Արցախը առանձին չէ, փաստ՝ ՀՅԴ Ֆրանսայի Նոր Սերունդի մեր տղաքը

Խստաշունչ ցուրտին, թշնամին խափանարարական արարքով մը կազատար խողովակը չէզոքացնելով Արցախը կենսական կազէ զրկելու իր քայլով անգամ մը եւս ապացուցեց այն բոլոր հաւկուրներուն, որ թուրք կոչեցեալ տմարդի երկոտանիին հետ հայ ժողովուրդին յարաբերութիւնը, առանց նախապայմանի, կը մնայ անկարելի ու մերժելի:

Արցախի մեր հայրենակիցները, սակայն, հակառակ անասելի դժուարութեանց եւ հակառակ արտաքին թէ ներքին նենգ ու ստոր դաւադրութիւններու, հերոսաբար կը մնան ամուր կառչած հայրենի հողին:

Պատուարժան արցախցին իր կողքին ունի նաեւ գլխագիր Ազգը, ազգային մտածողութեամբ գոյատեւող ու պայքարող ազգը, աշխարհով մէկ: Արցախը առանձին չէ: Փաստ՝ ՀՅԴ Ֆրանսայի Նոր Սերունդի մեր աննման տղաքը, որոնք նախաձեռնեցին մեր հայրենակիցներուն կենսական կազ ապահովելու գործին եւ ՀԵՄ-ի իրենց ընկերներուն հետ միասին յաջողեցա՛ն, իրականացուցի՛ն գործը, բոլորին յուշելով, որ կարենալը նախ կամենալ է:

Ապրի՛ք, տղաք: Դուք հաստատեցիք, որ դաշնակցական երիտասարդութիւնը տէրն է ազգին ու հայրենիքին ծառայութեան իր երդումին, ոչ միայն բանիւ, այլեւ գործով:

Հրաչ Վարժապետեան
ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.