Ըստ Ալիեւի՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ առեւտրական կապեր արդէն հաստատուած են
- (0)

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ արդէն իսկ առեւտրական յարաբերութիւններ սկսած են։ Ան այս մասին ըսած է ՄԱԿ-ի Ասիայի եւ Խաղաղովկիանոսեան տարածաշրջանի տնտեսական եւ ընկերային յանձնաժողովի (ESCAP) 82-րդ նստաշրջանի մասնակիցներուն ուղղուած իր ուղերձին մէջ։
Ալիեւ ընդգծած է, թէ վերջին տարիներուն Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցած են էական փոփոխութիւններ՝ յատկապէս նշելով, որ 2025 թուականի Օգոստոսին Ուաշինկթընի մէջ «պատմական առաջընթաց» արձանագրուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ։
«Արդէն իսկ կը տեսնենք այդ խաղաղութեան որոշ արդիւնքները։ Առեւտրական յարաբերութիւններ սկսած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, Ատրպէյճանը տարանցիկ հասանելիութիւն տրամադրած է Հայաստանին, իսկ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու փոխադարձ այցելութիւնները կը նպաստեն վստահութեան ամրապնդման»,– յայտարարած է ան։
Անցնող տարուայ օգոստոս 8-ին, Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպումին ընթացքին ստորագրուած էր համատեղ հռչակագիր։ Նոյն հանդիպման ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճեյհուն Պայրամով նախաստորագրած էին «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին» համաձայնագիրը։