Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը ներկայ գտնուեցաւ «Խոստումը» ժապաւէնի նախացուցադրութեան

Ապրիլ 13-ին, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը նեկայացնող պատուիրակութիւն մը Մոնթրէալի մէջ ներկայ գտնուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթը արծարծող «Խոստումը» ժապաւէնի նախացուցադրութեան, Գանատայի մէջ վերոնշեալ ժապաւէնի ցրուիչ Films Seville ընկերութեան յատուկ հրաւէրով։

Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբը կոչ կ՚ուղղէ գանատահայութեան, որ կուռ շարքերով ներկայ գտնուին բարձրորակ ֆիլմարուեստով պատրաստուած ժապաւէնի ցուցադրութիւններուն, յատկապէս նկատի ունենալով, որ թրքական պետութիւնը իր ուրացման քաղաքականութիւնն ու հակահայ քարոզչութիւնը արդէն շղթայազերծած է ժապաւէնին դէմ։

Նշենք, որ յանձնախումբը ներկացնող այլ պատուիրակութիւն մը Ապրիլ 12-ին Թորոնկոյի մէջ նոյնպէս ներկայ գտնուեցաւ ժապաւէնի նախացուցադրութեան։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.