Բարեկամութեան Հռչակագիր` Ֆրանսական Ալֆորվիլի եւ Արցախի Բերձորի Միջեւ
«Ֆրանսական Ալֆորվիլ քաղաքը չ՛ենթարկուիր ճնշումներու: Նոյեմբեր 19-ին հայկական մեծ համայնք ունեցող բնակավայրը բարեկամութեան հռչակագիր պիտի ստորագրէ Բերձորի հետ` ամրապնդելով իր երկարատեւ բարեկամութիւնը Արցախի Հանրապետութեան հետ»,- կը տեղեկացնէ Le Parisien պարբերականը:
Քաղաքապետ Կերչինովեց յայտարարած է, որ, ցաւօք, արտաքին գործոց նախարարութիւնը թոյլտւութիւն չէ տուած Արցախի որոշ ներկայացուցիչներու մուտք գործել երկիր` մասնակցելու համար այդ արարողութեան:
«Ես խոր ցաւ կ՛ապրիմ, որ պետական մարմինները այս փուլին կը խոչընդոտեն բարեկամութիւնը երկու ժողովուրդներու միջեւ», նշած է քաղաքապետը:
Այնուամենայնիւ, Ալֆորվիլի մէջ կը պատրաստուին ստորագրել հռչակագիրը, որուն տեսակապի միջոցով ներկայ պիտի ըլլան նաեւ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան:
Մօտ ապագային կը նախատեսուի Ալֆորվիլի պատուիրակութեան այցը Բերձոր: