Երկու Աշխարհ Տեսայ Հայաստանի Մէջ

ՆՈՐԱ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ-ԳՈՅՈՒՄՃԵԱՆ

Երեք շաբաթ առաջուան Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւնները յիշողութեանս բերին, որ անցեալ տարի նոյն օրերուն Երեւան կը գտնուէի: Երբ Հայաստան գտնուինք, մեր խանդավառ տրամադրութեան մէջ կ՛ուզենք լաւատեսութեամբ խօսիլ եւ պատմել միայն անոր գեղեցկութիւններուն մասին: Չի նշանակեր, որ չենք տեսներ նաեւ տգեղ երեւոյթները, սրբագրելի կողմերը, պարզապէս քիչ անգամ կ՛անդրադառնանք անոնց…

Այդ օրերուն մտադրած էի տուն վերադարձիս տպաւորութիւններս հարազատութեամբ հրապարակել անոնց համար, որոնք` պիտի ուզեն կարդալ` «Երկու աշխարհ տեսայ Հայաստանի մէջ» խորագրով: Բայց… ժամանակը անցաւ, եւ մտադրութիւնս չիրականացուցի: Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւններուն եւ նախընտրական քարոզարշաւի ազդեցութեան տակ տպաւորութիւններս վերակենդանացան եւ մղեցին, որ գրի առնեմ զանոնք:

Երկու Աշխարհ Տեսայ Հայաստանի Մէջ.

– Տեսայ Երեւանի շքեղ հրապարակներն ու կեանքով լեցուն պողոտաները. տեսայ նաեւ շէնքերու արանքներուն թափթփած աղբակոյտեր, շէնքերու կռնակի-ետեւի բակերուն լքուածութիւնն ու կիսաւեր պատշգամները:

– Տեսայ հիւրանոցներուն, թանգարաններուն, մայրաքաղաքի փառաւոր ճաշարաններուն մէջ աշխատող, ապագայի երազներով երիտասարդներ-ուսանողներ. նաեւ` ճամբաները շրջող աներազ մամիկներ-պապիկներ, որոնք իրենց հին գիրքերը կը վաճառէին օրուան հացը ապահովելու համար:

– Տեսայ սքանչելի նոր շինութիւններ, դղեակի նմանող հարուստ ու շռայլ տուներ. նաեւ, պողոտաներու ետին, թաղերու մէջ գունատ բնակարաններ, հնացած մուտքերով ու փճացած պատերով:

– Տեսայ Սարեանի, Թումանեանի, Չարենցի խնամուած տուն-թանգարանները: Տեսայ նաեւ  Արամ Մանուկեանի պատմական բնակարանին կիսափլատակ ու ամօթալի վիճակը, անոր քանդուած ներքնայարկը, դուռն ու պատուհանները, ուր բոյսեր աճած էին:

– Տեսայ սեփական գործ յաջողցուցած հայրենադարձ սփիւռքահայեր. իսկ լսեցի նաեւ չոր միրգերու շուկայի մօտ հրապարակին թաքսիի վարորդէն. «Քուրի՛կ ջան, ամէն առտու շատ կանուխ. այս հրապարակին վրայ կը տեսնես, թէ տուն-ընտանիք-հարազատ թողած` տասնեակներով երիտասարդներ ավթոպուսներով կը մեկնին  Ռուսաստան` աշխատանքի համար»:

– Տեսայ ամերիկեան տիպի թանկ սուփըրմարքեթներ եւ բազմատեսակ արտադրութիւններով գոց շուկաներ. նաեւ` թրքական աժան ապրանքներով լիքը խանութներ:

– Տեսայ մեր հրաշք բնութիւնը դէպի Դիլիջան` կանաչ լեռները, վերանորոգուած գիւղերն ու զբօսաշրջիկներու համար կառուցուած վայրերը. նաեւ` Գիւմրիէն Ապարան ճամբուն երկայնքին, չոր ու վայրի բնութեան  մէջ ամայացած ու մելամաղձոտ գիւղերը, ծախու հողամասեր եւ բնակարաններ:

– Տեսայ Աբովեան քաղաքի նորովի խնամուած պողոտաները եւ նորակառոյց մեծ ու տպաւորիչ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցին, նաեւ տեսայ դէպի մեր հնաւանդ Անիի սահմանը տանող փոշոտ ճամբուն վրայ հին եկեղեցիի նմանող լքուած կառուցուածքը, որուն շուրջ հաւեր կը թափառէին կտկտալով:

* * *

Անցեալ տարիէն այսօր շատ բան փոխուած է Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ, հետը բերելով նոր յոյս, աւելի լաւ օրերու ակնկալութեամբ:

Յոյսն ու ապագայի լաւատեսութիւնը կը պոռթկային Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւններու քարոզարշաւի ընթացքին:

Մենք` հեռու եղողներս, լրատուական միջոցներու եւ ընկերային ցանցերու ընծայած միջոցներու շնորհիւ հաղորդ դարձանք անցուդարձերուն եւ տպաւորուեցանք երիտասարդներու աշխուժ մասնակցութենէն:

Սիրեցի յատկապէս ՀՅԴ երիտասարդ աւագանիի թեկնածուներուն ու անոնց աջակցող տղոց ու աղջիկներուն թարմ դէմքերը, անոնց պարզ ու անկեղծ նայուածքը, խօսքի հարազատութիւնը, առաջարկները, իրենց քաղաքին հանդէպ ունեցած սէրը եւ պատասխանատուութիւն ստանձնելու պատրաստակամութիւնը: Անոնք նոր շունչ ու ներարկում կը խոստանային մայրաքաղաքին:

Երիտասարդական այդ շունչն ու թարմութիւնը թող վարակեն  Հայաստանի բոլոր քաղաքները, աւաններն ու գիւղերը եւ նոր յոյս տան բոլոր հայերուն:

Յոյս, որ Հայաստանը պիտի պարզէ բարգաւաճող մէկ պատկեր, մէ՛կ «աշխարհ»` ընկերային արդարութեամբ, իրաւական պետութեամբ եւ ժողովրդավար համակարգի տակ զարգացող:

Յոյս, որ պիտի չվերածուի յուսախաբութեան:

Պատասխանատուութիւնը իւրաքանչիւր քաղաքացիին է:

Պատասխանատուութեան իր բաժինը իւրաքանչիւրին` սկսեալ երկրի թիւ մէկէն, Ազգային ժողով-խորհրդարանի աթոռներուն արժանացած 105-էն, մինչեւ վերջին ամենափոքր գիւղի քաղաքացիին եւ սփիւռքի մէջ ապրող հային:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.