Դաւիթ Իշխանեան. «Փաշինեանին Կը Սպասենք Վերածնունդի Հրապարակին Վրայ»

15 յունիս 2022-ին, Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ելոյթէն ետք «Ապառաժ»-ը ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Իշխանեանէն խնդրեց մեկնաբանել ելոյթը, որուն ի պատասխան Իշխանեան ըսաւ.

«Կրկէսի կեդրոնին մէջ յայտնուած անյաջողակ աճպարարի մտայնութեամբ ու կեցուածքով Հայաստանի վարչապետ կոչուածը հերթական պարզունակ ձեռնածութիւնները դրսեւորեց: Ան փորձեց լուալ ո՛չ միայն կրկէսի վերածուած Հայաստանի Ազգային ժողովի դահլիճին մէջ մանկամիտ հայեացքներով ու մանկուրտի ուղեղներով ուսապարկերու «ուղեղները», այլեւ ի լուր աշխարհին ցուցաբերեց իր` սովորական խաբեբայի կերպարը:

Այդպէս ալ չհասկցանք` հայկական շա՞հն է առաջնային, թէ՞ թուրք-ազրպէյճանական: Բոլոր փաստարկներն ու մտայնութիւնը թուրք-ազրպէյճանական փաստարկներն էին: Պատահական չէ ժողովրդական ասացուածքը. «Գող` սիրտը դող»:

Չեմ ուզեր երկար մեկնաբանել, պարզապէս այդ աճպարարին կը հրաւիրեմ Արցախի Հանրապետութիւն` 1988-էն աշխարհը ալեկոծած Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակ` իրեն քաջ յայտնի տեղը, ուր 5 օգոստոս 2019-ին գերյափշտակութեան մէջ յայտնուածի կերպարով յայտարարութիւններ կը կատարէր: Ըսելիք կ՛ունենա՞յ:

Այստեղ եւ ամէնուր (իր ուզած տեղը) ինչ որ բան թափ կու տանք, երեսով ալ կու տանք, բայց կուլ չենք տար անոր «պիւտճէական եւ ֆինանսական» մեկնաբանութիւններն ու արդարացումները:

Իսկ անոր խօսոյթին հետեւանքը հայրենազրկումն էր: Կարծես թէ բարոյական եւ հոգեբանական աջակցութեան կարիք կը զգայ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.