Եւրոպական Խորհրդարանը Սկզբունքային Շեշտադրումներ Կը Կատարէ Ի Հեճուկս Ազրպէյճանի` Իրականութիւնը Խեղաթիւրելու Ջանքերուն

Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար 16 փետրուար 2022-ի նիստը հաստատեց Եւրոպական Միութեան «Ընդհանուր արտաքին եւ անվտանգային քաղաքականութեան» տարեկան բանաձեւը, որ տակաւին 20 դեկտեմբեր 2021-ին  ընդունած էր Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը:

Արցախեան տագնապին վերաբերող դրոյթները Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւին մէջ ըստ էութեան մնացին անփոփոխ: Եւրոպական խորհրդարանը կը հաստատէ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը կը շարունակէ մնալ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման միջազգայնօրէն ճանչցուած միակ ձեւաչափը` ազգերու ինքնորոշման, տարածքային ամբողջականութեան, ուժ չկիրարկելու եւ խնդիրի խաղաղ լուծման հիմնարար սկզբունքներու հիման վրայ: Եւրոպական խորհրդարանը կոչ կ՛ուղղէ Մինսքի խմբակին անյապաղ եւ կրկին ստանձնել միջնորդի իր դերը: Եւրոպական խորհրդարանը նաեւ կը յորդորէ Եւրոպական Միութեան գործադիր մարմինները` մասնաւորապէս բարձր ներկայացուցիչը, եւ Եւրոպական Միութեան անդամ-պետութիւնները աշխուժօրէն ներգրաւուիլ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին շուրջ տեւական լուծում գտնելու գործին մէջ:

Անդրադառնալով Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւին` ՀՅԴ  Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան շեշտեց. «Այս բանաձեւով Եւրոպական խորհրդարանը սկզբունքային շեշտադրումներ կը կատարէ ի հեճուկս Ազրպէյճանի` իրականութիւնը խեղաթիւրելու ջանքերուն: Խիստ որոշիչ է Պրիւքսելի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աննա Աղաջանեանի եւ իր դիւանագիտական խումբի արդիւնաւէտ եւ աշխուժ աշխատանքը այս ուղղութեամբ: Անշուշտ, ինչպէս եւ անցեալին ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակը կը շարունակէ Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխաններու եւ քաղաքական շրջանակներու իրազեկման անդադրում աշխատանքը` ի նպաստ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական շահին»:

ՀՅԴ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.