«Արցախեան Առաջին Պատերազմին Մասնակիցները Պիտի Ներգրաւենք Պայքարին Մէջ», յայտարարեց նախագահ Յարութիւնեան

12 Հոկտեմբերին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան յայտարարեց, որ աշխուժ հանդիպումներ կ՛ունենայ աշխարհազօրին հետ, եւ արցախեան առաջին պատերազմի մասնակիցները կը ներգրաւուին պայքարին մէջ:

«Իրավիճակը կը շարունակէ օրհասական մնալ: Աշխուժ հանդիպումներ կ՛ունենամ աշխարհազօրին հետ: Բոլորս մէկ մարդու պէս պէտք է ոտքի կանգնինք: Զոհասեղանին վրայ հայրենիքի փրկութեան հարցն է: Արցախեան առաջին պատերազմի մասնակիցները պիտի ներգրաւենք պայքարին մէջ: Երախտապարտ եմ մեր ժողովուրդին ցուցաբերած պատրաստակամութեան եւ համախմբուած կերպով հող հայրենին պաշտպանելու համար», նշեց Յարութիւնեան:

Օր մը առաջ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան յայտարարեց, որ եթէ յառաջիկայ 1-2 օրերու ընթացքին չզգանք Ազրպէյճանի պատրաստակամութիւնը խաղաղ ճամբով հարցի լուծման, պիտի դիմենք նաեւ Հայաստանի իշխանութիւններուն, միջազգային կառոյցներուն եւ աշխարհի բոլոր երկիրներուն`  ճանչնալու Արցախի անկախութիւնը:

Եթէ Ազրպէյճանը շարունակէ խախտել մարդասիրական զինադադարի դրութիւնը եւ դիմէ նախայարձակ գործողութիւններու, պաշտպանութեան բանակին պատասխանը պիտի ըլլայ անհամաչափ բիրտ: Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Արցախի պաշտպանութեան բանակը:

Հատրութ քաղաքը կը գտնուի Արցախի պաշտպանութեան բանակի լիարժէք վերահսկողութեան տակ: 12 հոկտեմբերին հրաւիրած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան:

Խօսելով Հատրութի մէջ տիրող իրավիճակին մասին` պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչը վստահեցուց, որ Հատրութը հայկական զինուած ուժերու վերահսկողութեան տակ է, իսկ օր մը առաջ այնտեղ ներթափանցած հետախուզական խումբի գործողութիւնները կասեցուած են:

Արծրուն Յովհաննիսեան նշեց, որ երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն Ազրպէյճանի զինուած ուժերը վերսկսած են ռազմական գործողութիւնները:

Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչը աւելցուց, որ Ազրպէյճանի յարձակումները վերսկսած են երեք-չորս ուղղութիւններով, Մարտակերտի ուղղութեամբ կիրարկուած են ծանր հրետանային միջոցներ, մարտական հարուածային անօդաչու թռչող սարքեր, Թուրքիոյ օդուժին աջակցութեամբ թշնամին կատարած է նաեւ 36 մարտական թռիչք,  որոնց ընթացքին հիւսիսային ուղղութեամբ պաշտպանութեան բանակը յաջողած է խոցել 1 «ՍՈւ-25» կործանիչ:

Խօսելով Ազրպէյճանի ընկերային ցանցերուն մէջ տարածուող այն տեսանիւթերուն մասին, ըստ որոնց` թշնամիի զինուած ուժերը Թալիշ մտած են, ան հաստատեց, որ Թալիշը ազրպէյճանական վերահսկողութեան տակ չէ, այլ թշնամի զօրքերը գիւղի մատոյցներուն մէջ են:

Յովհաննիսեան տեղեկացուց, որ անցնող 1,5 օրուան ընթացքին պաշտպանութեան բանակը խոցած է հակառակորդի 3 անօդաչու սարք, 1 պատերազմական օդանաւ Քարվաճառի ուղղութեամբ եւ 200 զինուոր: Ան շեշտեց, որ դիակներու եւ գերիներու փոխանակում չի կատարուիր, քանի որ Ազրպէյճան չ՛ուզեր յարգել Մոսկուայի մէջ ձեռք բերուած զինադադարի համաձայնութիւնը, եւ միջազգային կառոյցներու ներկայացուցիչները շարունակուող կրակի պայմաններուն մէջ չեն կրնար սկսիլ փոխանակման որեւէ հոլովոյթի:

Ան նշեց, որ Քարվաճառի ուղղութեամբ ալ կան մարտական գործողութիւններ:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչը յայտնեց, որ 12 հոկտեմբերին սաստիկ մարտեր տեղի ունեցած են, ուստի դիրքերու, բնագիծերու մասին խօսիլը, մանաւանդ բնակավայրեր նշելը անտեղի է այս փուլին, մանաւանդ որ հայկական կողմը մարտեր կը մղէ զինք գերազանցող ուժերուն դէմ:

Արցախի նախագահի մամլոյ բանբեր Վահրամ Պօղոսեան դիտել տուաւ, որ կը դժուարանայ որեւէ ակնկալութիւն ունենալ Ազրպէյճանի հետ զինադադարի համաձայնութեան գծով, որովհետեւ  իրականութիւնը ցոյց տուաւ, որ Ազրպէյճան այդ զինադադարը պահելու ոչ մէկ ցանկութիւն ունի եւ, հակառակ ճշդուած ժամկէտին, կը շարունակէ յարձակումները, ռմբակոծումները:

Ան աւելցուց, որ միշտ ալ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի խաղաղ լուծման կողմ արտայայտուած են թէ՛ պաշտօնական Ստեփանակերտը, թէ՛ պաշտօնական Երեւանը: «Սակայն մենք ունինք թշնամի մը, որ բաւական անկանխատեսելի է իր վարքագիծով, այդ պատճառով այսօր շատ դժուար է որեւէ ակնկալիք, սպասում եւ ընդհանրապէս այս առումով որեւէ կարծիք արտայայտել», յայտնեց ան:

Ըստ Պօղոսեանի, Թուրքիան Ազրպէյճանի միջոցով կը փորձէ շրջանը վերածել ահաբեկչական նոր օճախի:

«Մենք բոլորս կողմ ենք, որ Ազրպէյճան իսկապէս միջազգային հանրութեան կողմէ ստանայ արժանի պատիժ, որովհետեւ այսօր արդէն ո՛չ միայն Հայաստանը, ո՛չ միայն Արցախը, այլ նաեւ միջազգային հանրութիւնը, տարբեր ուժային կեդրոններ, Ռուսիան, Ֆրանսան եւ շատ այլ միջազգային կազմակերպութիւններ յայտարարած են, որ այս պատերազմին ներգրաւուած են ահաբեկիչներ, եւ Թուրքիան Ազրպէյճանի միջոցով կը փորձէ շրջանը վերածել ահաբեկչական նոր օճախի», նշեց ան: Վահրամ Պօղոսեան աւելցուց, որ այս առումով բազմաթիւ փաստեր կան, ուստի միջազգային հանրութիւնը պարտաւոր է շատ գործնական քայլերու դիմել:

«Արցախի անկախութեան ճանաչման հարցը միանշանակ կը գտնուի երկրի արտաքին քաղաքական օրակարգին վրայ, սակայն Արցախի իշխանութիւններու խնդիրը ո՛չ միայն Հայաստանի կողմէ Արցախի անկախութեան ճանաչումն է, այլ նաեւ աշխարհի շատ այլ երկիրներու», շեշտեց Պօղոսեան` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Արցախի նախագահը Հայաստանի իշխանութիւններուն պիտի դիմէ՞` Արցախի անկախութեան ճանաչման հարցով:

Պօղոսեանի համաձայն, եթէ գործընթացները այնպէս զարգանան, որ Արցախի նախագահը դիմէ աշխարհի պետութիւններուն` Արցախի անկախութեան ճանաչման հարցով, այն ժամանակ կը տեսնեն, թէ ո՛ր պետութիւնները պատրաստ պիտի ըլլան ճանչնալու Արցախի անկախութիւնը:

Արցախի արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան փրկարար ուժերու վարչութեան սակրաւորական խումբերը կը շարունակեն չպայթած ռումբերու եւ ականներու որոնման, միաժամանակ անոնց վնասազերծման աշխատանքները: Այս մասին յայտնեցին Արցախի արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութենէն` դիտել տալով, որ միայն Ստեփանակերտի մէջ արդէն յայտնաբերուած են թրքական եւ իսրայէլական արտադրութեան հրթիռային, հարուածային եւ այլ տեսակի շուրջ 673 ռումբեր:

Ծառայութեան տնօրէն գնդապետ Կարէն Սարգսեանի յանձնարարականով` չպայթած զէնք-զինամթերքը սակրաւորները տեղափոխած են մայրաքաղաքէն դուրս` անվտանգ վայր եւ ոչնչացուցած:

Միւս կողմէ, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորել երէկ տեղի ունեցած Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումէն ետք անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ տիրող իրավիճակին` ընդգծելով ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու անհրաժեշտութիւնը:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 12 հոկտեմբերին հանդիպում ունեցաւ օտարերկրեայ պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու` Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներուն հետ:

Հայաստանի վարչապետը մանրամասնութիւններ ներկայացուց Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ սանձազերծուած պատերազմին եւ անոր մէջ Թուրքիոյ ներգրաւուածութեան վերաբերեալ:

Վարչապետ Փաշինեան դիտել տուաւ, որ Ազրպէյճան ի՛նքն է, որ սկսած է յարձակումի` անտեսելով այն սկզբունքը, որ ուժի կամ ուժի սպառնալիքի կիրարկումը անընդունելի է Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման մէջ: Ըստ վարչապետին, Ազրպէյճան պատերազմի չէր սկսեր, եթէ անոր մէջ ամբողջութեամբ ներգրաւուածութեան պատրաստակամութիւն չցուցաբերեր եւ, ի վերջոյ, ամբողջութեամբ չներգրաւուեր Թուրքիան:

Վարչապետ Փաշինեան յայտնեց, որ ռազմական գործողութիւնները եւ անոնց բնոյթը անգամ մը եւս ցոյց տուին, որ հայ ժողովուրդը, հայերը, Լեռնային Ղարաբաղի հայերը կը գտնուին գոյութենական վտանգի ներքեւ:

Ըստ վարչապետ Փաշինեանի, ճգնաժամը կանխարգիլելու արդիւնաւէտ միջոցներ կրնան ըլլալ միջազգային հանրութեան կողմէ վերը շարադրուած փաստերու պաշտօնական արձանագրումը եւ կամ, ի վերջոյ, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչումը, ընդհուպ` անկախութեան ճանաչումը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.