Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի ներկայացուցիչները հանդիպեցան Օնթարիոյի ՀՀ պատուակալ հիւպատոս Վարուժան Լափոյեանի հետ

Երկուշաբթի, 14 Յունուարի յետմիջօրէին, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի ներկայացուցիչները մտերմիկ հանդիպում մը ունեցան ՀՕՄի երկրորդական վարժարանի բարերար Պրն. Վարուժան Լափոյեանի հետ։ Հայ Կեդրոնի ներկայացուցիչները Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան մաղթանքներէ ետք՝  ուրախութեամբ շնորհաւորեցին նաեւ ազգային բարերար Պրն. Վարուժան Լափոյեանի ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ արժանավայել նշանակումը որպէս Օնթարիոյի պատուակալ հիւպատոս։

Հայ Կեդրոնի պատասխանատուները, համագործակցութեան եւ հայրենիքի վերելքին նուիրաբերուելու նոր յանձնառութեամբ՝ յաջողութեան բարեմաղթանքներ յայտնեցին նորանշանակ պատուակալ հիւպատոս Պրն. Վարուժան Լափոյեանին։

Այս առիթով որոշուեցաւ նաեւ Հայ կեդրոնի յարկէն ներս կազմակերպել հաւաքոյթ մը ի պատիւ՝ պատուակալ հիւպատոսին:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.