Թորոնթոյի մէջ կայացաւ ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան դաստիարակչական սեմինարը

ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան (ԳԵՄ) 2018-2019 տարեշրջանի միջ-վարչական խորհրդակցական ժողովն ու նորագիր անդամներու դաստիարակչական սեմինարը տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 9-10 շաբաթավերջին՝ Թորոնթոյի Հայ կեդրոնէն ներս, շրջանի «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղի հիւրընկալութեամբ։

Սոյն սեմինար-ժողովին ներկայ էին Քեպէգի, Օնթարիոյի եւ Պրիթիշ Քոլոմպիոյ բոլոր շրջաններէն ժամանած վարչական կազմերն ու յանձնախումբերու պատասխանատուները, ինչպէս նաեւ դաշնակցական նորագիր երիտասարդականներու մեծաթիւ փաղանգ մը։

Սեմինարի աշխատանքները սկսան շաբաթ առաւօտեան. վարչական կազմերն ու յանձնախումբերը ներկայացուցին իրենց տարեկան ծրագիրները: Ապա, անդամները ունկնդրեցին դասախօսութիւններ՝ ղեկավարի պատասխանատուութիւններուն եւ ԳԵՄ-ի գործունէութիւնը աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու կարելիութիւններուն մասին: Քննարկուեցան նաեւ ԳԵՄ-ի իրավիճակն ու անոր բարելաւման գծով եղած առաջարկները:

Շաբաթ երեկոյեան, տեղի ունեցաւ ՀՅԴ-ի 128-ամեակի տօնակատարութիւն՝ կազմակերպուած Թորոնթոյի ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէին կողմէ: ՀՅԴ ԳԵՄ-ի անդամները ներկայ գտնուեցան այս ձեռնարկին եւ յեղափոխական երգերով ու իրենց յատուկ ոգեւորութեամբ նշեցին Դաշնակցութեան տարեդարձը:

Կիրակի օր, վերանորոգուած վճռակամութեամբ եւ աշխատանքները յաւելեալ թափով շարունակելու կամքով, բոլոր երիտասարդները վերադարձան իրենց քաղաքները։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.