Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի յոբելենական ամեակներուն նուիրուած «Սրբազան համերգ»
- (0)

Ուրբաթ, 10 յուլիս 2026-ի երեկոյեան, նախաձեռնութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Կրօնական Ժողովին եւ Ազգային Վարչութեան, հովանաւորութեամբ Տէր եւ Տիկին Ժիրայր եւ Հուրի Զաքարեաններուն, Մոնթրէալի Vanier College-ի սրահին մէջ «Սրբազան Համերգ»-ով հանդիսաւորապէս նշուեցան Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի Քահանայական Ձեռնադրութեան եւ Օծման 42-րդ, Եպիսկոպոսական Ձեռնադրութեան եւ Օծման 20-րդ, ինչպէս նաեւ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդութեան 10-րդ ամեակները։
Յոբելենական այս համերգին ներկայ էին Ռումանիոյ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ Տ. Իան Եպիսկոպոս Գասիանը, Մոնթրէալի Անկլիքան Եկեղեցւոյ Առաջնորդ Դոկտ. Վիգթըր Տաւիտ Մպույի Պիփունկուն, Վերապատուելի Մհեր Խաչիկեանը, Թեմիս հոգեւոր հայրերը, «Սրբազան Համերգ»-ի հովանաւորները, Chomedey շրջանի Երեսփոխան Սոնա Լախոյեան-Օլիվիէն, Լաւալի քաղաքապետարանի անդամ՝ Տիկին Սեդա Թօփուզեանը, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ՝ Տիար Ռաֆֆի Տօնապետեանը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Բժիշկ Ժիրայր Պասմաճեանը, Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեանը, Ազգային Վարչութեան անդամները, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Տիար Խորէն Տիմիթեանը, ազգային եւ եկեղեցական կառոյցներու ներկայացուցիչները, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Գանատայի Հայոց Թեմի շքանշանակիրները, բարերարները, ազգայիններ եւ հաւատացեալ ժողովուրդը։
Համերգը սկիզբ առաւ «Սրբազան Համերգ»-ի կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Օրիորդ Նուշիկ Էլոյեանի բացման խօսքով։
Իր խօսքին մէջ Օրիորդ Էլոյեան ըսաւ. «Այս ուրախ առիթը կը տօնենք մեր սիրոյ արտայայտութեամբ ընդ ձեզ՝ ոչ միայն խօսքով, այլ մանաւանդ հոգեւոր միասնութեամբ, մեր ազգային եկեղեցւոյ հարուստ ժառանգութեան ընդմէջէն։ Այս երեկոյեան հոգեւոր համերգը ձեզի կը նուիրեն ձեր հոգեւոր եղբայրները՝ Սուրբ Յակոբ եւ Սուրբ Գէորգ եկեղեցիներու դպրաց դասերն ու արական երգչախումբը, որոնց հետ լուռ կերպով կը միանան «Եկեղեցին Հայկականն» ամուր պահող մեր համայնքի զաւակներն ու բարեկամները։ Սրբազան Հայր, ձեզ կը մաղթենք արեւշատ օրեր եւ աննկուն կամք, որպէսզի շարունակէք ձեր նուիրեալ ծառայութիւնը եւ առաջնորդէք մեզ դէպի նոր յաղթանակներ՝ անխախտ պահելով մեր եկեղեցին, ամրապնդելով մեր կրթական օճախները եւ առաւել աշխուժացնելով հայապահպանութեան ծառայող մեր կազմակերպութիւնները»։
Բացման խօսքէն ետք, բեմ բարձրացան Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Դպրաց Դասն ու Արական Երգչախումբը, ինչպէս նաեւ Լաւալի Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ «Շողակաթ» Դպրաց Դասը, որոնք իրենց հոգեպարար երգեցողութեամբ հանդիսաւոր մթնոլորտ ստեղծեցին։
Ապա, ուղերձով հանդէս եկաւ Ազգային Վարչութեան անդամ Տիար Համբիկ Գարայեանը։
Իր ուղերձին մէջ Տիար Գարայեան շեշտեց. «Իր հովուական առաքելութեան բոլոր հանգրուաններուն Բաբգէն Արքեպիսկոպոս իր աննկուն կամքով, հեռատեսութեամբ եւ ներշնչող առաջնորդութեամբ գրաւած է բոլորին ուշադրութիւնը։ 2016 թուականին, երբ ստանձնեց Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդի պատասխանատուութիւնը, ամբողջական նուիրումով լծուեցաւ թեմի հոգեւոր, վարչական եւ համայնքային կեանքի զօրացման աշխատանքին։ Տասը տարիներու ընթացքին ան դարձաւ յոյս ներշնչող հովիւ մը, որ իմաստութեամբ եւ վճռակամութեամբ առաջնորդեց համայնքը՝ դիմագրաւելով բազմաթիւ մարտահրաւէրներ եւ նոր հորիզոններ բանալով ապագային համար։»։
Ուղերձէն ետք բեմ բարձրացան Գերապատիւ Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեանը, Արժանապատիւ Տ. Նշան Քհնյ. Մանուկեանը եւ Բարեշնորհ Գէորգ Սրկ. Գատէհճեանը, որոնք ներկայացուցին ութ շարականներ եւ հոգեւոր երգեր՝ Մայէսթրօ Արմէն Ամիրխանեանի արդիական երաժշտական մշակումով։ Հոգեւոր երգեցողութիւնը խորապէս ազդեց ներկաներուն վրայ՝ վերածելով երեկոն աղօթքի, խորհրդածութեան եւ հոգեւոր վերանորոգութեան գեղեցիկ առիթի։
Ապա, Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան Ատենապետ Տիար Սարօ Տէր Պետրոսեանը եւ Լաւալի Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան Ատենապետ Տիար Զաւէն Տէր Սահակեանը, Թեմիս եկեղեցական երկու համայնքներուն անունով, յուշանուէր մը յանձնեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ ի նշան սիրոյ, երախտագիտութեան եւ գնահատանքի՝ անոր յոբելենական ամեակներուն առիթով։
Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փոխանցեց իր սրտի խօսքը։
Իր խօսքին մէջ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան ըսաւ. «Այս պահուն սիրտս խոր յուզումով եւ երախտագիտութեան զգացումներով կը լեցուի, երբ կը նշուին իմ ծառայական կեանքի տարբեր հանգրուաններու ամեակները։ Նախ եւ առաջ փառք եւ գոհութիւն կը վերառաքեմ առ Ամենակալ եւ Ամենաբարի Աստուած, որ Իր անսահման ողորմութեամբ կանչեց ու առաքեց զիս, զօրացուց ինծի եւ արժանի դարձուց ծառայելու Իր Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ սիրեցեալ մեր ժողովուրդին։
Ամեակները պարզապէս թիւեր չեն. անոնք ծառայական կեանքի հանգրուաններ են, արժեւորման առիթներ են, միաժամանակ նաեւ կամքերը պրկելու եւ նոյն հաւատքով ու սիրով ծառայութիւնը շարունակելու կոչ՝ հաւատարիմ մնալով Աստուծոյ, շարունակելով մեր հայրերուն ուղին, պաշտպանելով մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքները եւ պահպանելով մեր ինքնութիւնը անաղարտ պահող արժէքները՝ յանուն գալիք սերունդներուն։
Այս ամեակները ինծի համար նաեւ ուխտի վերանորոգման առիթ են։ Այս պահուն դարձեալ կը նորոգեմ իմ ուխտը՝ շարունակելու ծառայել Աստուծոյ, Հայ Եկեղեցւոյ եւ մեր սիրելի ժողովուրդին՝ նոյն հաւատքով, նոյն սիրով, նոյն պատրաստակամութեամբ եւ նոյն յանձնառութեամբ»։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» մաղթերգի միահամուռ երգեցողութեամբ եզրափակուեցաւ յոբելենական այս հանդիսութիւնը։
Այս առիթով, մեր խորին երախտագիտութիւնը կը յայտնենք Կազմակերպիչ Յանձնախումբի անդամներուն եւ մեր բոլոր կամաւորներուն, որոնք անձնուէր ծառայութեամբ մեծապէս նպաստեցին յոբելենական այս հանդիսութեան փայլուն յաջողութեան։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ