւատարիմ կամակատար:

Իշխանութեան ամենէն զօրաւոր մարտահրաւէրին վերածուած Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումը, արտախորհրդարանական ընդդիմութիւնը, տարեվերջին կորսնցուց իր թափը և երբեք չվերագտաւ զայն, և, ինչ ալ ըլլան անոր նախաձեռնողներու տուած բացագրութիւնները, իրողութիւնն այն է որ այդ նպատակով մէկտեղուած 16 քաղաքական կուսակցութիւնները չկարողացան ստեղծել ժողովրդային զօրաշարժի այն տարողութիւնը, որ անհրաժեշտ էր Վարչապետի հրաժարման պահ ստեղծելու համար:

Այս բոլորը եկան Թաւշեայ Յեղափոխութեան ղեկավար իշխանախաւին համոզելու, որ եթէ իրենց «թիմ»ը յաջողած է նման քաղաքական ճգնաժամի մը վերապրիլ, ապա և այդ մէկը ինքնին փաստ էր որ իշխանութեան վրայ մնալու որոշումը ճիշդ էր, ինչպէս Ազգային Ժողովի շէնքին մէջ լրագրողներու հետ ճեպազրոյզի մը առիթով օրին Խորհրդարանի փոխ-նախագահ և հիմա արդէն նախագահ Ալէն Սիմոնեանը իրեն յատուկ շնականութեամբ դիտել տուաւ: Եւ եթէ նկատի ունենանք, որ այս արտակարգ ընտրութիւններուն Քաղաքացիական Պայմանագիրը որոշեց որպէս առանձին քաղաքական ուժ և ոչ թէ ընտրական դաշինք ներկայանալ, ապա և իր ստացած ձայներու մեծամասնութիւնը թէև հեռու 2018-ի արտակարգ ընտրութիւններու Իմ Քայլը դաշինքին ձեռք բերած արդիւնքէն, այնուամենայնիւ հաստատեց Թաւշեայ Յեղափոխութեան ղեկավար վերնախաւին հանդէպ այդ քուէներու քանակին համապատասխան ժողովրդային հատուածի մեծամասնութեան վստահութիւնը:

Հակառակ պատերազմին ու պարտութեան յաջորդած գոյութենականօրէն ճգնաժամային պայմաններու մէջ կայացած ըլլալուն, 20 Յունիս 2021-ի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները, այդուհանդերձ, այնքան ալ տարբեր չեղան անկախութենէն ի վեր տեղի ունեցած համարեայ բոլոր ընտրութիւններէն: Առանց նկատի առնելու առաջին, 1991-ի նախագահական ընտրութիւնները, ոչ մէկ ընտրութիւն, նախագահական ըլլայ այն թէ խորհրդարանական, իշխանափոխութիւն իրականացուցած է քուէի ճամբով: Իշխանութեան վրայ գտնուող քաղաքական ուժը, որ նաև կը տիրապետէ պետական միջոցներուն, միշտ ալ յաջողած է ապահովել մեծամասնական քուէն: Թէ ընտրակաշառքը իր տարբեր ձևերով միշտ դեր ունեցած է, թէ միշտ ալ արձանագրուած են խախտումներ՝ անկասկած: Բայց ոչ մէկ ընտրութիւն միջազգային դիտորդներու կողմէ անվաւեր նկատուած է այնքան, որ ընտրուած իշխանութեան օրինականութիւնը մերժուի և անոր դէմ պատժամիջոցներ ձեռնարկուին: Ոչ իսկ 1-2 Մարտ 2008-էն յետոյ, երբ Սերժ Սարգսեանի կառավարութիւնը միջազգային մեկուսացման մեծ ռիսքի առջև գտնուեցաւ: Փետրուար 2013-ին Ռաֆֆի Յովհաննէսեանի «Բարևոլուշըն»ը ստեղծեց բացառիկ զօրաշարժ և իշխանափոխութեան շատ եզակի կացութիւն, բայց շարժումը շատ շուտ ինքզինք սպառեց: Երկու իշխանափոխութիւնները եղած են ոչ-օրինաւոր ճամբով՝ 1998-ին Լևոն Տէր Պետրոսեան հրաժարեցաւ իշխանախաւի ճնշումներու որպէս հետևանք, և 2018-ին տեղի ունեցաւ Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը:

Իշխանափոխութիւնը խոչընդոտող և իշխանութեան վրայ գտնուող ուժի վերարտադրութեան, այդ ուժի ներկայացուցած հատուածական/դասակարգային շահերու պաշտպանութեան օրինականացման մեքանիզմի վերածուած այս թերի կամ թերաճ ժողովրդավարութեան պատճառները պիտի փնտռել 1994-էն յետոյ անկախ պետականութեան կառուցման գործընթացին մէջ: Արցախեան պատերազմի յաղթանակն ու ազգային բանակի շատ արագ կազմաւորումը այդ գործընթացի անհրաժեշտ, բայց ոչ բաւարար ազդակը եղաւ: Այս վերջինը տնտեսական անցումն էր, որ նոյնացաւ «Պետութեան զաւթում»ին (State capture) հետ: Յղացքը բանաձևած են Միջազգային Դրամական Ֆոնտի գիտաշխատողներ Ժոէլ Հելլման և Տանիէլ Քաուֆմանն 2001-ին, նախկին խորհրդային տարածքին տնտեսական անցումը յատկանշած կաշառակերութեան երևոյթը բացատրող իրենց յօդուածով: Ընդ որում, խԽորհրդային կարգերու յատուկ ծրագրաւորուած տնտեսութենէն ազատ շուկայական յարաբերութիւններու անցումը, ինչպէս բոլոր նախկին խորհրդային հանրապետութիւններուն, Հայաստանի մէջ ալ տեղի ունեցաւ պետական հաստատութիւններու վերահսկողութեան հաստատումով: Պետութեան ուժային ազդակը հիմնական դեր ունեցաւ կապիտալի առաջին կուտակումի յաճախ վայրագ, արիւնալի և մաֆիոզ մրցակցութեան կանոնաւորման մէջ: Արդիւնքով առաջացաւ երկրի տնտեսութեան վրայ մենաշնորհ հաստատած դասակարգը ի դէմս օլիկարգերուն, ընկերային սուր բևեռացում, որ երբեք չմեղմացաւ որովհետև ընկերային արդարութիւնն ու անոր ենթադրած հարստութեան վերաբաշխումը անտեսուեցան, և հասարակութեան կենսամակարդակի բարելաւման համակարգ չստեղծուեցաւ: Պետականաշինութիւնը մնաց հայրենասիրական հռետորութիւն, բովանդազուրկ խօսոյթ, որ իշխող դասակարգին թոյլ կու տար իր ձեռքերուն մէջ պահել պետական հաստատութիւնները: Դասակարգային այդ յատուկ տիրապետութիւնն ալ քողարկուեցաւ ժողովրդավարութեան ձևականութեան:

Ապրիլ 2018-ի իշխանափոխութեան ենթահողը Լևոն Տէր Պետրոսեանի նախագահութեան ժամանակ ստեղծուած, Ռոբերտ Քոչարեանի հետ ամրագրուած, և Սերժ Սարգսեանի անյաջող ճիգով ինքնավերարտադրութեան քաղաքական երաշխիք ստեղծելու ձգտած օլիկարգային համակարգի առաջացուցած ընկերային բևեռացումն էր: Թաւշեայ Յեղափոխութեան նախաձեռնողները յաջողեցան ընկերային բևեռացման ցասումը քաղաքական դրամագլուխի վերածել «ժողովրդավար յեղափոխութիւն»ներու յատուկ աջ-լիբերալ գաղափարախօսական մօտեցումով: Ապա, ընկերային բևեռացումը անոնք վերաճեցին քաղաքական բևեռացումի՝ ժողովրդային լայն զանգուածներու հեշտօրէն հասկնալի «սև ու սպիտակ»ի, «նախկին և ներկայ»ի, «յեղափոխական և հակայեղափոխական»ի պարզաբանուած և հանրային յարաբերութիւններու (Փի. Ար.) արհեստագիտութեան վարպետ օգտագործումով:

Ապրիլ 2018-ի շխանափոխութեան յաջորդած քանի մը ամիսներուն քաղաքական բոլոր ուժերու միջև սկսած խորհրդակցութիւնները ստեղծեցին հայկական Մոնքլօայի պահ մը, յարանման Սպանիոյ քաղաքական ուժերու և քաղաքացիական հասարակութեան համաձայնութեանց որ գոյացաւ 25 Հոկտեմբեր 1977-ին Ֆրանքոյի բռնատիրութենէն յետոյ երկրի մէջ ժողովրդավարութեան ամրակայման անհրաժեշտ քաղաքա-իրաւական և տնտեսական զարգացման խնդիրներուն և ուղղութիւններուն շուրջ: Թաւշեայ Յեղափոխութեան յառաջապահ ուժը, սակայն, շուտով հասկցաւ որ անմիջական անհրաժեշտութիւնը իշխանութիւնը, ամբո՛ղջ իշխանութիւնը, վերցնել և հետզհետէ աւելի կեդրոնացնելն էր մէկ անձի և անոր նեղ շրջանակին ձեռքերուն մէջ: Ինչ որ տեղի ունեցաւ 9 Դեկտեմբեր 2018-ի արտակարգ ընտրութիւններով, որուն Փաշինեանի գլխաւորած Իմ Քայլը դաշինքը ստացաւ ձայներու 70 տոկոսը: Այս ձևով, Թաւշեայ Յեղափոխութեան ղեկավարները իրենցը ըրին «պետութեան գրաւման» գործընթացը, որ կենսականօրէն անհրաժեշտ եղաւ նոր իշխանակարգին՝ ժողովուրդէն հաւաքուած հարկերու ճամբով «յաւելեալ արժէք»ի իւրացման համար ի դէմս աշխատավարձի յաւելման թէ պարգևավճառներու բազմապատկումին: Ինչ որ տեղի ունեցաւ Ապրիլ 2018-էն յետոյ՝ իշխանութեան կեդրոնացման միջոցաւ դրամագլուխի նոր կուտակում մը և նոր իշխող դասակարգի մը առաջացումն է արդէն գոյութիւն ունեցող օլիկարգային խաւի կողքին, այսինքն՝ հարստութեան վերաբաշխում/վերակեդրոնացում առանց համակարգային փոփոխութեան:

Ապրիլ 2018-էն յետոյ մինչև Քառասունչորսօրեայ Պատերազմ, Իմ Քայլական կառավարութեան վայելած ժողովրդային լայն վստահութիւնը և Ազգային Ժողովի մէջ ձևական, գրեթէ ծաղրանկարային, ընդդիմութեան գործօնները հեշտացուցին իշխանութեան կեդրոնացումը: Թէ այդ իշխանութիւնը ինքնանպատակ էր թէ պարզապէս միջոց՝ փոփոխութիւններ իրականացնելու համար, վստահութեան հարց է միայն: Այսինքն՝ կամ պիտի հաւատալ և վստահիլ իշխանութեան յաւելեալ կեդրոնացման ձգտող քաղաքական ուժի բարի կամեցողութեան, կամ ալ պիտի չհաւատալ և չվստահիլ: Թաւիշի հետևորդներն ու օրգանական մտաւորականները կրնան պնդել, որ այդ ժողովրդավարութեան որակային բարեփոխումները սկսած էր, և ոչ իսկ պատերազմն ու պարտութիւնը պիտի կասեցնեն զանոնք: Փաստը՝ Յունիս 20-ի ժողովուրդի վստահութեան քուէն: Այս տրամաբանութիւնը սակայն համահունչ է Քրիստափոր Միքայէլեանի «այս դէպքէն յետոյ ուրեմն այս դէպքին պատճառով» «ամբոխային տրամաբանութեան»: Չի համոզեր որ ժողովրդավարութեան  որակային բարեփոխումները սկսած էին Ապրիլ 2018-էն յետոյ, այդ բարեփոխումները իրականացնելու լուրջ նպատակ կար կամ երաշխիք է, որ այդ բարեփոխումները տեղի պիտի ունենան Ազգային Ժողովի  Ութերորդ Գումարման սկիզբ առնելէն յետոյ:

Աջ-ազատական գաղափարախօսական մեկնակէտով, և համայնավար վարչակարգի ծրագրուած տնտեսական համակարգին յաջորդած նէօլիպերալ օլիկարգային տնտեսակարգի ոլորտին մէջ ժողովրդային զանգուածային զօրաշարժի կացութիւն ստեղծած «գունաւոր յեղափոխութիւն»ները յաջողած են ժողովրդավարութեան կիրառումը նոյնացնել «կաշառակերութեան դէմ պայքար»ի հասկացողութեան հետ: Ընդ որում, ժողովրդային լայն զանգուածներու համար պարզացուած և հեշտօրէն ըմբռնելի «լաւ ապրել»ու խոստումն ու հեռանկարը պայմանաւորած են երկրի հարստութիւնը զաւթողները իրենց առանձնաշնորհումներէն զրկելու, զանոնք դատի տանելու և օրէնքի ճամբով դատապարտելու քաղաքական մանդատով, որ ստացած են ժողովուրդէն: «Կաշառակերութեան դէմ պայքար»ի այս մօտեցումը, հրապարակային-հրետոռական բանաձևումը և քաղաքական պայքարի ու իշխանութեան կիրակրման ընթացքին գործադրութիւնը ժողովրդավարութեան ֆեթիշացումն է, ի հետևումն Քարլ Մարքսի «ապրանքային ֆեթիշիզմ» յղացքին, որ գործածած է Կապիտալ-ի առաջին հատորին մէջ:

Ժողովրդավարութեան ֆեթիշացումը պիտի հասկնալ որպէս դրամատիրութեան նէօլիպերալ ժամանակաշրջանին ժողովրդավարութեան օտարումը մարդկային յարաբերութիւններէ և անոր ընկալումը որպէս ինքնիրմով հասկնալի երևոյթ: Թերի ժողովրդավարութիւնը բարեկարգելու նպատակով հրապարակած եկած բոլոր «գունաւոր յեղափոխութիւն»ներուն նման Թաւշեայ Յեղափոխութիւնն ալ ժողովրդավարութիւնը ֆեթիշացուց իշխանութեան վրայ յարատևելու: Ժողովրդավարութեան ֆեթիշացումը ինքնին ամբողջ ձեռնարկութիւն մըն է իր օրգանական մտաւորականներով, Սի.Ի.Օ.երով, տեղական ձեռնարկատէրերով, սոցիալական ցանցերու «համայնքային մենէյճըր»ներով և մեծ ու փոքր բաժնետէրերով: Անոնց ներդրումը և նորարական ճիգը, բայց մանաւանդ սոցիալական ցանցերու 24/7 Փի.Ար.ի գործողութիւնները անհրաժեշտ են ֆեթիշի ե՛ւ կրօնաաղանդաւորական հաւատքը, ե՛ւ անոր պաշտամունքի բառապաշարին զանգուածային շրջաքայութիւնը բարձր պահելու համար: Այնքան մը, որ երբ նոյնիսկ Քառասունչորսօրեայ Պատերազմով անոր սակարանային արժէքը զօրաւոր անկում կրեց, բաժնետոմսերու առաջարկային մարքէթինկը շարունակուեցաւ Թաւշեայ պղպջակին պայթումը կանխարգիլելու համար, և առաջքը առնելու որ «այն, ինչ ամուր է, [կը] հալի [է] օդին մէջ, այն ամէնը, ինչ սուրբ է, [կը] պղծուի, և մարդը վերջապէս ստիպուած [կ’]ըլլայ սթափ զգայարաններով դիմակայել իր կեանքի իրական պայմաններուն և իր տեսակի հետ յարաբերութիւններուն» -ինչպէս Մարքս և Էնկէլս գրած են Կոմունիստական Մանիֆեստ-ին մէջ:

Ֆեթիշացուած ժողովրդավարութեամբ կառավարելը դիւրին էր Թաւշեայ իշխանակարգին համար: Մանաւանդ որ, ինչպէս վերը նշուեցաւ, Ազգային Ժողովին մէջ ընդդիմութեան ձևականութիւնը և Իմ Քայլականներու բացարձակ մեծամասնութիւնը իշխանութիւններուն համար ստեղծած էին առանց ոչ մէկ վերահսկողութեան կառավարելու դրախտային իրավիճակ մը, որ իրենց նախորդած Հանրապետականներուն նախանձ պէտք է պատճառեր: Հանրապետական բացարձակ մեծամասնութեամբ Ազգային Ժողովին մէջ Սերժ Սարգսեանի կոալիցիոն կառավարութիւնն ու երկրի իշխանախաւն ու իր օլիկարգները ունէին իր ըննդիմադիր փոքրամասնութեան տեղը լաւ հասկցած ակտիւանալու և արմատականանլու համարձակութիւնը Նիկոլ Փաշինեան մը ունէին: Որպէս պատգամաւոր, Փաշինեան իշխանութիւններու դէմ իր քննադատութիւնները արմատականացուց, ընկալելի դարձուց ժողովուրդին, յաջողեցաւ կացութիւն ստեղծել: Ոչ Ազգային Ժողովին մէջ, այլ՝ փողոցին, ուր իրենց առօրեային հոգերով ծանրաբեռնուած, իրենց օրապահիկի ապահովմամբ մտահոգ և իրենց ու իրենց յաջորդող սերունդներուն կենսամակարդակը բարելաւելու արդար սպասում ունեցող շարքային քաղաքացիներն են: Առանց այս իրողութեան գիտակցումին կարելի չէ Թաւշեայ Յեղափոխութեան ժողովրդականութեան ներազգային/խորքային պատճառները ընկալել: Եւ առանց այդ խորքային պայմաններու հասկացողութեան, Ապրիլ 2018-ի զանգուածային զօրաշարժն ու իշխանափոխութիւնը  կը մնան արտաքին ամէն գոյնի ու ձևի սադրանքներով բացատրելու մակերեսնայնութեան մակարդակին:

Անկախացումէն ի վեր, իշխող ուժի խորհրդարանական բացարձակ մեծամասնութիւնը Օրէնսդիր Իշխանութիւնը վերածած է «մեծամասնութեան բռնապետութեան», ուր փոխադարձ յարգանքի ձևականութիւնը կը պահպանուի, առանց սակայն փոքրամասնական ընդդիմութեան հետ համախոհական լուրջ տիալոկի տրամադրուածութեան: Թաւշեայ Յեղափոխութենէն յետոյ այդ «մեծամասնութեան բռնատիրութիւնը» բացարձակացաւ: Աւելի քան «նախկին»ները, Թաւշեայ իշխանակարգն ու Իմ Քայլական խորհրդարանական բացարձակ մեծամասնութիւնը ընդդիմութեան հետ համախոհական լուրջ տիալոկի ոչ մէկ տրամադրուածութեան հակամէտութիւն ցուցաբերեց: Ոչ իսկ երկրի լինելութեան սպառնացող արտաքին գործօններու և Հայաստանի նման աշխարհաքաղաքականօրէն այնքան խոցելի ու միջազգային յարաբերութիւններու մէջ անկարևոր, բայց և կազմակերպուած և զօրաշարժի ատակ Սփիւռք ունեցող փոքր երկրի ու պետութեան մը ներազգային զարգացման ընդհանուր համաձայնութեան մը համար: Նախ որովհետև նման հանաձայնութեան հարկը չէր զգացուեր, և չի՛ կրնար զգացուիլ, առանց ակտիւ ընդդիմութեան մը: Ապա, ամէն վերահսկողութենէ զերծ, լայն ժողովրդականութեան վայելող Թաւշեայ ղեկավարը հաւատաց իր ամենագիտութեան, ֆեթիշացած ժողովրդավարութեան մէջ ինքզինք վերածեց ֆեթիշի: Փաշինեանին նախորդած երկրի ղեկավարներէն ոչ մէկը անհատի պաշտամունք չէր ստեղծած սպառողական շուկայի մարքէթինկի դիմելով, ոչ մէկուն մասին գիրքեր չէին գրուած, ի մասնաւորի՝ անգլերէն, ոչ մէկը միջազգային փառատօներու մրցանակներու հաւակնորդ վաւերագրական ժապաւէններու կեդրոնական կերպար չէր եղած: Այդ բոլորէն յետոյ այնքան դժուար չէր Փաշինեանին համար ինքզինք համեմատել Յիսուսի և հաւատալ Թաւշեայ հրաշքին…

Պատերազմն ու պարտութիւնը չխորտակեցին ֆեթիշը:

Ընդհակառա՛կը, Թաւշեայ իշխանակարգը հասկցաւ որ ժողովրդավարութեան ֆեթիշացումը անհրաժեշտ է նորմալացնելու համար պարտութիւնը և Նոյեմբեր 9-էն յետոյ քաղաքականութիւնը շարունակել որպէս ընթացիկ, ամենօրեայ բիզնէս: Բառացիօրէն: Երևանի առօրեայի «նորմալ»ին մասին ի լուր աշխարհի բանաձևումը Թաւշեայ Յեղափոխութեան օրգանական մտաւորականներէն մէկուն ներդրումն է պարտութեան նորմալացման: Անշուշտ անգլերէնով, և ուրեմն ոչ-հայ ակնդիր հասարակութեան մը համար: Թէ յաջողեցան՝ անկասկած: Ազգային Ժողովը կը մնայ «մեծամասնութեան բռնապետութիւն» ի դէմս 71 միադիմագիծ պատգամաւորներու, որոնց մէկ մարդու նման, և մէկ մարդու հրահանգով, պիտի քուէարկեն, երբեմն ելոյթ ունենան, բայց հիմնականին մէջ վերահսկեն որ ընդդիմութիւնը Օրէնսդիր Իշխանութիւնը Գործադիր Իշխանութեան վերահսկողութեան և հակակշռի չվերածէ, լուրջի չառնէ իր պատգամաւորի դերը, ժողովուրդին կողմէ մանդատ ստանալը մերժէ ընկալել ֆեթիշացած ժողովրդավարութեան թեթևութեամբ:

Պատահական չեն ընդդիմադիր պատգամաւորներու թէ համայնքապետերու կալաւորման մէջ պահելը, օրէնսդրական հապճեպ տնօրինումները, որոնք ժողովրդավար գործընթացի ամենատարրական դրոյթները կրնան սահմանափակել, և, մանաւանդ, Պետութեան հաստատութիւններու թէ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու մէջ իշխող կուսակցութեան և Վարչապետին հաւատարիմներուն նշանակումը -հոգ թէ այդ մէկը երբեմն խայտառակութիւն ըլլայ: Ընդդիմադիր պատգամաւոր Աղվան Վարդանեան այս գործընթացը բնութագրեց որպէս «պզտիկ բռնապետութեան» ստեղծում: Այդ «բռնապետութիւնիկ»ին առաջացումը անհրաժեշտ է, նախ որովհետև իշխանութիւնը իր վերապրումը կը մտածէ արտաքին երկու կախուածութիւններու նուիրագործումով. Ռուսաստանէն՝ անվտանգութեան հարցով և արտաքին մեծ կապիտալէն՝ տնտեսութեան ենթադրեալ վերակտիւացման և զարգացման համար: Այդ կախուածութիւններու նուիրագործումը, այսինքն՝ այն գաղտնի փաստաթուղթերը որ Փաշինեան ստորագրեց և դեռ կրնայ ստորագրել, պիտի չխաթարուի ներազգային ոլորտի մէջ, անոնց օրինականութիւնը հարցականի տակ պիտի չդրուի: Ապա, որովհետև Ազգային Ժողովէն ներս հիմա կան երկու ընդդիմադիր ուժեր, և ոչ թէ ընդդիմութիւն կապկողներ, որոնք որոշած են միասնակամօրէն հանդէս գալ, նպատակ դրած են իշխանափոխութիւնը ժողովրդավար և ժողովրդային զօրաշարժի ճամբով, և Ութերորդ Գումարման առաջին օրէն իսկ փաստը տուին թէ որքա՛ն լուրջ են արմատականալու իրենց յայտարարուած վճռականութեամբ:

Իշխանութեան ու Ազգային Ժողովէն ներս մեծամասնական քաղաքական ռւժին «կառուցողական»ութեան հրաւէրները կարծես մոռցնել կ’ուզեն տալ թէ որքա՛ն վայրագ եղած էր իրենց ընտրական արշաւը: «Կառուցողական»ութիւնը կ’ենթադրէ նախ իշխող ուժին կողմէ դէպի ընդդիմութիւն որևէ քայլ որ պարապ հռետորութիւն չըլլայ միայն: Եւ անոր ընկերացող կոնկրետ արարքներ: Ոչ թէ, օրինակը կարգով նշենք, ընդդիմութեան առաջադրած փոխ-նախագահի թեկնածուի հետևողական մերժումը: Բայց այս թերևս սպասելի է իշխանութեան վրայ քաղաքական ուժին կողմէ: Ժողովրդավարութիւնը պիտի ուզեն պահել ֆեթիշացման մակարդակին որպէսզի իրենք մնան անոր «չեմպիոնը» իրենց ընտրողներուն, և արտաքին, յատկապէս Արևմտեան, ուժերու աչքին: Եւ կարևորը այս վերջիններն են: Գլխաւոր դաշնակից Ռուսաստանէն Հայաստանի անվտանգութեան, և հետևաբար՝ իրենց իշխանութեան վրայ մնալու, հարցը արդէն լուծուած է իրենց կրկնակի ապիկարութեան հետևանքով. պատերազմի պարտութիւն և հրաժարական չտալու յամառութիւն: Այդ իսկ պատճառով, յօդուածի սկզբնաւորութեան բանաձևուած «պատերազմին պարտուած Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութիւնը կը մնայ ուժի մէջ» դիտարկումը պիտի հասկնալ ոչ միայն սահմանադրական կարգի պահպանումով, ընտրական գործընթացի իրականացումով և, հետևաբար, «ժողովուրդի կամք»ի անխաթար արտայայտութեամբ, այլ՝ Ազգային Ժողովէն ներս ընդդիմութեան ներկայութեամբ:

Փոքրամասնական է այդ ընդդիմութիւնը, քուէի իմաստով կարելիութիւնը չունի առանց մեծամասնութեան համաձայնութեան, կամ առնուազն՝ անոնցմէ այլախոհական քուէներու, որևէ որոշում անցկացնել կամ կասեցնել: Աւելի՛ն, ընդդիմադիր երկու խմբակցութիւններու համագործակցութեան մնայունութեան երաշխիք ի սկզբանէ չկայ: Ոչ անպայման ծրագրային տարբերութիւններու պատճառով: Երկու խմբակցութիւններու ղեկավար տարրերուն մէջ, ի մասնաւորի Խորհրդարանէն դուրս, կան զօրաւոր անհատականութիւններ, որոնք կրնան և տարբերիլ իրարմէ, չհամաձայնիլ և ուզել առանձին ուղի կերտել: Բայց առնուազն 1998-էն ի վեր թերևս ամենէն աւելի կշիռ և վճռակամութիւն ցուցաբերող ընդդիմութիւնն է, որ քաղաքական հրապարակ կու գայ երկրի ճակատագրին համար բախտորոշ պահու մը:

Այդ ընդդիմութեան կը մնայ նաև Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան պահպանման ու ամրակայման յանձնառութեան փաստը տալ սահմանադրական կարգերու պահպանման և ընտրական գործընթացի օրինականութիւնը յարգելու իր արդէն տուած փաստէն անդին: Ընդդիմութեան մարտահրաւէրն է կոտրել ժողովրդավարութեան պահապան «չեմպիոն»ի մենաշնորհը, որ Թաւշեայ վերնախաւը հաստատած է: Ընդդիմութեան մարտահրաւէրն է, վերջապէս, ժողովրդավարութիւնը ապաֆեթիշացնել, ժողովրդավարութի՛ւնը արմատականացնել, այսինքն՝ իր արմատականացման որոշումը չսահմանափակել միայն իշխանափոխութեամբ:

Բարդ մարտահրաւէր է, հասկնալի է: Ժողովրդավարութեան ապաֆեթիշացումը կ’ենթադրէ քննադատական մտածողութիւն, գաղափարախօսական աշխարհահայեացքներու յստակացում/բախում, և քաղաքական/ծրագրային ընդարձակ օրակարգ, որ չսահմանափակուի միայն ազգային/ապազգայինի բանավէճով և հասնի ժողովուրդի լայն զանգուածներուն, բացայայտէ այն թիւրիմացութիւնը, որ Թաւշեայ իշխանախաւը յաջողեցաւ ստեղծել որպէս միակ այլընտրանք, միակ երաշխաւոր, քաղաքացիներու «լաւ ապրել»ու հասկնալի ու արդար սպասումին: Բայց մարտահրաւէրի բարդութեան իսկ պատճառով կ’արժէ ընդդիմութեան արմատականացումը հանրային քննարկման դնել նաևժողովրդավարութեան ապաֆեթիշացման իմաստով:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.