«Եթէ Համաժողովրդական Ընդվզում Չունենանք, Ո՛չ Հրաժարական, Ո՛չ Ալ Պաշտօնանկութիւն Պիտի Ըլլայ» Կ՛ըսէ Իշխան Սաղաթէլեան

22 օգոստոսին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան հարցազրոյց տուաւ «Երկիր Մետիա», «Հ2» եւ «5-րդ Ալիք» պատկերասփիւռի կայաններուն:

Սաղաթէլեան հարցազրոյցի ընթացքին ըսաւ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը երեք անգամ անդրադարձած է «Դիմադրութիւն» շարժումին տարբեր հարցազրոյցներով եւ յայտարարութիւններով եւ Հայաստանի Ընդդիմութեան գործունէութեան հիմնականին մէջ այն պարունակին մէջ, որ Հայաստանի մէջ կան վրէժխնդրական ուժեր, որոնք կը խանգարեն Նիկոլ Փաշինեանին` շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելուն, այսինքն` այս կեղծ օրակարգով Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ շահերուն սպասարկելուն:

«Այս աղէտը, որ այս օրերուն ունինք, նախատեսուած էր աւելի կանուխ եւ աւելի մեծ ծաւալներով: Հետեւաբար այս իմաստով ակնյայտ են Դիմադրութեան շարժման ձեռքբերումները: Մենք մեր գլխաւոր նպատակին` հեռացնել օրուան իշխանութիւնը եւ կանխել այս գործընթացը, տակաւին չենք հասած, բայց վստահ եմ` մեր բացթողումները, սխալները գնահատելով, ճիշդ եզրայանգումներ կատարելով կարելի է հասնիլ այս իշխանութիւններու հեռացման: Կարեւորը պէտք չէ յուսահատիլ եւ նահանջել», ընդգծեց Իշխան Սաղաթէլեան:

Անդրադառնալով շարժման բացթողումներուն եւ քննադատութիւններուն` Սաղաթէլեան նշեց. «Մենք մեր ծրագիրներուն մասին խօսած ենք շատ յստակ եւ ոչ թէ մէկ անգամ, ալ բազմաթիւ անգամներ: Այս պայքարը մեզի համար նախընտրական պայքար չէ եղած… Մենք ըսած ենք, որ երկիրը եւ պետականութիւնը վտանգի տակ են: Այս իրավիճակին մէջ, երբ ունինք գոյաբանական խնդիրներ, այս պայքարը

վերածել նախընտրական պայքարի, եւ հանդէս գալ նման մանրամասն ծրագիրներով կամ խօսիլ ընկերային հարցերու մասին, երբ առհասարակ պետականութեան գոյութիւնը հարցականի տակ է, մենք այդ սկզբունքով չենք առաջնորդուած: Ծրագրային ելոյթներ ունեցած ենք բազմիցս»:

Սաղաթէլեան ըսաւ. «Այս իշխանութիւնը հեռացնելու երկու ճամբայ կայ` հրաժարական եւ պաշտօնանկութիւն` խորհրդարանի միջոցով: Այս երկու տարբերակներէն որեւէ մէկը յաջողութեան կը հասնի բացառապէս համաժողովրդական լայն ընդվզումի, ապստամբութեան միջոցով, որովհետեւ ասոնք հակահայ իշխանութիւններ են: Եթէ համաժողովրդական ընդվզումի պատկերը չունենանք` ո՛չ հրաժարականը, ո՛չ պաշտօնանկութիւնը պիտի ըլլան: Մենք պէտք է ունենանք հասունացած այդ իրավիճակը եւ նոր մտնենք այդ գործընթացին մէջ: Պաշտօնանկութիւնը մեր օրակարգին մէջ է, մենք պիտի մտնենք գործընթացին մէջ այն ժամանակ, երբ կ՛ունենանք նպաստաւոր պայմաններ»:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.