Ընդդիմութեան Եւ Դիմադրութեան Զոյգ Մարտահրաւէրներու Գիտակցութեամբ

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Ընդդիմութեան ալիքը արդէն մտած է նոր փուլ, եւ «Հայաստան» դաշինքի յայտարարութիւնները կը խօսին համաժողովրդական դիմադրական շարժում շղթայազերծելու նոր իրականութեան մասին: Այսինքն նոր եւ հզօր սկի՛զբ մը` մեր ժողովուրդի կեանքին ու մտքին մէջ եւ նոր մեկնա՛րկ մը` մեր երկրին համար: Ընդդիմութենէն դէպի դիմադրական շարժում եւ դէպի նոր քաղաքական մշակո՛յթ: Այս տեսլականն է, որ այժմ կ՛ուղղորդէ պարտութեան վարչակարգին հակադրուած քաղաքական միտքը` Հայաստանի եւ Արցախի մէջ:

Հետեւաբար կարեւոր է, որ յստակօրէն հասկնանք էութիւնը այս համազգային ջրբաժանին եւ յստակօրէն զանազանենք իրարմէ մեր գոյապայքարի այս երկու իրերահաղորդ բաղկացուցիչները: Եւ կարեւոր է, որ անյապաղ կողմնորոշուինք որպէս ազգ, քանի որ ժամանակը արդէն վաղուց կը գործէ մեզի դէմ: Ընդդիմութիւն եւ դիմադրութիւն եզրոյթները պէտք է անպայման տարբերութիւն մը պարունակեն, որպէսզի չվերածուին փուճ լոզունգի: Պարզ խօսքով, պարտութեան վարչակարգին դէմ ծառացող ընդդիմութիւնը պիտի մտնէ պայքարի նոր ասպարէզ` բոլորովին նոր ռազմավարութեամբ եւ նոր առաջադրութիւններով, որոնք նաեւ կը սահմանեն բնոյթը դիմադրական շարժումին: Այս առումով, այսօր ընդդիմութիւնն ու դիմադրութիւնը նոյն պայքարին երկու լրացուցիչ թեւերն են: Նոյն դատին անքակտելի բաղադրիչնե՛րը:

Յստակացնե՛նք:

Պարտութեան վարչակարգին դէմ շղթայազերծուած յետպատերազմեան պայքարը շատ արագօրէն ծնունդ տուաւ ընդդիմադիր ճակատի ձեւաւորման, որուն մաս կը կազմէին, Դաշնակցութեան կողքին, շարք մը հեղինակաւոր կազմակերպութիւններ, եւ որոնք միասնաբար ստեղծեցին Հայրենիքի փրկութեան շարժումը` առաջնորդ ունենալով ՀՀ առաջին վարչապետ Վազգէն Մանուկեանը:

Շարժումը արագօրէն նախաձեռնեց շարք մը հանրահաւաքներու եւ քարոզչական ջղուտ աշխատանքի` հաւաքագրելով ՀՀ հասարակութեան այլեւայլ շերտերը եւ պահանջելով պարտութեան վարչակարգի հրաժարականը: Յետպատերազմեան համատարած բարոյալքութեան եւ շփոթի օրերն էին, եւ հասարակութեան լայն մէկ զանգուածը կը մերժէր բաժին վերցնել երկրի քաղաքական գործընթացին մէջ: Ան պարզապէս կը մերժէր մտնել ընտրութիւն կատարողի դժուարին արարքին մէջ եւ կը փորձէր ամէնէն դիւրամատչելի զէնքերով վերապրիլ կամ փախուստ տալ երկրէն:

Այս շփոթ կացութեան մէջ պարտութեան վարչակարգը արագօրէն ձեռնարկեց Ազգային ժողովի ընտրութիւններու եւ կարողացաւ վերարտադրել ինքզինք` քուէարկողներու շատ փոքր մէկ համեմատութեան մասնակցութեամբ եւ յաւակնելով նոր եւ կամայական լիազօրութիւններու, որոնք երկիրը բերին իր ներկայ մեծապէս վտանգաւոր վարչահրամայական դրութեան: Իր կարգին, ընդդիմութեան ծանրութեան կեդրոնը փոխադրուեցաւ Ազգային ժողով` ծնունդ տալով խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական զոյգ հատուածներու:

Միջանկեա՛լ` պարտութեան վարչակարգը երկրին պարտադրեց 2020 նոյեմբեր 9-ի եւ 2021 յունուար 11-ի եռակողմանի համաձայնագրերը` թշնամիին յանձնելով Արցախի եւ Հայաստանի կենսական տարածքները եւ ճամբայ հարթելով յանցագործ գործընթացի մը, որ թշնամիի յաղթարշաւին առջեւ լայն կը բանայ հայոց հայրենիքի դռները: Անձնատուութեան այս ամօթալի ընթացքը կանգ չէ առած: Ան կը շարունակուի եւ ամէն օր կը դրսեւորէ նորանոր պահանջներ թշնամիին կողմէ: Վկա՛յ` Գորիս-Կապան կենսական մայրուղիի յանձնումը այսօր ազրպէյճանական իրաւասութեան:

Այսօր պարտութեան վարչակարգը զբաղած է նոր լոզունգներ հնարելով եւ «ճանապարհներու ապաշրջափակման» եւ նոր «կոմունիկացիա»-ներու հաստատման տխմար խօսոյթով կը փորձէ շինծու խայծեր ցանել հանրութեան մտքերէն ներս եւ փրկել ինքզինք ժողովուրդի զայրոյթէն:

Հիմա հասած ենք հոս: Հասած ենք այն կէտին, ուր այլեւս բացուած է լայն անջրպետ մը` մեր ազգային գերագոյն շահերուն եւ իշխող համակարգին միջեւ:

Իսկ պարտութեան վարչակարգը ողբալիօրէն պարպուած է իմաստէ: Ան սպառած է ինքզինք: Սպառած է թշնամիին առջեւ: Սպառած է Ռուսաստանի եւ առհասարակ միջազգային դիւանագիտութեան առջեւ: Սպառած է ազգին առջև: Սպառած է ընդդիմութեան առջեւ: Սպառած է իր նախկին հաւատաւորներու կարեւոր մէկ հատուածին առջեւ: Կը վերապրի միայն ու միայն` իր վարչահրամայական գործիքակազմը գործի լծելով, ապակողմնորոշելով հանրութիւնը եւ երկիրը տանելով դէպի ոստիկանական բռնատիրութիւն:

Կը գտնուինք մեր պատմութեան ամէնէն վտանգաւոր խաչմերուկին վրայ: Այս իշխանութիւնը զուրկ է երկրի պաշտպանութեան համար անհրաժեշտ բոլոր էական ուժականութիւններէն: Ան զուրկ է դիմադրական որևէ պատրաստականութենէ (preparedness) եւ կորովէ: Ան չի հաւատար ինքզինքին` հակառակ իր սնոտի հռետորաբանութեան: Ան չի հաւատար մեր ժողովուրդի բարոյական ուժին: Ան կը յուսայ ողոքումի քաղաքականութեամբ, նահանջականութեամբ, թշնամիին կենսական զիջումներ ընելու գնով հասնիլ ենթադրեալ խաղաղութեան եւ սկսիլ առեւտուրի: Եւ անշուշտ ընդդիմութիւնն է, որ դրուած է թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին սպառնալիքներուն դէմ երկիրը ոգեզինելու ու զայն պաշտպանելու եւ երկիրը վերականգնելու դժուարին մարտահրաւէրին առջեւ:

Այս ճակատագրական կացութիւնը դիմագրաւելով, ՀՀ քաղաքական ուժերը, որոնք այսօր խմբուած են ընդդիմութեան դրօշին տակ, անպայման պիտի դիմեն արտակարգ միջոցներու` արագօրէն ընդարձակելու ընդդիմութեան հասողութեան ծիրը` պայքարի ալիքին մէջ ներգրաւելով նորանոր ու թարմ ուժեր: ՀՀ սահմանադրութեան ընձեռած քաղաքացիական անհնազանդութեան բոլոր զէնքերով զինուած` ընդդիմութեան ալիքը պիտի տարածուի մայրաքաղաքէն մինչեւ մարզային կեդրոններն ու գիւղերը: Եւ պարտութեան վարչակարգը ինքզինք պիտի գտնէ երկրի օրինապահ եւ պահանջատէր քաղաքացիութեան հաւաքական կամքին առջեւ: Պարզ խօսքով, ընդդիմութեան թիրախը, այս պարագային, երկրի ներքին ճակատի սպառնալիքներն են: Զերծե՛լ երկիրը պարտութեան բոլոր գործօններէն: Դուրս բերել զայն պարտութեան վարչակարգի փակուղիէն: Հայոց հայրենիքը չէ ստեղծուած պր. Փաշինեանի եւ իր համախոհներու քմահաճ եւ անկայուն եւ փակուղային քաղաքականութեան համար: Վերստանձնե՛լ երկրի ճակատագիրը ղեկավարելու կենսական պարտականութիւնը:

Բայց նաեւ մեր դռներուն առջեւ կը գտնուի արտաքի՛ն սպառնալիքը` իր բոլոր մարտահրաւէրներով: Նոյեմբեր 9-ի եւ յունուար 11-ի համաձայնագրերը թշնամին դրած են ամբարտաւանութեան գերազանց դիրքերու վրայ: Մի՛ հարցնէք, թէ ի՛նչ կ՛ընէ Մոսկուան այս եպերելի գործընթացին մէջ: Հարցուցէք, թէ ի՞նչ պիտի ընենք ՄԵՆՔ` թշնամին դուրս բերելու իր ապուշ զգայախաբէութենէն: Լուրջ ազգին վայել ի՞նչ վարքագիծ պիտի դրսեւորէ հայութիւնն ու շարքային հայը, որպէսզի Մոսկուան եւ բոլոր միւս թերահաւատները համոզուին, որ վերջ գտած է ժամանակը Հայաստանը որպէս ոտնագնդակ գործածելու: Թշնամին պիտի տեսնէ, թէ ինչպէ՛ս իր աչքերուն առջեւ երկրի համատարած ընդդիմութիւնը սկսած է աւլել պարտութեան համակարգի սարդոստայնները: Թշնամին յանկարծ ինքզինք պիտի զգայ ահռելիօրէն անպաշտպան: Թշնամին յանկարծ պիտի անդրադառնայ, թէ ինք ոտք դրած է մեր հայրենի հողին վրայ, որ այլեւս անպաշտպան չէ: Թշնամին յանկարծ պիտի մտնէ անապահովութեան ոլորտէն ներս եւ պիտի դադրի երազելէ, որ կրնայ «մաքսակէտ»-եր զետեղել մեր հողերուն վրայ: Պարզ խօսքով, Բադին Կոզբադին իրենց գլխուն պիտի ուտեն Դաւիթի կոտը եւ վազն ի վազ հասնին Մըսըր: Ասիկա այն հարուածային դիմադրական շարժումն է, որ ուղղուած է երկրի արտաքին սպառնալիքներուն դէմ: Ասիկա այն երկրորդ բազուկն է մեր ընդհանրական մարտակարգին, որով առաջինը առաւել եւս թիրախային կը դառնայ եւ երկուքը միասին` ԴԺՈԽԱՅԻ՛Ն` մեր բոլոր թշնամիներուն դէմ: Այս բաներն էին, զորս կը սորվեցնէր ձեզի լուսահոգի Մասթըր Կարոն… որ հիմա կը հետեւի մեր քայլերուն Եռաբլուրի իր անհանգստավայրէն:

Ընդդիմութիւն և դիմադրութիւն պիտի գործեն առաւելագոյն ուժականութեամբ (compounded intensity), մին` ներքին դաշտը մաքրելու եւ միւսը` արտաքի՛ն, որպէսզի կարողանանք առաւելագոյն արագութեամբ շրջել պատերազմով ծուռ դարձած անիւը եւ կարողանանք վերանուաճել մեր արժանապատիւ տեղը տարածաշրջանի ուժային համաստեղութեան մէջ:

Մեր առջեւ բացուող ազատագրական գործի այս ծաւալուն տեսլականը կը պահանջէ միանգամընդմիշտ թօթափել մեր գիտակցութենէն պարտութեան ամլացնող թոյները: Մեր հասարակութիւնը պէտք չունի այդ թոյներուն: Մենք ազատախոհ ազգի զաւակներն ենք: Մեր պատմութիւնը սկիզբ առաւ Հայկեան ազատախոհութեան ակունքներէն: Մեզի խորթ են Փաշինեանական քաղաքականութեան խաբէութիւնները: Խաղաղութեան կեղծ լոզունգներով առաջարկուող գարշելի թմրանիւթերն են անոնք, որոնք իսպառ պիտի չքանան, երբ ներքին եւ արտաքին սպառնալիքներու դէմ ծառացող մեր համապարփակ ռազմավարութիւնը սկսի ցնցել հիմքերը փաշինեանական պարտուողականութեան:

Հետեւաբար` վե՛րջ թերարժէքութեան բոլոր ճնշիչ հոգեվիճակներուն: Վե՛րջ` ամլութեան: Վե՛րջ` մահացու շփոթին: Ժամն է համարձակօրէն վերցնելու ձեռնոցը եւ միանալու ազատագրական շարժման վճռական ալիքին:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.