Թալիպանները կրկին մեր (մտքին) մէջ

Խ. Տէր Ղուկասեան

Թալիպանները առիթ չտուին ԱՄՆի և այլ պետութիւններու որոնք կը փորձէին միջնորդել՝ իշխանութեան հանգրուանային և խաղաղ փոխանցման համար: Հակառակ որ բանակցողներ ուղարկած էին Տոհա, անտեսեցին նախ Թրամփի, ապա Պայտընի կառավարութեան առաջարկած ժամանակացոյցը և Քապուլ մտան Օգոստոս 15-ին: Պատգամը ի լուր աշխարհի յստակ էր. Աֆղանիստանի ճակատագիրը իրենք պիտի որոշեն: Մինչ այդ կը շարունակեն բանակցիլ և թող աշխարհը քննարկէ, մտածէ և նախատեսէ թէ ինչ հետևանքներ կրնայ ունենալ իրենց վերադարձը միջազգային յարաբերութիւններուն համար:

Թալիպաններուն այս վերադարձը, ինչ որ չափով, սպասելի էր: Անորոշը՝ այդ «խաղաղ պլիցքրիկային» վերադարձի հետևումներն են -եթէ կարելի է նման հակասական յղացքաւորում առաջարկել: Միջազգային մամուլի թէ մասնագիտացած հարթակներու վրայ Օգոստոս 15-էն ի վեր ծաւալած քննարկումները դասական մտապատկերներով ու պատմական բաղդատականներով լեցուն են: Ալեքսանտր Մակեդոնացիէն մինչև Բրիտանական Կայսրութիւն, Խորհրդային զինուորական ներխուժում և ԱՄՆի ռազմական միջամտութիւն, որուն յաջորդեց քսանամեայ ինչ որ ծրագիր մը, որ առ այսօր այնքան ալ յայտնի չեղաւ թէ ի՛նչ էր:

Աճապարուած մեկնաբաններ լուսարձակի տակ առին ուղղաթիռի երկու լուսանկար՝ Սայկոն 1975 և Քապուլ 2021, վերադառնալու համար «Վիեթնամեան սինտրոմ»ին. պատրաստի նիւթ՝ արագ յօդուած մը գրելու կամ հրապարակային կարծիք մը տալու համար: Ի մասնաւորի եթէ մեկնաբանողի մօտ հակա-ԱՄՆ տրամադրուածութիւն կայ: Թերևս անխուսափելի է այս բաղդատութիւնը, բայց պէտք է իւրաքանչիւր միջամտութիւն, Վիեթնամ և Աֆղանիստան, դնել պատմական իր ժամանակաշրջանի և ոլորտին մէջ:

Վիեթնամը Պաղ Պատերազմի ժամանակ ԱՄՆի տիրապետող ռազմավարական համոզումի հետևանք էր: Աֆղանիստանը՝ «ահաբեկչութեան դէմ պատերազմ»ի առաջին ճակատը, որուն յաջորդեց Իրագ զինուորական ներխուժումը, միևնոյն հիմնաւորումով -«պայքարի դաշտի ընդլայնում» պիտի ըսենք փոխ-առնելով Միշել Հուլլըպէքի հանրածանօթ մէկ վէպին խորագիրը: Աֆղանիստան զինուորական միջամտութիւնը կ’արդարացուէր որովհետև Թալիպանները մերժեցին Սեպտեմբեր 11, 2001-ի Նիւ Եորքի և Ուաշինկթընի մէջ ահաբեկչական յարձակումներու պատասխանատու Ուսամա Պին Լատընը յանձնել ԱՄՆի: Միջազգային օրէնքի թէ ահաբեկչական նման յարձակումի ենթարկուած երկրի մը ինքնապաշտպանութեան իրաւունքի համաձայն, ԱՄՆի զինուորական միջամտութիւնը հասկնալի և արդարացուցիչ էր: Խնդիրը՝ երկրի գրաւումէն յետոյ ի՞նչ ընել և ե՞րբ զօրքերը դուրս բերելն էր:

Իրագեան արկածախնդրութիւնը եկաւ բացայայտելու օրին նախագահ Ճորճ Պուշի ամբողջական հաւանութեան արժանացած «Նիոքոն» (Նոր Պահպանողական) մտածողութիւնը և աշխարհաքաղաքական ծրագիրը: Ընդ որում՝ ԱՄՆը որպէս որպէս Պաղ Պատերազմին յաղթական դուրս եկած «ազատ աշխարհ»ի յառաջապահ գերուժ «բարոյական» պարտաւորութիւնը ունի միջամտելու, համայն մարդկութեան սպառնալիքներ չէզոքացնելու, իշխանափոխութիւն իրականացնելու ի խնդիր ժողովրդավարութեան և վերահսկելու համաշխարհային «ազատ շուկայ»ի անխափան գործունէութեան:

Կարևոր չէ թէ վերոնշեալ հիմնաւորումներէն ո՞ր մէկը արդարացի էր, արդարացուած կամ առարկայականօրէն փաստարկուած. եթէ ԱՄՆը ունէր զինուորական ուժը, եթէ կը հաւատար իր համաշխարհային առաքելութեան, ապա և ոչ իր թշնամիները, ոչ իր մրցակից հակառակորդները և ոչ ալ իր դաշնակիցները, կրնային արգելք հանդիսանալ: Կ’ամրագրուէր միաբևեռ աշխարհի ուժերու հաւասարակշռութեան նոր քարտէսը, ուր, ոչ պատահաբար, ԱՄՆը կը ձգտէր իր տիրապետութեան տակ առնել քարիւղի և բնական կազի աշխարհի ամենամեծ պաշարները: Ենթադրաբար անոնց միջազգային հոսքը իսլամական ահաբեկչութեան սպառնալիքէն պաշտպանելու համար:

Այդ ծրագիրը, ԱՄՆի ուժի, իշխանութեան և ազդեցութեան համաշխարհային տարածումը, ձախողեցաւ: Ձախողութիւնը յստակացաւ դեռևս Իրագի գրաւման առաջին քանի մը տարուան ընթացքին: Յետոյ արդէն ստեղծուած կացութենէն դուրս գալու առեղծուածն էր ի դէմս Իրագի թէ Աֆղանիստանի կայունացման հետևողական սայթաքումներուն, իսլամական նոր և շատ աւելի ծայրայեղական ուժերու յայտնութեան, տարածաշրջանային հաւասարակշռութեան խախտումին, պետութիւններու ներքին քայքայումին և մասնաւորաբար՝ Չինաստանի ինքնահաստատման որպէս նոր ուժային բեևեռ: Այդ ձախողութեան համար, սակայն, ԱՄՆը, ե՛ւ տնտեսական, ե՛ւ քաղաքական իմաստով, կարծուածէն շատ աւելի ցած գին վճառեց: Թէկուզ և, ըստ տնտեսագէտներու հաշուարկումներու, մօտ երեք թրիլիոն ամերիկեան տոլարի եղաւ տնտեսական ներդրումի ընդհանուր հաշուարկը: Հսկայական մսխում (ի մտի ունենալով արդիւնքը) որ, այդուհանդերձ, ոչ իսկ 2008-ի ֆինանսական փլուզման պատճառ նկատուեցաւ: Քաղաքական իմաստով, Իրագի ու Աֆղանիստանի շարունակուող գրաւումները պատճառ չեղան որ Պուշ և իրեն յաջորդած Օպաման չվերընտրուէին:

Եթէ Աֆղանիստանի մէջ լուրջ ձախողութիւն մը արձանագրուեցաւ, ապա և անիկա երկրի զինուած ուժերու կազմաւորման կը վերաբերի: Բայց այդ մէկը իւրայատուկ չէ Աֆղանիստանի: Նոյնը պատահեցաւ Իրագի մէջ: Կը բաւէ մտաբերել թէ ինչ արագութեամբ ՏԱԷՇ-ի իսլամականները գրաւեց Մուսուլը, երկրի երկորդ կարևորագոյն քաղաքը, 2014-ի Յունիսին: Այլ երևոյթ մը որ գրեթէ կ’անտեսուի Աֆղանիստանի մէջ ստեղծուած կացութեան մասին վերլուծումներուն մէջ, Թալիպաններուն զէնքերն են, որոնք ակնբախօրէն Արևմտեան արտադրութիւն են: Բացառելով սադրանքային տեսութիւնները, որոնց համաձայն ԱՄՆը ինք զինած է Թալիպաններուն այնպէս ինչպէս ըրաւ Մուճահիտիններու պարագային գրեթէ չորս տասնամեակ առաջ, տրամաբանական բացատրութիւն մը զէնքի միջազգային շուկան անհրաժեշտ վերահսկողութեան տակ առնելու Ուաշինկթընի քաղաքական կամքի բացակայութիւնն է: Ընդ որում, զէնքի արտադրութեան մեծ ընկերութիւնները իրենց գործառոյթները որոշեցին շուկայի պահանջարկի համաձայն, առանց այնքան ալ մտահոգուելու անոնց ռազմավարական և, նուազ, մարդկային վնասի հետևանքներուն մասին: Եւ իրենց շահոյթէն առատաձեռնօրէն բաժին հանեցին պատերազմի շարունակման ջատագով Գոնկրէսի թեկնածուներուն:

Հետևաբար, եթէ Թալիպաններու վերադարձի մասին պիտի մտածենք երևոյթի ունեցած միջազգային անդրադարձներու տեսանկիւնէն, ի մտի ունենալով անոնց ազդեցութիւնը Կովկասի մէջ և, ի մասնաւորի, Հայաստանի անվտանգութեան խնդիրը, ապա և այնքան ալ պիտի չկեդրոնանանք ԱՄՆի վրայ, և նկատի պիտի առնենք աշխարհաքաղաքական այն կացութիւնը, որ ստեղծուելու սկսած է: Այդ մասին անմիջականօրէն շատ բան կարելի չէ ըսել բացի նկատի ունենալէ այն գործօնները, որոնք կրնան Հայաստանի ազգային անվտանգութեան սպառնալիք հանդիսանալ: Եւ հակառակ անոր որ Թալիպաններու վերադարձի անդրադարձը տակաւին հեռու է Կովկասէն, հայ քաղաքական մտածողութիւնը արդէն պէտք է պատրաստուի տարբեր սենարիոներու:

Այդ գործօններէն հիմնականը կը վերաբերի նոյնինքն Թալիպաններուն: Պիտի յաջողի՞ն կայունացնել երկիրը, թէ քաղաքացիական պատերազմը անխուսափելի պիտի ըլլայ ի մասնաւորի Քապուլէն դուրս: Իրապաշտօրէն երկրորդ տարբերակին վրայ պիտի կեդրոնանալ որովհետևԹալիպանները հազիւ թէ փոխուած ըլլան, որքան ալ որ Հանրային Յարաբերութիւններու յստակ ճիգ մը կը թափեն հռետորութեան մակարդակին, շատ հաւանաբար ապահովելու համար իրենց միջազգային ճանաչումը:

Երկրորդը Թալիպաններու իշխանութեան վերադարձի հետևանքով իսլամականութեան վերաշխուժացման հեռանկարն է: Դժուար թէ Աֆղանիստան վերածուի իսլամական ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ապաստարանի ինչպէս 1990-ականներու երկրորդ կէսին: Բայց պէտք չէ բացառել որ այդ կազմակերպութիւնները, կամ անոնց պարագլուխները, այնուամենայնիւ «ապահով դրախտ» մը ունենան: Մոլլահ Օմարի Թալիպանները չէին կրնար, ոչ ալ ուզեցին վերահսկել ալ-Քա’իտան, այնպէս ինչպէս արաբական երկիրներու անվտանգութեան ծառայութիւնները կը վերահսկէին պաղեստինցի յայտնի ահաբեկիչներ, ամենածայրայեղական խմբաւորումներու հիմնադիր և ղեկավար դէմքերը 1993-էն յետոյ, ի հարկին առաւօտ մը անոնց սպանելու համար: Ներկայ Թալիպաններուն մասին տակաւին շատ բան կարելի չէ ըսել: Բացի անկէ որ իրենք իսլամականներ են…

Երրորդը, ի հետևումս երկրորդ գործօնին, Թալիպաններու հետ իսլամական երկիրներու յարաբերութիւններն են: Հիմնական տարբերութիւնը 1990-ականներուն հետ անկասկած Էրտողանի Թուրքիան է: ՆԱԹՕ-ի անդամ Թուրքիան 2003-ին թոյլ չտուաւ որ ԱՄՆը օգտագործէ Ինճիրլիքի օդանաւակայանը Իրագ ներխուժման համար, թոյլատու եղաւ և զօրավիգ կանգնեցաւ իսլամականներուն, ի մասնաւորի ՏԱՀԷՇին, Իրագի և Սուրիոյ պատերազմներուն ժամանակ, իր վերահսկողութեամբ իսլամական զինեալներ տեղափոխուեցան Լիպիա և ապա հայ-ազրպէյճանական ճակատ: Թուրքիոյ ծաւալապաշտական ծրագիրներուն մէջ իսլամական գործօնը կարևոր դեր կը խաղայ: Այդ իմաստով Աֆղանիստան նաև պատեհութիւններու առիթ է Անգարայի համար:

Վերջին գործօնը որ նկատի պիտի առնուի Մոսկուայի արտաքին անվտանգութեան քաղաքականութիւնն է: Ի մասնաւորի եթէ Թալիպաններու վերադարձը յանգի իսլամականութեան վերաշխուժացման, և Անգարան շահագրգռուածութիւն ցուցաբերէ: Ամէն պարագայի, շուտափոյթ եզրակացութիւններու պէտք չէ յանգիլ: Թուրքիոյ հովանաւորութեամբ իսլամական վարձկաններու տեղափոխութիւնը հայ-ազրպէյճանական ճակատ այնքան ալ չմտահոգեց Մոսկուային, ինչպէս կ’ենթադրուէր…

Այս գործօնները թոյլ չեն տար անմիջական եզրայանգումներու թէ ինչ հետևանքներ կրնայ ունենալ Թալիպաններու վերադարձը Կովկասի մէջ Հայաստանի անվտանգութեան համար: Պարզապէս կրնան ուղեցոյց ըլլալ՝ զարգացումներուն հետևելու և զգաստ ըլլալու համար:

Անհրաժեշտ է, վերջապէս, արձանագրել, որ Թալիպաններու վերադարձը և ԱՄՆի հեռացումը Աֆղանիստանէն դրական ոչինչ բերաւ Հայատանի և հայութեան համար, ինչպէս ոմանք, պարզամիտ հակա-Արևմտեան տրամադրութենէ մեկնած թէ Պաղ Պատերազմեան ժամանակավրէպ մօտեցումով, այդ մէկը ծափահարեցին որպէս ռուս-ամերիկեան հակամարտութեան մէջ ԱՄՆի ձախողութիւն, և ուրեմն՝ Ռուսիոյ յաջողութիւն: Ոչ ալ Թալիպանները ազգային ազատագրական շարժում մըն են, որոնց արժէ նկատի ունենալ իրենց յաղթանակէն դասեր քաղելու համար: Թալիպանները իսլամական ծայրայեղութեան վատագոյն բնորդն են, քաղաքակրթական յետամնացութեան մարմնաւորումը, իրենց էութեամբ իսկ սպառնալիք Հայաստանի և հայութեան լինելութեան: Այդ ալ յստակ պիտի ըլլայ հայ քաղաքական մտածողութեան համար՝ Աֆղանիստանի զարգացումներուն և Կովկասեան տարածաշրջանի մէջ անոնց անդրադարձին հետևելու ժամանակ:

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.