Գանատայի Ժառանգութեան նախարարութիւնը կը հովանաւորէ «Հորիզոն»ի ուսանողական վարժողական ծրագիրը

«Հորիզոն»ի խմբագրութեան ուղուած Ապրիլ 10 թուակիր նամակով մը, Գանատայի ժառանգութեան նախարար Մելանի Ժոլի կը յայտնէ, թէ նախարարութիւնը գնահատելով «Հորիզոն» շաբաթաթերթի համագանատական բնոյթի տեղեկատուական եւ լրագրական տասնամեակներու աւանդը, վերստին կը հովանաւորէ ամառնային ուսանողական վարժողական ծրագիրը (Internship program)։

Նշենք, որ 2016-ին նախարարութեան կողմէ հովանաւորուած «Հորիզոն»ի վարժողական ծրագրի գործակատարն էր Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի շրջանաւարտ Արին Տիմիթեան, որ 6 շաբաթներու վրայ երկարող ծրագրի ընթացքին աշխատեցաւ «Հորիզոն»ի խմբագրական եւ վարչական բաժանմունքներուն մէջ եւ կարեւոր ներդրում ունեցաւ արխիւագրելու «Հորիզոն»ի անցեալի թիւերը։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.