Ընդդիմադիր Պատգամաւորները Ընդլայնուած Նիստի Հրաւիրած Են

«Դիմադրութիւն» շարժումի Պաշտպանութեան ու անվտանգութեան յանձնախումբը Օգոստոս 31-ին հրաւիրած է ընդլայնուած նիստի մը, որուն մասնակցած են Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, պաշտպանական եւ իրաւապահ համակարգերու նախկին բարձրաստիճան ծառայողներ, ռազմական փորձագէտներ:

Նիստին քննարկուած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած եւ հանրային քննարկման ներկայացուած «Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին» օրէնքի նախագիծը:

Միաժամանակ արձանագրուած է, որ պարտադիր զինուորական ծառայութենէն գումարի դիմաց ազատուելու դրոյթը անթոյլատրելի է եւ մերժելի:

Քննարկման մասնակիցները հաստատած են, որ Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու բարեփոխումներու միասնական հայեցակարգի բացակայութեան պայմաններուն մէջ նման չհամադրուած գործողութիւնները անգամ մը եւս կը փաստեն, որ 2018 թուականէն սկսեալ, իշխանութեան գալով, այս քաղաքական ուժը հետեւողականօրէն նպատակ ունի կազմալուծել Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան գլխաւոր երաշխաւոր զինուած ուժերը, փոշիացնել արցախեան ազատամարտով, զոհողութիւններով միս ու արիւն ստացած բանակը:

44-օրեայ պատերազմէն ետք կը շարունակուի Արցախի պաշտպանութեան համակարգի ապառազմականացումը, որմէ զերծ չեն մնար նաեւ Հայաստանի զինուած ուժերը: Այս բոլորը տեղի կ՛ունենան թշնամի երկրի ղեկավարին կողմէ հայոց բանակի թուլացման, զարգացման կարելիութիւններու բացառման` պարբերաբար հնչող յայտարարութիւններու խորապատկերին վրայ:

Իշխանութեան ներկայացուցած այս նախաձեռնութիւնը հերթական քայլն է վերացնելու Հայաստանի զինուած ուժերը:

Քննարկման ընթացքին արձանագրուած է, որ այս նախագիծը հակասահմանադրական տարրեր կը բովանդակէ եւ ոչ թէ պիտի ամրապնդէ պաշտպանական համակարգը, այլ առաւել պիտի խորացնէ ներհասարակական անհանդուրժողականութիւնը` ծառայութիւնը դարձնելով ոչ թէ պատուաբեր ու պարտադիր քայլ, այլ պիտի ձեւաւորէ չակերտաւոր առանձնաշնորհեալներու խումբ մը, որ իր սահմանադրական պարտքը կատարելէն պիտի ազատի 24 միլիոն դրամնոց փրկագինով:

Քննարկումներուն հիմամբ որոշուած է շարունակել այս հարցի արծարծումը տարբեր հարթակներու մէջ, իսկ վերջնական ու միասնական դիրքորոշում ձեւաւորելու համար յառաջիկայ օրերուն Պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ պիտի կազմակերպուի լայն շրջանակներու ընդգրկումով հանրային քննարկում, որուն մասին պիտի տեղեկացուի աւելի ուշ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.