Էրտողանն ու թրքական Սփիւռքը

Սվանթէ Ի. Գոռնել turkeyanalyst.org-ի վրայ տեղադրուած իր յօդուածին մէջ կը գրէ‚ որ շուրջ երեք միլիոն ծագումով թուրքեր կը բնակին Գերմանիոյ մէջ‚ շուրջ մէկ միլիոն՝ Ֆրանսայի մէջ‚ կէսական միլիոն՝ Աւստրիոյ‚ Բրիտանիոյ եւ Հոլանտայի մէջ‚ քառորդ միլիոն՝ Պելճիքայի մէջ եւ շուրջ 2 հարիւր հազար՝ Շուէտի մէջ։ Մինչ անոնց մեծամասնութիւնը թուրքեր են‚ նկատառելի փոքրամասնութիւն մը քիւրտ են եւ գոյութիւն ունին այլ փոքրամասնութիւններ եւս։

Թրքական սփիւռքը տասնամեակներէ ի վեր Թուրքիան եւ Եւրոպան միաւորող ազդակ մըն էր։ Այդ մէկը չի նշանակեր‚ որ թրքական ներքին տագնապներ իրենց արձագանգը չեն գտած սփիւռքի մէջ։ Թուրքիայէն եկած քիւրտերը քաղաքական մեծ աշխուժութիւն ունեցած են եւ զօրակոչի ենթարկուած՝ թրքական պետութեան դէմ‚ եւ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնն (ՔԱԿ) ու առնչակից խմբաւորումներ կրցած են Եւրոպան օգտագործել իբրեւ գործողութիւններու եւ դրամահաւաքի կեդրոն։

Ասիկա միշտ ալ վիճելի հարց մը եղած է եւրոպական պետութիւններուն եւ Թուրքիոյ միջեւ‚ եւ թուրք ու քիւրտ ազգայնականներուն միջեւ ընկերային պայքարներ հասած են Եւրոպա։ Անցեալին այն նոյն ազատութիւնները‚ որոնք ՔԱԿ-ի օգնած էին Եւրոպայի մէջ կազմակերպուիլ‚ նպաստած են նաեւ իսլամական շարժումին։ Նեճմէտտին Էրպաքանի «Միլլի Կէօնիւշ» (Ազգային հայեացք) շարժումը 1970-ական թուականներէն սկսեալ արագօրէն տարածուեցաւ Գերմանիոյ մէջ‚ եւ նոյնիսկ երեւան եկան աւելի արմատական խմբաւորումներ‚ որոնք չէին կրնար ծաղկիլ Թուրքիոյ աւելի գոց միջավայրին մէջ։ Ասոնց շարքին էր Ճեմալէտտին Քափլանի ղեկավարութեամբ «Խալիֆայութեան պետութիւն»ը։

Թրքական պետութիւնը միշտ ալ ուշադրութիւն դարձուցած է սփիւռքին‚ մասնաւորաբար արտասահմանի մէջ թուրքերու իսլամական արմատականացման վտանգին։ Ահա թէ ինչո՛ւ Թուրքիան եւ եւրոպական պետութիւնները համաձայնեցան Եւրոպայի մէջ Թուրքիոյ «Տիանէթ»ի՝ կրօնական հարցերու պետական վարչութենէն իմամներ նշանակել մզկիթներու մէջ։ Որովհետեւ «Տիանէթ»ը կազմուած է վերահսկելու կրօնական հարցերը‚ թրքական եւ եւրոպական շահերը համընկնեցան։ Թրքական պետութեան կողմէ նշանակուած իմամները պիտի նպաստէին երաշխաւորելու‚ որ թրքական համայնքները չհակին արմատական գաղափարախօսութիւններու։ Իբրեւ հետեւանք‚ Եւրոպայի մէջ «Տիանէթ»ի վերահսկողութեան տակ են հազարաւոր մզկիթներ՝ 600 Գերմանիոյ մէջ‚ 200 Ֆրանսայի մէջ‚ շուրջ 150 Հոլանտայի մէջ‚ 60-ական Պելճիքայի եւ Աւստրիոյ մէջ‚ 40 Զուիցերիոյ մէջ‚ 30 Դանիոյ մէջ եւ առնուազն 9 Շուէտի մէջ։

Բայցեւայնպէս մինչեւ վերջերս‚ թրքական պետութիւնը չէր փորձեր սփիւռքը քաղաքական նպատակներու համար օգտագործել կազմակերպ եւ ազդու կերպով։ Աւելի քան երեք միլիոն քուէարկելու իրաւունք ունեցող թուրք քաղաքացիներ կրնան ներքին քաղաքական արշաւներու համար օգտագործման թիրախ դառնալ‚ ինչ որ արտասահմանի թուրքերը կը դարձնէ Պոլսոյ եւ Անգարայի բնակչութենէն ետք երրորդ մեծագոյն ընտրազանգուածը։ Նկատի ունենալով որ Թուրքիոյ ընդդիմութիւնը արտասահմանի մէջ ընտրական քարոզչութեան կարելիութիւններ չունի, եւ արտասահմանի մէջ բազմաթիւ թուրքեր ներկայ կառավարութեան կը համակրին‚ այդ քուէարկողները սիրաշահելու պետական վարչական կարելիութեանց օգտագործումը կը վերածուի ազգային ընտրութիւններու մէջ կարեւոր ազդակի։

Արտասահամանի թուրքերը նաեւ կը քուէարկեն եւրոպական երկիրներու մէջ‚ մասնաւորաբար 1990-ական թուականներուն Գերմանիոյ կողմէ իր քաղաքացիութեան օրէնքները ազատականացնելէն եւ երկքաղաքացիութիւնը արտօնելէն ետք։ Իբրեւ հետեւանք‚ եթէ արտասահմանի թուրքերը թրքական կառավարութեան ի նպաստ զօրակոչի ենթարկուին‚ կրնան ծառայել իբրեւ կարեւոր ընտրական զանգուած‚ որ կրնայ եւրոպացի ղեկավարներ վարձատրել կամ պատժել, ըստ Թուրքիոյ նկատմամբ անոնց կեցուածքներուն։

Արտասահմանի թուրքերը նաեւ վերածուած են Թուրքիոյ մէջ գերվերահսկուած քաղաքական ազդակի մը։ Թուրքիոյ նախագահին ընդդիմախօսները‚ մասնաւորաբար քիւրտ ազգայնականներ եւ Ֆեթհուլլա Կիւլէնի հետեւորդներ, կը կրեն պետութեան թշնամիներու եւ ահաբեկիչներու պիտակը։ Մինչ անոնցմէ շատեր Եւրոպայի մէջ ապաստանած են‚ աւելի կազմակերպ թրքական սփիւռք մը կրնայ օգտագործուիլ այդ խմբաւորումներուն մասին տեղեկութիւններ հաւաքելու եւ զանոնք ահաբեկելու համար։

Հետեւանքները

2015-ին իր կառավարութիւնը վերադասաւորման ենթարկելու նախագահ Էրտողանի որոշումը նպաստեց թրքական սփիւռքի ամրապնդման։ Եւրոպայի մէջ թրքական ծայրայեղ ազգայնական խմբաւորումներ եւ անոնց իսլամական գործընկերները անցեալին իրարու դէմ էին։ Սակայն երբ Էրտողան ազգայնական ուղի որդեգրեց Յունիս 2015-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն իր կուսակցութեան արձանագրած վատ արդիւնքներուն պատճառով եւ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնն ու Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը ձեռք ձեռքի տուին, աւելի դիւրացաւ այս իրամէ անջատ խմբաւորումները եւրոպական սփիւռքին մէջ իրարու մօտ բերելը։ Էրտողանի կառավարութիւնը կը թուի յաջողած ըլլալ Եւրոպայի մէջ իր ազդեցութեան տակ առնելու թէ՛ Իսլամական ազգայնական հայեացք շարժումը‚ թէ՛ ալ ծայրայեղ ազգայնական խմբաւորումները։ Եւրոպայի մէջ Ազգայնական հայեացք շարժումի նախկին ատենապետ Մուսթաֆա Եներօղլուն 2015-էն ի վեր խոհրդարանին մէջ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան երեսփոխան է‚ եւ ծայրայեղ աջակողմեաններու հաւատարմութիւնը դիւրացուցած է Ազգայնական շարժում կուսակցութեան նախկին փոխնախագահ Թուղրուլ Թիւրքէշի՝ առասպելական ծայրայեղ ազգայնական ղեկավար Ալփարսլան Թիւրքէշի թոռնիկին փոխվարչապետ նշանակումը։ Թուրքիոյ մէջ կառավարական երկու մարմիններ սփիւռքի համակարգման բանալիներ են։ Արտասահմանի մէջ թուրքերու եւ յարակից համայնքներու վարչութիւնը (ԵԹՊ) կառավարական մարմին մըն է‚ որուն ղեկավարն է փոխվարչապետ Թիւրքէշը։ Այդ մարմինը իւրաքանչիւր եւրոպական միութեան մէջ ունի ներկայացուցիչներ‚ որոնք միասնաբար խորհրդատուական մարմին մը կը կազմեն եւ կը գործեն իբրեւ Եւրոպայի մէջ թրքական կառավարութեան եւ թրքական համայնքներուն միջեւ հաղորդակցութեան անուղղակի միջոց։ ԵԹՊ-ն վերջերս Շուէտի մէջ լրատուամիջոցներու ուշադրութեան կեդրոնը դարձաւ‚ երբ բացայայտուեցաւ‚ որ իր գլխաւոր դէմքը՝ Ռեֆէաթ Ճանտեմիր նաեւ խորհրդատուն է Մեհմետ Քափլանի՝ Կանաչներու կուսակցութեան անդամ ծագումով թուրք քաղաքագէտին‚ որ 2014-ին նշանակուած էր Շուէտի բնակութեան հարցերու նախարար եւ 2016-ին ստիպուեցաւ հրաժարիլ։ Ճանտեմիր նուազ քան երկու տարուան ընթացքին Թուրքիա 20 այցելութիւններու ընթացքին ընկերակցած է Քափլանի։ Թուրքիոյ Կրօնական հարցերու պետական վարչութիւնը աւելի կարեւոր է։ Ինչպէս «Թըրքի Անալիսթ» 19 Հոկտեմբեր 2015-ին հաղորդած էր՝ Էրտողան «Տիանէթ»ին նոր առաքելութիւն մը ճշդեց։ Մինչ անցեալին այդ մարմինը իսլամական արմատականացման հակակշռման կը ծառայէր‚ անիկա ներկայիս կը ծառայէ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան իսլամական գաղափարախօսութեան քարոզչութեան։ Այս մէկը Եւրոպայի մէջ կարեւոր հետեւանքներ ունի։ 1975-ին ստեղծուած «Տիանէթ» հիմնարկը 1980-ական թուականներուն մասնաճիւղեր հիմնեց նկատառելի թուրք բնակչութիւն ունեցող եւրոպական երկիրներու մեծամասնութեան մէջ եւ անոնց միջոցաւ կրնայ նիւթական հատկացումներ կատարել եւրոպական երկիրներու մէջ եւ նպաստել մզկիթներու կառուցման ու բարեզարդման։

1984-ին «Տիանէթ»ի կողմէ հիմնուած Կրօնական հարցերու թուրք-իսլամական միութիւնը (ՏԻԹԻՊ) կը ծառայէ իբրեւ Եւրոպայի մէջ թուրք իսլամական ընկերակցութիւնները միաւորող միութիւն։ «Տիանէթ»-ը անունով անկախ ՏԻԹԻՊ-ի միջոցով Եւրոպայի տարածքին աւելի քան հազար մզկիթներու մէջ ծառայելու համար իմամներ կը նշանակէ։ Այս հոլովոյթին կը վերահսկեն թրքական դեսպանատուներուն եւ հիւպատոսարաններու կրօնական հարցերու կցորդները‚ որոնք ինքնին արտասահմանի մէջ որպէս թրքական ներկայացուցչութիւններ ուղարկուած «Տիանէթ»ի պաշտօնատարներ են։

Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը 2004-ին հիմնուած Եւրոպայի թուրք ժողովրդավարներու միութեան (ԵԹԺՄ) ծածկոցին տակ Եւրոպայի տարածքին նաեւ կը ստեղծէ հաւատարիմ ընկերակցութիւններու ցանց մը։ ԵԹԺՄ-ն մասնաճիւղեր ունի 13 եւրոպական երկիրներու մէջ‚ եւ թէեւ իւրաքանչիւր մասնաճիւղ կազմակերպուած է տեղական օրէնսդրութեան համաձայն‚ անոնք բոլորն ալ կը գտնուին Գերմանիոյ Քոլոն քաղաքին մէջ ԵԹԺՄ-ի կեդրոնատեղիի վերահսկողութեան տակ‚ որ իր կարգին կը գտնուի Անգարայի մէջ նախագահական պալատի վերահսկողութեան տակ։ ԵԹԺՄ-ն պաշտօնապէս որեւէ քաղաքական կուսակցութեան առնչուած չէ‚ սակայն գործնականին մէջ կը ծառայէ իբրեւ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան մէկ թեւը։ Անոր ներկայացուցիչները Էրտողանի միտքերը կը կրկնեն եւրոպական լրատուամիջոցներուն‚ եւ ԵԹԺՄ-ն թրքական վարչակազմին համար կարեւոր հարցերու շուրջ ցոյցեր կը կազմակերպէ։ Անոր մասնաճիւղերը Եւրոպայի տարածքին ձեռնարկներու մէջ կանոնաւոր կերպով կը հիւրընկալեն Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն նախարարներ, երեսփոխաններ, մասնագէտներ ու ակադեմականներ:

Գերմանիոյ մէջ‚ Էրտողան նոյնիսկ աւելի հեռու գացած է. ան քաղաքական կուսակցութիւն ստեղծած է։ 2016-ին հիմնուած Գերմանացի ժողովրդավարներու դաշինքի ղեկավարն է ԵԹԺՄ-ի ղեկավար Ռեմզի Արուն՝ գերմանական լրատուամիջոցներու մէջ Էրտողանի ամենէն ականաւոր ջատագովը։ Ան հարցազրոյցներու մէջ կուսակցութեան ստեղծումը կը բացատրէ, յայտնելով որ իր կուսակցութեան համակիրներուն համար գերմանական որեւէ այլ կուսակցութիւն ընդունելի չէ։ Այս լաւապէս համակարգուած խմբաւորումներու շարքը վերջերս ուշադրութեան կեդրոն դարձաւ‚ սակայն ոչ թուրք նախարարներու սփիւռքի քուէներու ապահովման համար եւրոպական երկիրներ մուտքի արգիլման շուրջ ստեղծուած վերջին դիւանագիտական վէճերուն պատճառով։ Իրականութեան մէջ այդ վէճերը կը թուին ըլլալ հետեւանքը թրքական ապօրինի գաղտնի սպասարկման գործունէութեան շուրջ աւելի խոր ու մտահոգիչ մեղադրութիւններու։ Յեղաշրջումի ձախողած փորձէն ետք‚ Էրտողանի կառավարութիւնը կը թուի Եւրոպայի մէջ եւ այլուր‚ ներառեալ Միացեալ Նահանգներու մէջ իր վերահսկողութեան տակ գտնուող բոլոր կազմակերպութիւններուն թելադրած ըլլալ դիմակայելու Ֆեթհուլլա Կիւլէնի շարժումը‚ որ Էրտողանի կողմէ կը մեղադրուի յեղաշրջումի կազմակերպման հարցով։ Թրքական կառավարութիւնը պահանջած է Կիւլէնի առնչակից կազմակերպութիւններն ու դպրոցներու փակումը‚ ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ կողմէ փնտռուած կիւլէնականներու արտայանձնումը։ Եւ մինչ շատ բան ցոյց կու տայ‚ թէ բանակին մէջ կիւլէնական տարրեր մեղսակից էին յեղաշրջումին՝ եւրոպական արդարադատական համակարգերը իրաւունք չեն տար շարժումի հաւաքական յանցաւորութեան թրքական պնդումներու հիմամբ օրինական դպրոցներ ու ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ փակել‚ առաւել եւս արտայանձնել անհատներ‚ որոնց մեծ մասը եւրոպացի քաղաքացիներ են։

Եւրոպական երկիրներու մէջ կանոնաւոր ջանքերը տեղեկութիւն հաւաքելու եւ ահաբեկելու Էրտողանի ընդդիմացող թուրքեր‚ որոնց ոչ բոլորը Կիւլէնական շարժումին առնչուած են‚ վերոնշեալ բոլոր կազմակերպութիւններն ալ վերածած են յանցագործներու։ «Տիանէթ»ի կողմէ նշանակուած իմամները այս տեղեկահաւաքի գործողութեան առաջին գիծին վրայ եղած են՝ Եւրոպայի մէջ կիւլէնականներու մասին զեկուցելով եւ անոնց մզկիթներ մուտքը արգիլելով։ Փաստեր ի յայտ եկած են‚ ըստ որոնց‚ Շուէտի մէջ ԵԹԺՄ-ի ղեկավարը սպառնացած է կիւլէնականներու‚ եւ շարք մը երկիրներու մէջ ի յայտ եկաւ‚ որ թուրքերը կը քաջալերուին կիւլէնականներու եւ այլ այլախոհերու մասին տեղեկութիւններ փոխանցել թրքական դեսպանատուներուն եւ հիւպատոսարաններուն։ Ասոր կողքին Կիւլէնի առնչակից թիրախներու դէմ բռնարարքներու աճ արձանագրուած է‚ սակայն նաեւ ձախակողմեան Յեղափոխական ժողովուրդի ազատագրութեան կուսակցութիւն-ճակատին կողմէ Գերմանիոյ մէջ ԵԹԺՄ-ի կեդրոններու դէմ յարձակումներ։

Եզրակացութիւններ

Թուրքիոյ մէջ բռնաճնշումը իր ազդեցութիւնը կ’ունենայ Եւրոպայի մէջ։ Թէեւ Թուրքիան միշտ ալ եւրոպական երկիրներուն համար իր ժողովրդավարական բացթողումներուն հարցով խնդրայարոյց գործընկեր մը եղած է‚ սակայն յարգած է դիւանագիտական կանոնները։ Անգարա յաճախ կը բարկանայ ՔԱԿ-ի դէմ պայքարին մէջ եւրոպական գործակցութեան բացակայութենէն‚ սակայն կը հակազդէ՝ դիւանագիտական միջոցներով եւ Միացեալ Նահանգներու աջակցութեան վստահելով։ Էրտողան‚ սակայն‚ ներկայիս որեւէ վերապահութիւն չունի եւրոպական երկիրներու ներքին հարցերուն միջամտելու նկատմամբ։

Այս մէկը հիմնովին կը փոխէ Թուրքիոյ եւ Եւրոպայի միջեւ յարաբերութիւններու բնոյթը։ Թուրք ղեկավարներու վերջին յայտարարութիւններն ու թրքական կառավարութեան քայլերը աւելի կը պատշաճին թշնամական պետութեան մը, քան Եւրոպական Միութեան «թեկնածու երկիր»ի մը։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.