Դաւիթ Պապայեան Պաքուի բանտէն կը բարձրաձայնէ իրաւունքներու խախտումներու մասին

Պաքուի մէջ բանտարկուած Արցախի նախկին արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Պապայեանի ընտանիքը News.am-ին փոխանցած է ձայնագրութիւն մը, ուր Պապայեան կրկին կը բարձրաձայնէ իր եւ միւս հայ գերիներու իրաւունքներու խախտումներուն, ինչպէս նաեւ առողջական խնդիրներուն մասին։

Պապայեան յայտնած է, որ Վերաքննիչ դատարանը ուժի մէջ ձգած է առաջին ատեանի վճիռը, որով ինք դատապարտուած է ցմահ ազատազրկման։ Ան վերաքննիչ դատավարութիւնը բնորոշած է իբրեւ «թատրոն» եւ «նախապէս գրուած սենարիօ»։

Ան ըսած է, որ դատավարութեան աւարտէն ետք իր մեղադրանքներուն աւելցուած են եւս երկու յօդուածներ, որոնք մինչ այդ չեն յիշատակուած։

«Ինծի ցմահ ազատազրկման դատապարտած են նաեւ այնպիսի յօդուածով մը, թէ ես ուզած եմ այս երկրին մէջ տապալել իշխանութիւնը եւ զաւթել զայն։ Սակայն ոչ հետաքննութեան, ոչ ալ առաջին ատեանի դատավարութեան ընթացքին այս հարցով ինծի որեւէ հարց չեն տուած», ըսած է ան ձայնագրութեան մէջ։

Հայ գերիները կը բողոքարկեն առաջին ատեանի վճիռները՝ միջազգային դատական ատեաններ դիմելու հնարաւորութիւնը ապահովելու նպատակով։ Նախապէս Պաքուի մէջ բանտարկուած Ռուբէն Վարդանեան, Դաւիթ Իշխանեան եւ Դաւիթ Մանուկեան եւս բարձրաձայնած էին դատավարութիւններուն ընթացքին իրենց իրաւունքներու խախտումներուն մասին։

Այս տարուան սկիզբը 16 հայ գերիներ դատապարտուած էին 20 տարիէն մինչեւ ցմահ ազատազրկման։ Դատավարութիւնները տեղի ունեցած են փակ պայմաններու մէջ՝ առանց միջազգային դիտորդներու եւ անկախ լրատուամիջոցներու ներկայութեան։