Ընտրուած է ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի նոր կազմ

Յունուար 28-ին ՀՅԴ Արցախի 22-րդ Շրջանային ժողովը աւարտեց իր աշխատանքները:

Ժողովին ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեանը, ՀՅԴ Արցախի շրջանաւարտ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, ՀՅԴ Արցախի բոլոր մարմիններէն, հրաւիրեալ ընկերներ:

Ժողովը գնահատած է շրջանաւարտ ԿԿ-ի երկամեայ գործունէութիւնը, քննարկած նորընտիր ԿԿ-ի ընելիքները: Ժողովի աւարտին կայացած է նոր Կեդրոնական կոմիտէի  ընտրութիւն:

Յետ քուէարկութեան ընտրուած է Կեդրոնական կոմիտէի հետեւեալ կազմը՝ Դաւիթ Իշխանեան, Վահրամ Բալայեան, Կամօ Բարսեղեան, Սևակ Խաչատրեան, Մհեր Պողոսեան, Ժիրայր Շահիջանեան, Վահագն Դադայեան, Գագիկ Մարտիրոսեան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.