«Գիտական Ռազմավարութիւն»-ը Եւ Դաշնակցական Երիտասարդը

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Սոյն յօդուածով կ՛ուզեմ անդրադառնալ երկու հիմնական կէտերու, որոնք կը վերաբերին այժմու դաշնակցական երիտասարդին եւ ուսանողին: Յօդուածը որոշ չափով արձագանգ պիտի ըլլայ նաեւ քանի մը օր առաջ Թունուզի մէջ կայացած Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան (ԸԵՄՄ) համագումարին եւ ազրպէյճանական-թրքական պատմական անհիմն պնդումներուն դէմ գիտական ռազմավարութեան մը մշակումին անհրաժեշտութեան:

21-24 փետրուար 2019-ին Թունուզի Սուսա քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ ԸԵՄՄ-ի խորհուրդի ժողովը, որուն մասնակցած էին ՀՅԴ երիտասարդականէն երկու ներկայացուցիչներ` Անահիտ Յակոբեանը (Ֆրանսա) եւ Եղիա Թաշճեանը (Լիբանան): Ժողովին ներկայ էին մօտ ընկերվարական, յառաջդիմական եւ աշխատաւորական 50 կուսակցութիւններու երիտասարդական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները:

Հակառակ անոր որ ժողովին նիւթը զուտ բնապահպանական եւ կենսոլորտի հետ կապուած էր, սակայն պաղեստինեան հարցը եւ Վենեզուելայի տագնապը աշխուժ ներկայութիւն ունէին քննարկումներուն ընթացքին: Պաղեստինեան երիտասարդականը իր բոլոր կազմակերպութիւններով քննադատեց իսրայէլեան քաղաքականութիւնը, որ ներկայիս կը կիրարկուի Պաղեստինի մէջ: Հոս կարելի է ըսել, որ իրենց երիտասարդութիւնը բաւական քաղաքականացած էր եւ` յստակ հիմնաւորւմներով պատրաստուած: Ինչ կը վերաբերի Վենեզուելայի տագնապին, այս մասին քննարկումը բաւական բարդ էր, թեր եւ դէմ կարծիքներ արտայայտուեցան, եւ խօսքեր առին Արժանթինի, Չիլիի, Ուրուկուէյի եւ Վենեզուելայի երիտասարդները: Այստեղ պէտք է նշել, որ խօսք առաւ նաեւ Լիբանանի Ընկերվար-յառաջդիմական կուսակցութեան երիտասարդական թեւի ներկայացուցիչը եւ զգուշացուց ներկաները` սուրիական տագնապէն դասեր քաղելու իմաստով, ինչպէս նաեւ` գաղթականներու «ռումբ»-էն: Մասնակիցները կոչ ուղղեցին մեծ պետութիւններուն` միջամուխ չըլլալու Վենեզուելայի ներքին հարցերուն, ինչպէս նաեւ շեշտեցին տագնապի խաղաղ լուծման եւ երկխօսութեան կարեւորութիւնը:

Բնապահպանման հարցը, կենսոլորտի փոփոխութեան դէմ պայքարը, կայուն զարգացման ծրագիրները եւ ընկերային արդարութեան համար պայքարը հիմնական նիւթերն էին խորհուրդի այս ժողովին: Այս նիւթերուն շուրջ ծաւալեցան կարեւոր քննարկումներ, որոնց ընթացքին ժողովին մասնակիցները քննադատեցին մեծ պետութիւններու անտարբերութիւնը այս հարցին առնչութեամբ եւ կոչ ուղղեցին, որ այլ երկիրներ ջանք թափեն միացնելու իրենց ճիգերը, որպէսզի կանխեն բնապահպանական աղէտը: Մասնակիցները նաեւ պահանջեցին, որ ընկերվարական կուսակցութիւնները բնապահպանութեան հարցը առաջնահերթութիւն նկատեն իրենց քաղաքական եւ ընտրական ծրագիրներուն մէջ: Այսինքն` «կանաչ»-ը (բնապահպանական շարժումը) կարելի եղածին չափ «կարմիր» դարձնել, այլ խօսքով` ընկերվարականացնել բնապահպանական շարժումները: Ըստ ժողովին մասնակիցներուն, պէտք է որդեգրուին կայուն զարգացման ծրագիրներ, այդ պայքարին մէջ նաեւ կը մտնէ ընկերային արդարութիւնը, որպէսզի չվնասէ աղքատ եւ բանուոր դասակարգի շահերուն` ի նպաստ մեծ ընկերութիւններու եւ նոր-ազատական քաղաքականութեան:

Վերջապէս, բանաձեւը, որ ներկայացուած էր Դաշնակցութեան երիտասարդականին կողմէ` «Հանքագործութիւնը եւ անոր ազդեցութիւնը բնութեան վրայ» խորագիրով, ընդունուեցաւ միաձայնութեամբ եւ արժանացաւ շատերու գնահատանքին: Բանաձեւին ի նպաստ խօսք առին նաեւ այլ կազմակերպութիւններ: Բանաձեւը կոչ կ՛ուղղէր, որ հանքագործութեան աշխատանքները աւելի թափանցիկ ըլլան եւ հեռու` ազատական ու դրամատիրական մենաշնորհներէ, որոնք վնաս կը հասցնեն բնութեան:

Ասիկա յաղթանակ մըն էր մեզի համար, յաղթանակ մը, որ պէտք է շարունակական ըլլայ, իսկ անոր արդիւնքները հայրենիքին մէջ քաղենք: Բայց այստեղ կը ծագի հարցադրում մը. արդեօք պէ՞տք է դաշնակցական երիտասարդը եւ ուսանողը ընդգրկել գիտական ռազմավարութեան մը մէջ:

Դարը փոխուած է, գաղափարները կը զարգանան, եւ մենք կարելի եղածին չափ պէտք է հաւասարակշռութիւն հաստատենք մեր ազգային հարցերուն եւ ընկերվար-ժողովրդավարական սկզբունքներուն միջեւ: Չեմ ուզեր ըսել` «հաւասարակշռութիւնը պահել», որովհետեւ այդ հաւասարակշռութիւնը չէ պահուած, եւ անոր վնասները կրեցինք Հայաստանի Ազգային ժողովի վերջին ընտրութիւններուն:

Երկրորդ կէտը, որուն կ՛ուզեմ անդրադառնալ, մեր երիտասարդութեան այսօրուան իրավիճակին մասին է, մասնաւորապէս իր դերը` մեր ազգային եւ ընկերային գաղափարական կեանքին մէջ: Երիտասարդութիւնը միշտ ալ սիւնը եղած է Դաշնակցութեան, ըլլայ ատիկա ֆետայական շարժումներուն ընթացքին, լիբանանեան եւ սուրիական ներքին պատերազմներուն, արցախեան ազատագրական պայքարին եւ,  վերջապէս, հակաթուրք պայքարին մէջ: Սակայն ժամանակը եկած է, որ նայինք երիտասարդութեան իր պատմական մարտական-ֆիզիքական դերակատարութենէն անդին:

Քանի մը օր առաջ Դիմատետրի էջիս վրայ կատարեցի հետեւեալ գրառումը. «Այսօր ազրպէյճանցիները եւ թուրքերը հսկայ արշաւ մը տարին ընկերային ցանցերուն վրայ` ի յիշատակ «Խոջալուի դէպքերուն»: Արդեօք քանի՞ հայ երիտասարդ կամ ուսանող կրնայ պաշտպանել հայկական թեզը կամ պատմական ճշմարտութիւնը կամ գոնէ վիճաբանիլ անոնց հետ` իրենց պնդումներուն դէմ: Քանի՞ հոգի` 10՞, 20՞ , 50՞: Տեսա՞ք, թէ ո՛ւր է մեր ազգին դժբախտութիւնը: Հակաթուրք պայքարը միայն ցոյցերով չէ, այլ գիտական ռազմավարութիւն մըն է, որուն պակասէն կը տառապին այսօր մեր երիտասարդութիւնը եւ ուսանողութիւնը: Գիտական ռազմավարութիւնը նախ դաստիարակութիւն է եւ ապա` քարոզչութիւն»:

Նշեալ գրառումին մէջ բարձրացուցած հարցիս շուրջ կային տարբեր կարծիքներ, թէ արդեօք հայ երիտասարդը պէ՞տք է մասնագիտանայ, եւ եթէ այո, ապա ո՞ր ոլորտներուն մէջ, իսկ եթէ ոչ, ապա ինչո՞ւ: Այս հարցումներուն պատասխանելու համար կ՛ուզեմ ամփոփել առաջարկներս երեք կէտերու մէջ.

Ա.- Հաւաքականութիւնը եւ անհատականութեան դէմ պայքարը, ուր հայ կամ դաշնակցական երիտասարդը, իր կուսակցական դաստիարակութէնէն անդին, նաեւ որոշ չափով պէտք է տեղեակ ըլլայ իր շուրջի քաղաքական եւ ընկերային անցուդարձերէն: Դաշնակցական երիտասարդը մեկուսացուած պէտք չէ ըլլայ իր միջավայրէն: Ան պէտք է իր ժողովուրդին հետ մասնակից դառնայ ամէն տեսակի անարդարութեանց դէմ պայքարին եւ` ոչ միայն ազգային հարցերուն մէջ: Այսօր համաշխարհային գետնի վրայ ազատականութիւնը եւ համաշխարհայնացումը հայ երիտասարդը վերածեցին սոսկական անհատի եւ ստրուկի: Մոռցանք հաւաքականութիւնը եւ այսօր դարձանք նիւթապաշտ անհատներ, երեւոյթ մը, որ ունի մէկ «աստուած», այդ ալ դրամատիրութիւնն է: Մոռցանք հաւաքականութիւնը եւ մոռցանք միաժամանակ, որ մեր ազգային շահերը միայն հաւաքականութեամբ եւ խմբային ճիգերով ու աշխատանքով է, որ կարելի է հետապնդել: Այսօր անհատականութիւնը համաշխարհայնացումին հետ կը քանդէ մեր ընտանիքները, եկեղեցիները եւ ազգային արժէքները, եւ այս բոլոր հոսանքներուն հայ երիտասարդը մինակը դէմ չի կրնար դնել, այլ կարիքը ունի հաւաքական աշխատանքի:

Բ.- Պէտք է ստեղծել «գիտական ռազմավարութիւն» մը. շատերը մասնագիտացած են տարբեր ճիւղերու մէջ, եւ հոս չեմ խօսիր համալսարանական վկայականի մը մասին, այլ` մասնագիտական աշխատանքի: Այսօր ժամանակն է, որ հիմնենք մասնագիտացած հետազօտական կեդրոններ, որոնք գրեթէ բացակայ են սփիւռքի տարածքին: Հայաստանի մէջ վերջին տասնամեակին բացուեցան հսկայ հետազօտական «միտքի կեդրոններ» (Think Tank), որոնք ուսումնասիրութիւններ կը կատարեն Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մասին եւ ուսանողներ կ՛ուղարկեն բարձրագոյն հիմնարկներ ու համալսարաններ` պատրաստելու համար ապագայ դասախօսներ եւ քաղաքագէտներ: Իբրեւ երիտասարդներու` կարեւոր է մեզի համար անմիջական կապեր հաստատել երիտասարդ տնտեսագէտներու, քաղաքական վերլուծաբաններու եւ պատմաբաններու միջեւ, որովհետեւ միշտ ալ կարեւոր է զիրար լսելը, խնդիրներ քննարկելը եւ լուծումներու հասնիլը: Ինչպէս որ հայ միջնադարեան մատենագիր Եզնիկ Կողբացին կ՛ըսէ` «Գոհունակութեամբ աշխատիլը առանց պսակի չի մնար»:

Միւս կողմէ` կարելի չէ Հայկական հարցի հետապնդումը սահմանափակել միայն Հայ դատի յանձնախումբերով, որովհետեւ Հայ դատը եւ անոր հետապնդումը բոլորիս պարտականութիւնն է եւ ոչ թէ` քանի մը անձերու: Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի սադրանքներուն դէմ դնելը բոլորիս պարտականութիւնն է եւ ոչ միայն` կուսակցական կամ կառավարական մարմիններուն: Այս հարցին շուրջ պէտք է վերապատրաստել մեր երիտասարդութիւնը` գործակցաբար ուսանող տարրին հետ: Այսօր չենք կրնար տեսնել հայ երիտասարդներ, որոնք դժուարութիւն կը գտնեն դէմ դնելու հակահայ քարոզչութեան: Հոս մեր հայկական վարժարանները հսկայ ընելիք ունին: Այո՛, պէտք է ուսումնասիրենք թշնամիին պատմութիւնը, անոր քարոզչութիւնը, անոր տնտեսութիւնը, բանակը, անոր դաշնակիցները` գետնի վրայ: Այո՛, եթէ կ՛ուզենք հակահարուած տալ թշնամիին, նախ պէտք է գիտնալ, թէ ո՛վ է մեր թշնամին եւ ուսումնասիրել զայն: Եւ ուսումնասիրելու համար մենք ենք, որ պէտք է թափանցենք իրենց ընկերութեան մէջ եւ ոչ թէ հակառակը, ինչպէս որ ներկայիս կ՛ըլլայ:

Գ.- ԸԵՄՄ-ի խորհուրդի նիստը, մասնակցութեան իմաստով, իր տեսակին մէջ առաջինը չէր դաշնակցական երիտասարդականին համար եւ վստահաբար ոչ ալ վերջինը պիտի ըլլայ: Մեր երիտասարդ ընկերները տարիներ աշխատեցան, որ միջազգային ամպիոններէ մեր ժողովուրդին ձայնը լսելի դառնայ, ինչպէս` Սան Սթեֆանոյի եւ Պերլինի վեհաժողովները եւ հետագային` Սեւրը: Այսպիսի խորհրդաժողովներ միշտ ալ պատմական եւ կարեւոր եղած են մեզի համար: Նախ իբրեւ փորձառութիւն եւ ապա յարաբերական աշխատանքի իմաստով բաւական արդիւնաւէտ են: Սակայն այսպիսի յաջողութիւնները պէտք է թարգմանուին մեր հայաստանեան քաղաքական կեանքին մէջ: Տարբեր կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւնը մեզի համար հսկայ փորձառութիւն մըն է, որ պէտք է օգտագործենք`  լայնցնելու մեր կարկինը եւ հորիզոնը: Այսօր, 21-րդ դարու դաշնակցական երիտասարդը չի կրնար լուռ մնալ իր միջավայրին մէջ բնապահպանութեան, ընկերային-տնտեսական անարդարութեան, նոր-ազատականութեան, կիներու դէմ բռնութեան, ցեղապաշտութեան եւ բռնատիրութեան նկատմամբ:

Այսօր Հայաստանի մէջ կարիքը կայ վերանորոգելու մեր սրբազան ուխտը, եւ հո՛ս է դաշնակցական երիտասարդին եւ ուսանողին դերը: Ըլլալ հայ ժողովուրդին վահանը, սուրը, բահը եւ գրիչը` միաժամանակ: Ճիշդ է եւ կարեւոր, որ յիշենք մեր նահատակները եւ քալենք անոնց ճամբէն, սակայն կարեւոր է նաեւ ամրացնել երիտասարդ-ժողովուրդ կապը, մօտէն հետեւիլ ժողովուրդին դժգոհութեան պատճառներուն եւ մասնաւորապէս աղքատ ու բանուոր դասակարգին եւ գիւղացիին հարցերուն: Այսօր պէտք է ըլլանք պայքարի առաջնագիծին վրայ` ընդդէմ ընտանեկան բռնութեան, բնութեան քայքայման եւ ազգային արժէքներու ոտնակոխման բոլոր սադրանքներուն: Դաշնակցական երիտասարդին պայքարը երկար է, դաժան եւ երբեմն` արիւնոտ, սակայն Սիամանթոն կը վկայէ, որ մեր նպատակը տկարութիւն չի ճանչնար:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.