Երուսաղէմէն Արցախ. Ապագայ Հոգեւորականը Կիսատ Ձգած Է Ուսումն Ու Ծառայութեան Մեկնած Արցախ
18-ամեայ Օնիկ Խաչատրեան (աւազանի անունը` Յովհաննէս) Երուսաղէմի մէջ կիսատ ձգած է հոգեւոր կրթութիւնն ու վերադարձած հայրենիք` ծառայութեան անցնելով Արցախի զօրամասերէն մէկուն մէջ:
Ապրիլեան պատերազմի օրերուն, երբ Յովհաննէսը կ’ուսանէր Երուսաղէմի հոգեւոր ճեմարանին մէջ, տեսած է` ինչպէս ճեմարանի սաներէն մէկը գիշերով, բոլորէն գաղտնի փորձած է մեկնիլ Արցախ:
«Շատ նեղուած էի այդ տեսարանէն: Ան այդ ժամանակ 26 տարեկան էր: Գիշերուան ժամը 12-ն էր: Առանց իրերը հաւաքելու` կ’ուզէր վերադառնալ Հայաստան ու մեկնիլ Արցախ: Այնպէս ըրած էր, որ այդ մասին ծնողներն ու աշակերտները չիմանան»,- Yerkir.am-ի հետ զրոյցին պարտմեց ան:
Յովհաննէսը արդէն 5 ամսուայ ծառայող է: Մէկ ամիսէն միւսներուն պէս ան ալ կ’երթայ դիրքեր` մարտական հերթապահութիւն իրականացնելու: Ապագայ հոգեւորականը կը տիրապետէ զէնքին, կը կարծէ, որ թշնամիէն պէտք է պաշտպանուիլ նաեւ զէնքով` յիշեցնելով հրեաներու փորձն ու իւրովի մեկնաբանելով Հին Կտակարանը:
«Մարդիկ կան, որոնք ինծի կ’ըսէին, թէ ինչու կու գամ այստեղ, որ կրնայի հանգիստ Երուսաղէմի մէջ ուսանիլ, բայց ես ինքնակամ որոշումս կայացուցած եմ ու չեմ փոշմանած»,- ըսաւ Յովհաննէս` նշելով, որ իր նպատակը Արցախի մէջ` առաջնագիծի վրայ ծառայելն էր:
Մանրամասնութիւնները` Yerkir.am-ի տեսանիւթին մէջ
https://www.youtube.com/watch?time_continue=3&v=AMYRv_02gKA