Գանատայի մարդկային իրաւանց թանգարանը եւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանը ստորագրեցին փոխըմբռնման յուշագիր

(«Հորիզոն»).- Դեկտեմբեր 12-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարանի գիտաժողովներու սրահին տեղի ունեցաւ Փոխըմբռնման յուշագրի ստորագրում «Հայոց ցեղասպանության թանգարան-ինստիտուտ» հիմնադրամի և Գանատայի մարդկային իրաւանց թանգարանի միջև:

Յուշագիրը ստորագրեցին «Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտ» հիմնադրամի տնօրէն Յարութիւն Մարութեանը և Գանատայի մարդկային իրաւանց թանգարանի նախագահ Ճոն Եանկը:

Յուշագիրին մէջ կը նշուին կրթական, գիտական, թանգարանային համագործակցութեան, միջ-թանգարանային ծրագիրներու կազմակերպման եւ ցուցադրութիւններու փոխանակման կարելիութիւններուն մասին։

Յուշագրին համաձայն, կողմերը պարտաւոր են նաեւ պաշտօնական կայքէջերու վրայ տեղադրել իրենց գործունէութեան մասին տեղեկատուութիւն՝ գիտաժողովներու, գիտական ծրագրերու մասին յայտարարութիւններ, համատեղ իրականացուած միջոցառումներու մասին լուսաբանումներ:

Փոխըմբռնման յուշագիրը ուժի մէջ է ստորագրելու պահէն սկսած՝ հինգ տարի ժամկէտով:

Գանատայի Մարդկային իրաւանց թանգարանին մէջ կը ներկայացուին մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներու պատմականը, յատուկ շեշտ դնելով հրէական, հայկական, ռուանտական ցեղասպանութեանց, ուքրանական սովասպանութեան եւ Սրեպրինիքայի ջարդին վրայ: Թանգարանը կը գտնուի Մանիթոպա նահանգի Ուինիփէկ քաղաքին մէջ: 2007-ին, վարչապետ Հարփըր թանգարանը հռչակեց ազգային թանգարաններուն շարքին գործող թանգարան:

Նշենք, որ Գանատայի Մարդկային իրաւանց թանգարանին մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան բաժանմունքի կառուցման գծով, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի հրաւէրով 2012-ին Մոնթրէալի եւ Թորոնթոյի հայ կեդրոնները այցելեցին Գանատայի Մարդկային իրաւանց թանգարանի հանրային յարաբերութեանց պատասխանատու Անժելա Քասի եւ արխիւներու հետազօտութեանց բաժանմունքի վարիչ տոքթ. Քլինթ Քըրլ: Պաշտօնական այս հանդիպումներուն նպատակն էր գանատահայութեան համայնքային ղեկավար մարմիններու ներկայացուցիչներուն ծանօթացնել Մարդկային իրաւանց թանգարանին մասին:

Գանատայի Մարդկային իրաւանց թանգարանը կը գործակցի Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբին եւ Զօրեան Հիմնարկին հետ։

Յուշագրի ստորագրումէն ետք և Գանատայի մարդկային իրաւանց թանգարանի նախագահ Ճոն Եանկ այցելեց Հայոց ցեղասպանության յուշահամալիր եւ յարգեց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը: Ան նաեւ այցելեց Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան, ուր ծանօթացաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը հաւաստող վավերագրերուն ու փաստաթուղթերուն։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.