Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն՝ ի պատիւ Հայաստանի Հանրապետութեան Օնթարիոյի պատուակալ հիւպատոս Վարուժան Լափոյեանի

Սփիւռքի տարածքին եւ ի մասնաւորի՝ Թորոնթոյի հայ համայնքի կեանքէն ներս մեծ եւ նշանակալի ներդրումներ ունեցող Վարուժան Լափոյեան յայտնի դէմք է յատկապէս հայապահպանման գծով տարած իր գործունէութեամբ։ Յիշարժան երեւոյթ է 2016ին անոր կատարած իշխանական նուիրատուութիւնը ՀՕՄի երկրորդական վարժարանին։

Իբրեւ ազգային բարերար եւ գործարար, անոր եզակի դերը կը շեշտուի նաեւ Սփիւռք-Հայաստան փոխգործակցութեան ծիրէն ներս, որպէս Հայաստանի Զարգացման Հիմնադրամի պատուաւոր ներկայացուցիչ՝ Թորոնթոյի մէջ։

Յունուար 2019ին, ՀՀ Արտաքին Գործոց նախարարութեան կողմէ Վարուժան Լափոյեան արդարօրէն նշանակուեցաւ Օնթարիոյի մէջ ՀՀ Պատուոյ Հիւպատոս, որուն ի պատիւ 20 Մարտ, 2019ին, Հ.Յ.Դաշնակցութեան «Ս. Թէհլիրեան» կոմիտէութեան կողմէ կազմակերպուեցաւ  ընդունելութիւն-հաւաքոյթ մը, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ։

Հաւաքոյթին ներկայ էին Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Բաբգէն Արք. Չարեան, Առաջնորդական փոխանորդ Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հովիւ Հայր Եղիա Ծ. Վարդապետ Քիրէջեան, Ազգային Վարչութեան անդամ Յակոբ Ճամպազեան, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հրաւիրեալներ։

Հաւաքոյթի բացումը կատարեց ՀՕՄի ամէնօրեայ վարժարանի փոխտնօրէն՝ Սարին Պապեան, որ բարի գալուստի խօսքէն ետք հակիրճ կերպով անդրադարձաւ մեծարեալ Պատուոյ Հիւպատոսի կենսագրութեան, ստացած կրթութեան եւ որպէս ազգային գործիչ եւ բարերար ծաւալած գործունէութեան՝ սկսած ծննդավայրէն հասնելով մինչեւ Թորոնթօ եւ Հայաստան։

Յաջորդաբար խօսք առաւ Հայ Կեդրոնի պատասխանատու եւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան «Ս. Թէհլիրեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Սեւակ Քիւփէլեան, որ շնորհաւորեց նորանշանակ Պատուոյ Հիւպատոսը Հայ Կեդրոնի հովանիին տակ գործող բոլոր մարմիններու եւ կազմակերպութիւններու անունով, մատնանշելով տուեալ պաշտօնի մեծ պատասխանատուութիւնը եւ կարեւորութիւնը, միեւնոյն ժամանակ յայտնեց գաղութին ունեցած հաւատքը պրն. Լափոյեանի գործունէութեան եւ փորձառութեան վրայ։ Ան աւելցուց, որ միասնական ճիգերով եւ փոխադարձ վստահութեամբ  կարելի է լուծումներ գտնել հայրենիքի եւ սփիւռքի դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ կարմրջել թորոնթոհայ գաղութի ներուժը հայրենիքին հետ։

ՀՀ հիւպատոս Արա Մկրտիչեան, խօսք առնելով նախ շնորհակալութիւն յայտնեց երեկոն կազմակերպող Հայ Կեդրոնի ընտանիքին, նշելով որ Հայաստանի Հանրապետութեան վստահելի գործընկեր եւ վաղեմի բարեկամ Վարուժան լափոյեանի Պտուոյ Հիւպատոս ընտրութիւնը պաշտօնականացումն է անոր երկարամեայ անձնուէր գործունէութեան։ Ան հաստատեց, որ Պատուոյ Հիւպատոսութեան գրասենեակի բացումը խթան պիտի հանդիսանայ Գանատայի եւ Հայաստանի տնտեսական եւ մշակութային փոխգործակցութեան։

Բաբգէն Արք. Չարեան իր պատգամին մէջ նշեց, որ պրն. Լափոյեան միշտ նախանձախնդիր եղած է սերունդներու դաստիարակութեան գծով եւ յառաջիկայ իր գործունէութեամբ պիտի նպաստէ հայրենիքի զարգացման` ի խնդիր մեր պետականութեան եւ բանակի յառաջընթացին։

Աւարտին, Լափոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց  բոլոր ներկաներուն, Հայ Կեդրոնի պատասախանատու անդամներուն։ Մէկ առ մէկ յիշելով գաղութի մէջ գործող բոլոր կազմակերպութիւնները, հաստատեց որ շնորհիւ անոնց, թորոնթոհայ գաղութը այսօր կը ճանչցուի որպէս աշխոյժ գաղութ իր բազմազան գործունէութիւններով։ Ան, անգամ մը եւս հաւաստիացուց, որ Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք մէկ ու անբաժանելի են իրենց լեզուով, պատմութեամբ եւ մշակոյթով։

Պէթթի Փանոսեան-Մինասեան

«Թորոնթոհայ»

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.