Թաթոյեան կը պահանջէ քուէարկութեան վերահաշուարկ եւ կը մերժէ պաշտօնական արդիւնքները
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ․- «Միասնութեան Թեւեր» կուսակցութեան առաջնորդ Արման Թաթոյեան յայտարարեց, որ կը մերժէ յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու պաշտօնական արդիւնքները՝ նշելով, թէ ընտրական գործընթացը ուղեկցուած է վարչական լծակներու աննախադէպ շահագործումով, քաղաքացիներու նկատմամբ ճնշումներով եւ ընտրողներու կամարտայայտութեան վրայ ազդեցութիւն գործադրելու փորձերով։
Թաթոյեանի աւելցուց, որ քարոզարշաւի ամբողջ ընթացքին քաղաքացիներ ենթարկուած են սպառնալիքներու եւ պարտադրանքներու, մինչ իշխանութիւնները օգտագործած են պետական ու համայնքային կառոյցները իրենց քաղաքական նպատակներուն ծառայեցնելու համար։ Ան նաեւ յայտարարեց, որ ընտրութիւններուն միջամտած են արտաքին ուժեր՝ Պաքուէն, Անգարայէն, Պրիւքսելէն, Ուաշինկթընէն եւ Մոսկուայէն։
«Միասնութեան Թեւեր» կուսակցութեան առաջնորդը նշեց, թէ իր քաղաքական ուժը համոզուած է, որ պաշտօնական արդիւնքները չեն արտացոլեր քաղաքացիներու իրական կամքը։ Ան տեղեկացուց, որ նախաձեռնած են քուէարկութեան արդիւնքներու վերահաշուարկի գործընթաց եւ կը քննարկեն ընտրութիւններու արդիւնքները իրաւական կարգով վիճարկելու հարցը։
Թաթոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց վստահած քաղաքացիներուն՝ ընդգծելով, որ պայքարը պիտի շարունակուի «իրաւական, քաղաքական եւ հանրային բոլոր հնարաւոր հարթակներուն վրայ»։ «Մենք չենք պատրաստուիր հաշտուիլ կատարուածին հետ», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ իրենց պայքարը պիտի շարունակուի մինչեւ վերջ։