«Արցախի բարեկամներու համաժողով»ին մասնակցած Քեպէգի Խորհրդարանի անդամ Կի Ուելէթ այցելեց «Հորիզոն»ի խմբագրատուն

Նոյեմբեր 22-ին, Քեպէգի Խորհրդարանի անդամ Կի Ուելէթ հիւրընկալուեցաւ «Հորիզոն»ի խմբագրութեան կողմէ եւ հարցազրոյց ունեցաւ «Հորիզոն»ի ֆրանսերէն բաժնի աշխատակից Աստղիկ Աբրահամեանի հետ։ Հոկտեմբեր 11-ին Ստեփանակերտի մէջ կայացած ՀՅԴ-ի եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած «Համագործակցութիւն յանուն արդարութեան եւ խաղաղութեան» խորագիրը կրող Արցախի բարեկամներու քառօրեայ համաժողովի մասնակիցներէն էր Կի Ուելէթ։ Խորհդաժողովին կը մասնակցէին 30 երկիրներէ 150 հասարակական, քաղաքական գործիչներ եւ մտաւորականներ: Ժողովին մասնակած էր նաեւ Գանատայի Օնթարիօ նահանգի խորհրդարանի անդամ Արիս Պապիկեանը, որուն հետ հարցազրոյց կատարեց «Հորիզոն»ի աւագ աշխատակից Սարին Փոլատեանը։ Պրն. Ուելէթի Հարցազրոյցը նկարահանեց «Հորիզոն»ի տեսանիւթերու բաժանմունքի վարիչ Նարէ Նոխուտեանը։

Հարցազրոյցի աւարտին «Հորիզոն»ի վարիչ-խմբագիր Վահագն Գարագաշեան եւ վարչական պատասխանատու Սիլվա Էհրամճեան պրն. Ուելէթին ծանօթացուցին «Հորիզոն»ի 40-ամեայ պատմութեան եւ յատկապէս Գանատայի դաշնակցային, նահանգային եւ քաղաքապետական մակարդակներու վրայ «Հորիզոն»ի ծաւալած լրագրական գործունէութեան։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.