«էրտողանը փոխանակ եւրոպային դաս տալու, հայ ժողովուրդին դէմ գործուած ոճիրը թող ընդունի». Արամ Ա.
«էրտողանը փոխանակ եւրոպային դաս տալու, հայ ժողովուրդին դէմ գործուած ոճիրը թող ընդունի», այս բառերով ողջունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետ Արամ Ա. երէկ գիշեր իրեն այցելող խումբ մը լիբանանցի արուեստագէտ-արուեստագիտուհիները, որոնք յառաջիկայ Ապրիլ 24-ին առիթով Պիպլոսի մէջ պիտի ցուցադրեն Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած իրենց գեղանկարները։ Սոյն ծրագիրը կազմակերպուած է Թէքէեան Մշակութային Միութեան կողմէ, եւ անոր նպատակն է արուեստի ճամբով օտարներուն ծանօթացնել Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
Իր խօսքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը գնահատելով լիբանանցի նկարիչներուն մասնակցութիւնը ցուցահանդէսին, թելադրեց որ իրենց պատրաստելիք գեղանկարներուն մէջ շեշտը դնեն ցեղասպանութենէն անդին՝ նաեւ հայ ժողովուրդի արդարութեան պահանջքին ու վերածնունդին վրայ։ Նորին Սրբութիւնը յիշեց, որ թուրքը ջարդեց հայ ժողովուրդը, իսկ արաբ ժողովուրդը, իսլամ թէ քրիստոնեայ, իր հայրենիքին դռները լայն բացաւ հայ ժողովուրդին դիմեց։ Շարունակելով իր խօսքը, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ՝ «թուրքին նոյն ծաւալապաշտական ու բռնատիրական ոգին այսօր եւս տեսանելի է թէ՛ արաբական աշխարհին եւ թէ՛ Եւրոպայի մէջ»։
Ապա Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն։