Արցախը եւ ազատագրուած հայրենի տարածքները

1993-ի Մարտէն մինչեւ Օգոստոս երկարող ժամանակահատուածին, ատրպէյճանական ստուար ուժերու դէմ հակայարձակման դիմելով, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան (ԼՂՀ) պաշտպանութեան բանակը, նահանջի մատնելով թշնամին՝ ազատագրեց պատմական Հայաստանի հողատարածքներէն՝ Կովսականը (Զանգելան), Սանասարը (Ղուպաթլի), Վարանդան (Ֆիզուլի) Մեխակաւանը (ճէպրայիլ) եւ Քարվաճառը (Քելբաջար):

Նոյն թուականի Նոյեմբեր 1-ի դրութեամբ, հայկական ուժերը կը վերահսկէին Հորատիզ կայարանէն մինչեւ Հայաստանի սահման երկարող մերձարաքսեան տարածքը: Ռազմական գործողութիւններու  աւարտը հաստատող համաձայնագիրը կնքուեցաւ 1994-ի Մայիս 12-ին, որմէ ետք ԼՂՀ տարածքը կրկնապատկուելով‘ դարձաւ 12 000 քառ. քլմ., ռազմական ճակատային գիծը աւելի քան 100 քիլոմեթրով տեղափոխուեցաւ արեւելք, իսկ Շուշին, Քաշաթաղը, Ստեփանակերտը,  Կապանը, որիսը եւ Մեղրին, ռմբակոծման ենթարկուելու ամենօրեայ վտանգէն զերծ դարձան:

Այսօր, 20 տարի ետք, երբ հայ-ատրպէյճանական առճակատումը ռազմադաշտէն տեղափոխուած է դիւանագիտական հարթասեղան, նոյն այդ տարածքները յաճախ քաղաքական հաշուարկներու դարանակալ ճիրաններուն պատանդ կը դառնան: Սակայն յստակ է, որ անձնուէր ազատամարտիկներու արեամբ վերանուաճուած հայրենի հողը՝ սակարկութեան խաղաքարտ չէ: Յստակ է նաեւ, որ այդ տարածքները Հայաստանի Հանրապետութեան համար ռազմաքաղաքական անվտանգութեան ու տնտեսական զարգացման ապահովման անփոխարինելի երաշխիքներ են:

Արաքս գետը երիզող ազատագրուած այդ տարածքները, պատմականօրէն հանդիսացած են Նախիջեւան-Սիւնիք-Արցախ առանցքի արեւելեան սահմանահատուածը եւ Թուրքիա- Ատրպէյճան անմիջական կամրջումին դէմ ազդու պատուարը:

Ի՞նչ կրնայ պատահիլ եթէ Արաքսի հովիտի այդ հատուածէն զրկուինք.

– Մեղրիի շրջանը, որ արդէն իսկ լեռնային բնութեան պատճառով մեկուսացած է Հայաստանէն, կը յայտնուի լիակատար պաշարման մէջ։

– Արաքսի ափամերձ հովիտի այս հատուածը կորսնցնելով, կը զրկուինք ռազմագիտական կարեւորութիւն ունեցող հաղորդակցութեան ճանապարհներու եւ ջրային պաշարներու վրայ վերահսելու կարողութենէն, միեւնոյն ժամանակ, տասնամեակներ ետք, թրքական ժողովրդագրական տարածման յորձանքը՝ կը կլանէ ամբողջ տարածքը եւ կը մեկուսացնէ մեր պետութիւնը։

– Կը զրկուինք Արաքսի այն հատուածէն, որ իր մէջ կÿընդգրկէ հսկայական գիւղատնտեսական ներուժ։

– ործնականօրէն իրականութիւն կը դառնայ Անգարա-Պաքու-Միջին Ասիա թրքական տարածքային եւ ժողովրդագրական շարունակականութեան ամբողջացումը, որուն տնտեսական, ռազմական եւ ժողովրդագրական հոսանքին եւ ճնշումին տակ կը կքի մեր պետականութիւնը եւ տասնամեակներ ետք փուլ կու գայ համաթրքական այդ պատուարին դէմ մեր դիմադրականութեան պատնէշը։

Ներկայ իրականութեամբ, ակնյայտ է, որ հայութեան ազգային անվտանգութեան համար այնքան կենսական այդ տարածքները, անկարելի է սակարկութեանց սեղանին վրայ զետեղել: Աւելի՛ն, այսօրուան հրամայականն է, այդ  հողերը նոր բնակիչներով համալրել, ազատագրուած շրջաններու ենթակառոյցները վերականգնել եւ վերաբնակեցման գործընթացը այնտեղ կանոնակարգել:

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՀՈՐԻԶՈՆ-Ի

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.